ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ`
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ
ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՆՎՃԱՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՖՐԵԶՆՈՅԻ
ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Յառաջիկայ օրերուն, 20 մայիս 2025-էն սկսեալ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի, յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով բժշկական անվճար ծառայութիւն պիտի մատուցեն լիբանանահայ գաղութին: Տարբեր մասնագիտութեանց բժիշկներ, ինչպէս` ներքին հիւանդութիւններ, մանկաբուժ, ատամնաբուժ, վիրաբուժ, միզային անցքերու, մարձումի մասնագէտ, ըստ իրենց մասնագիտութեանց «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ պիտի ընդունին քրոնիկ հիւանդութիւններէ տառապող, մանր վիրահատութիւններու կարիքը ունեցող, ոսկրայօդային ցաւերէ տառապող, ատամներու հարցեր դիմագրաւող հիւանդներ ու յատուկ պարագայ ներկայացնող երեխաներ եւ հոգատարութիւն ցուցաբերեն անոնց:
Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան այս նախաձեռնութիւնը անցնող երեք տարիներուն իր իւրայատուկ դերը ունեցաւ գաղութիս կեանքին մէջ: Անկասկած, այս տարի եւս այդ դերակատարութիւնը պիտի շեշտուի եւ իր մտայղացումով ու գործնականացումով եզակի բնոյթ պիտի ստանայ:
Լիբանանը հարուածող ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական ահաւոր տագնապին ընթացքին գաղութիս հայորդիներուն ընձեռուած այս աննման նախաձեռնութիւնն ու եզակի երեւոյթը պիտի գօտեպնդէ մեզ բոլորս եւ հաստատէ, որ լիբանանահայ գաղութը առանձին ու անպաշտպան չէ, այլ` ան սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկն է:
Արդարեւ, Ֆրեզնոյի հայ բժիշկներուն այս մարդասիրական ու բարեսիրական առաքելութիւնը լիբանանեան տագնապի մեր օրերուն յոյսի եւ ապահովութեան լաստ պիտի հանդիսանայ գաղութիս հայորդիներուն համար:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ՄԵՐ ՏՈՒՆԸ»
Հեղինակ` ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ
Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս, 2025
***
«Լիբանանահայ թատրոնը»
(1920-2020)
Հեղինակ` ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ
Խմբագիր` ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
Հրատարակութիւն` «ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ» մատենաշար
Տպագրութիւն` տպարան Զաւէն եւ որդիք
Պէյրութ, 2025
————————————–
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Հանգուցեալ ԼԵՒՈՆ ԱՐԹԻՆ ՄԻՍԻՐԵԱՆի ընտանիքը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, աղօթքներով, վկայութիւններով, ե-նամակով, հեռաձայնով, առցանց միջոցներով մասնակից եղան իր հարազատին մահուան սուգին: Ընտանիքի անդամները խորապէս զգացուած են եւ իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն բոլոր բարեկամներուն եւ հարազատներուն` իրենց ցաւակցութիւններուն համար` խնդրելով ընդունիլ իրենց սրտագին գնահատանքը:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Կանացի հագուստի հաստատութիւն մը կարիքը ունի երիտասարդ վաճառողի մը` իր ցուցադրասրահին մէջ: Դիմել` հեռ. 03-412442: