– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Քահքահիեթ Ժըսր-Ուատի Հուժէյր ճամբուն վրայ երկու հրթիռներով հարուածեց ինքնաշարժ մը:
Իսրայէլացի ապահովական պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Հըզպալլայի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը թիրախաւորեցինք»: Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ արձանագրուած է զոհ մը:
– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Մորկըն Օրթէյկըս պիտի չաճապարէ Պէյրութ այցելելու, ինչ որ նախատեսուած էր մայիսի առաջին կիսուն, որովհետեւ ամերիկացիներուն կարծիքով` Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումէն ի վեր լիբանանեան թղթածրարին մէջ որեւէ զարգացում չէ արձանագրուած»:
– ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ երեսփոխանական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Մայրաքաղաքի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները քննութեան պիտի ենթարկեն Պէյրութի մէջ սիւննի շրջանակի տրամադրութիւնը, թէ քուէարկութեան պիտի մասնակցի՞, թէ՞ մասնակցութեան խանդավառութիւն պիտի չունենայ»:
– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան կողմը սէուտցիներուն հետ լիբանանեան նոր կառավարութեան տնտեսական աջակցութեան կարելիութիւններուն կողքին քննարկեց լիբանանեան բանակին աջակցելու եւ զայն իր վերահսկողութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ հաստատելու կարող դարձնելու հարցը»:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթին տեղեկութեան համաձայն, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն 21 մայիսին արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի ընկերակցութեամբ պիտի մեկնի Եգիպտոս` հանդիպում ունենալու համար Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:
– ԸՍՏ «Լիուա» օրաթերթի տեղեկութեան, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ուրբաթ օր արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի ընկերակցութեամբ պիտի մեկնի Պաղտատ` գլխաւորելու համար 17 մայիսին նախատեսուած արաբական վեհաժողովին մասնակից լիբանանեան պատուիրակութիւնը:
– ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատը հաղորդեց, որ դոկտ. Նաժի Քզէյլին նշանակուած է հանրապետութեան նախագահի Վատիկանի հարցերու խորհրդատու:
– ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ գումարեց ապահովական եւ վարչական ժողով մը` մասնակցութեամբ ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարի, որ նախագահին ներկայացուց քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի` Հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի նահանգներուն մէջ կայացած ընտրութիւններուն ընթացքը: