Այս տարեշրջանը Լամին Եամալի տարեշրջանն էր, որովհետեւ անոր կոլին շնորհիւ Պարսելոնա դարձաւ «Լա լիկա»-ի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 28-րդ անգամ ըլլալով: Սակայն Ռէալ Մատրիտ աւելի շահած է «Լա լիկա»-ն (36 անգամ):
17 տարեկան սպանացի աստղին կոլին շնորհիւ Պարսելոնա յաղթեց Քաթալոնիոյ տերպիին` Էսփանիոլի դէմ (2-0), 2 մրցակիցներ խաբելէ ետք գնդակը զետեղելով Էսփանիոլի բերդին վերի անկիւնը:
Այս յաղթանակը ամբողջացուց Եամալի վերջին 10 ամիսներու իրագործումները` սկսելով Սպանիոյ հետ Եուրոյի իր ախոյեանի ձեռնադրութենէն, շարունակելով Պարսելոնայի հետ իր նուաճումները թէ՛ կոլերով, թէ՛ ալ խաղաձեւով օգելով իր խմբակիցներուն, որոնք փայլուն ապագայ կը խոստանան Ռաֆինիայի Փետրիի նման մարզիկներու հետ:
Անցեալ տարիներուն Չաւի Հեռնանտեսի հետ ոչ շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելէ ետք, այս տարի գերմանացի Հանզի Ֆլիքի հետ Պարսելոնա բոլորովին տարբեր խումբ դարձած էր, ուր 16-17 տարեկան տղոց հետ Պարսելոնա Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլը կը ցուցադրէր ամբողջ եղանակին, եւ հակառակ «Չեմփիընզ լիկ»-էն դուրս մնալուն, 3 տիտղոս շահեցաւ` «Լա լիկա»-ն, Սպանիոյ գերբաժակը եւ «Քոփա Տել Ռէյ»-ը, 4 անգամ յաղթելով իր ոխերիմ թշնամի Ռէալ Մատրիտին: