– ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի հետ զննողական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ծանօթացաւ թռիչքներու անվտանգութեան ապահովման եւ բոլոր ճամբորդներու հանգիստը ապահովելու համար որդեգրուած քայլերուն:
– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց «Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալմանի արաբական շրջանի կայունութիւնը ամրապնդելու համար թափած ջանքերը»: