Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի սկսին նախապատրաստել, եթէ Մոսկուան մինչեւ օրուան վերջը զինադադարի չհամաձայնի: Երէկ այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Սթեֆան Քոռնելիուս:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ պատրաստ է 15 մայիսին անձամբ հանդիպիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, սակայն Մոսկուան մինչ այդ պէտք է երկարաժամկէտ զինադադարին համաձայնի:
«Վաղուընէ պիտի սպասենք զինադադարի. սեղանին վրայ դրուած առաջարկը այս է: Լիակատար եւ անվերապահ զինադադար` երկարաժամկէտ, ապահովելու դիւանագիտութեան համար անհրաժեշտ հիմքը, որ կրնայ խաղաղութիւնը աւելի մօտեցնել: Ուքրանիան, գործընկերները ասիկա շատոնց կ՛առաջարկեն: Ամբողջ աշխարհը կը խօսի այդ մասին: Կը սպասեն Ռուսիայէն յստակ պատասխանի», կիրակի երեկոյեան յայտարարած էր Զելենսքի:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս երէկ Լոնտոնի մէջ եւրոպացի նախարարներու «Վայմար+» ձեւաչափով հանդիպումէն առաջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կոչ ուղղեց զինադադարի շուրջ համաձայնութեան գալու:
Ան յայտարարեց, որ առանց կրակոցի դադրեցման խաղաղութեան վերաբերեալ բանակցութիւններ չեն կրնար ըլլալ, եւ Մոսկուան մեղադրեց քաղաքական «խաղեր» խաղալու համար:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է. «Վերջնագիրներու լեզուն Մոսկուայի համար անընդունելի է»: