9 մայիսին Քրեմլինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու ժամանակ Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվա իր թեկնածութիւնը առաջարկած է իբրեւ Ուքրանիոյ հետ հաւանական բանակցութիւններուն մէջ միջնորդ:
Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Պրազիլ» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով հանրապետութեան ղեկավարի միջազգային հարցերով յատուկ օգնական Սելսօ Ամորիմը:
Կը նշուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին Լուլա Տա Սիլվա քննարկած է Փեքինի եւ Պրազիլի միացեալ ջանքերով նախապէս պատրաստուած առաջարկները, ինչպէս նաեւ «առաջարկած է իր օգնութիւնը` իբրեւ միջնորդ»:
Ամորիմ նաեւ աւելցուցած է, որ Պրազիլի ղեկավարութեան դիրքորոշումը մօտ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի դիրքորոշման` նպաստելու բանակցային հոլովոյթի կարելի եղածին չափ շուտ մեկնարկին: