Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին, գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հեծելարշաւի յանձնախումբին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ` Հրայր Սատոյեանի, կիրակի, 11 մայիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած աւանդութիւն դարձած հեծելարշաւի մրցումը աւելի քան 55 մասնակիցներով:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Կալի Թագւորեան, որ շեշտեց, թէ այսօրուան ձեռնարկը Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին ուղղուած խոր յարգանքի ու գնահատանքի արտայայտութիւն է: Զաքարեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դաստիարակութեամբ մեծցած, մասնակցած է Շուշիի ազատագրական պայքարին եւ իր կեանքը զոհաբերած է Արցախի ազատութեան համար: Թագւորեան աւելցուց, որ Զաքարեան նուիրումով օրինակ դարձած է սերունդներուն` հաստատելով, որ հայ երիտասարդութիւնը միշտ պատրաստ է պայքարելու յանուն միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի: Թէեւ Արցախը այսօր կորսուած է, բայց Վիգէնին եւ անոր նման նահատակներուն յիշատակը պիտի ապրի, այնքան ատեն որ հայրենիքը կը մնայ մեր իտէալը:
Մրցումին ներկայ էր Վիգէն Զաքարեանի քոյրը` Հուրի Զաքարեան, որ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:
Առաջին հանդիսացաւ Վագօ Մազաքեան, երկրորդ` Գալէ Հարպոյեան , իսկ երրորդ` Ռազմիկ Մազաքեան եւ Եղիկ Տիլէնեան:
Հեծելարշաւին յաջորդեց Վիգէն Զաքարեանի հոգեհանգստեան պաշտօն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Մրցումին ներկայ էր Վիգէն Զաքարեանի քոյրը` Հուրի Զաքարեան, որ կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:
Առաջին հանդիսացաւ Վագօ Մազաքեան, երկրորդ` Գալէ Հարպոյեան , իսկ երրորդ` Ռազմիկ Մազաքեան եւ Եղիկ Տիլէնճեան: