14 մայիսին 78 տարեկանին մահացած է ֆրանսական «Անթեն 2» եւ «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայաններու լուրերու նախկին հաղորդավար եւ Ֆրանսայի մարմնակրթական ծառայութեան նախկին ղեկավար Տանիէլ Պիլալեան:
Ան մահացած է իր տան մէջ, որ կը գտնուի Նուիլլը-սիւր-Սենի մէջ, ուր քաղաքապետական խորհուրդի անդամ էր: