Երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ ժողովը, որուն մասնակցեցան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ Պըն Սալման իշխանը եւ առցանց կերպով` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:
Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ ժողովի ընթացքին Թրամփ Շարհին ըսած է, թէ «իր առջեւ մեծ առիթ գոյութիւն ունի Սուրիոյ մէջ նոր պատմութիւն կերտելու», ինչպէս նաեւ անոր կոչ ուղղած է միանալու Իսրայէլի հետ Աբրահամեան համաձայնութիւններուն եւ Սուրիայէն հեռացնելու «պաղեստինցի ահաբեկիչները»:
Թրամփ Շարհին կոչ ուղղած է ՏԱՀԵՇ-ի վերադարձը արգիլելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցելու:
Սուրիոյ նախագահը իր կարգին ըսած է, որ «Սուրիայէն իրանցիներու հեռանալով առիթ ստեղծուած է», ինչպէս նաեւ Թրամփին յայտնած է, որ «ամերիկեան ընկերութիւնները կը հրաւիրէ Սուրիոյ մէջ քարիւղի եւ կազի մարզերուն մէջ ներդրում կատարելու»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սամ Ուորպըրկ Ռիատի մէջ «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ահմետ Շարհի հետ հանդիպումը նման էր «պատմական պահու»:
Ան անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է երաշխաւորել, որ որեւէ խմբաւորում չշահագործէ ապահովական բացը` դրացի երկիրներուն վրայ յարձակումներ շղթայազերծելու համար:
Ուորպըրկ ըսաւ, որ սուրիական կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ սուրիացի ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծեց, որ սուրիացի պաշտօնատարներուն հետ երկխօսութեան «դուռը բաց է»: