Չորեքշաբթի գիշեր Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը` Հռոմի մէջ, ուր 68 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Պոլոնիա 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ա. Սէ. Միլանին, շահեցաւ տիտղոսը:
Իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով Պոլոնիա կրցաւ դառնալ բաժակակիր (1974-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով), մինչ Միլան 2003-էն ի վեր ձախողած է շահիլ այս տիտղոսը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց զուիցերիացի Տան Էնտոյէն: Առաջին կիսախաղին Ա. Սէ. Միլան աւելի վտանգաւոր առիթներ ստեղծեց, մինչ Փորթուգալցի մարզիչ Սերժիօ Քոնսեսաօ յուսախաբ եղաւ իր կազմի ելոյթէն` անորոշ ապագայի մասին մտածելով:
Ա. Սէ. Միլան, որ «Սերի Ա.»-ի դասաւորման 8-րդ դիրքը կը գրաւէ, համեմատաբար աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգէ, բայց աւարտէն 2 մրցումներ առաջ դժուար թէ ան հասնի եւրոպական բաժակներու մասնակցելու ատակ դիրքի: