Տարիներէ ի վեր կը հետեւինք մարզական խաղերու, կը հաւնինք կամ կը քաջալերենք ֆութպոլի կամ պասքեթպոլի խումբեր, մարզիկներ, բայց չենք գիտեր կամ գաղափար չունինք (մեծ մասամբ), թէ ինչո՛ւ կամ ինչպէ՛ս լաւ են, կամ կայուն ձեւով արդիւնքներ ձեռք կը բերեն կամ ելոյթներ կ՛ունենան:
Շատ պարզ է: Օրը 24 ժամ է, ուր մարզիկ մը ի՛նք կ՛որոշէ ինչպէս դասաւորէ լա՛ւ մարզիկ դառնալու, եթէ անշուշտ յոյս ունի ապագային միջազգային բարձր մակարդակի մարզիկ դառնալ: Նուիրում կ՛ուզէ ատիկա, ուր ժամերով փորձերը եւ պատրաստութիւնները իրենց արդիւնքը կու տան դաշտին վրայ:
Համակիրները կամ հանդիսատեսները շաբաթը մէկ կամ երկու անգամ կը տեսնեն մարզիկը դաշտին վրայ, մօտ 2 ժամ: Բայց այդ մարզիկը ինչպէ՞ս պատրաստուած է այդ ելոյթին համար… չենք գիտեր: Անշուշտ կան մարզիկներ, որոնք կը տարբերին յաւելեալ ձիրքեր ունենալու պատճառով: Ատիկա ֆութպոլի պարագային «տրուած» է հարաւային ամերիկացիներուն, ուր Մարատոնայի կամ Փելէի նման մարզիկներ «զգալի» առաւելութիւններ ունէին: Բայց երբ նոր ֆութպոլին մէջ կը տեսնես Ռոնալտինիոյի նման աստղեր, որոնք պէտք է տարիներով մնային լաւագոյն մարզիկներու ցանկին գագաթը, կը գիտնաս, թէ ան իրեն նման ֆութպոլիստներու համար այդքան ալ կարեւոր չէին տաժանակիր փորձերը, եւ նախընտրելի էր գիշերային կեանքը: Շատեր կը կարծեն, որ անոնք մէկ անգամ պիտի ապրին եւ այդ պատճառով ալ պէտք է վայելեն ամէն ինչ, այսինքն` թէ՛ գիշերային կեանքը եւ թէ՛ մարզական կեանքի յաջողութիւնները:
Նոյն այս պատճառով է, որ վերջերս կը տեսնենք ֆութպոլիստներ կամ պասքեթպոլիստներ, որոնք 40-ի մօտ են եւ տակաւին բարձր մակարդակ ունին, որովհետեւ «նուիրուած են» իրենց մարզական կեանքին:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Լիոնել Մեսսի, Հենրիխ Մխիթարեան, Լըպրոն Ճէյմս… շարքը երկար է եւ հետզհետէ կ՛երկարի:
Մարզիկը ի՛նք է, որ կ՛որոշէ, թէ որքա՛ն պէտք է նուիրուի ասպարէզին:
Վստահ, որ տաղանդը կարեւոր է, բայց ժամանակի, նուիրումի կը կարօտի արդիւնքի հասնիլը: Օրերու, շաբաթներու, տարիներու աշխատանքն է, որ կը տեսնենք պատկերասփիւռէն կամ դաշտերէն: