Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի կիրակի օր Քուէյթ այցելութեան յայտնեց. «Այցելութիւնը ինքնին իրադարձութիւն է, եւ անոր կարեւորութիւնը անոր կայացման մէջ է, որովհետեւ վերջին տարիներուն Լիբանանը իր եղբայրներուն հետ արտաքին յարաբերութիւններու պատմութենէն շեղած քաղաքականութիւններու հետեւանքով նեղացուց Ծոցի երկիրները, ներառեալ Քուէյթը, որոնք նեղանալու իրաւունք ունէին»:
«Քուէյթը վաղուց տարբեր մակարդակներու վրայ շատ մեծ ջանքեր թափած է Լիբանանի համար եւ երբեք զայն անոր լաւ եւ վատ օրերուն մէջ չլքեց: Միշտ դիւանագիտական եւ տնտեսական թիկունք կանգնած է մեր երկրին եւ անոր աջակցած քաղաքականութեան եւ զբօսաշրջութեան ճամբով: Երբեք չզլացաւ տրամադրել այն, ինչ որ կը նպաստէ իր տագնապներէն դուրս գալուն, 15 տարուան պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք: Նաեւ վերաշինութեան կամ բարգաւաճման մէջ յառաջ մղած է այն բոլորը, ինչ որ կը նպաստէ անոնց վերականգնումին», նշեց Ռաժժի:
Ան ըսաւ. «Բոլոր լիբանանցիները երախտապարտ են Թաէֆի համաձայնութեան օրերուն Քուէյթի ունեցած առանցքային դերակատարութեան համար, եւ բոլորը կ՛ընդունին, թէ քուէյթցի եղբայրները զբօսաշրջութեան բարգաւաճման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին: Սակայն, դժբախտաբար, վերջին տարիներուն ապրեցանք պայմաններու մէջ, որոնք Քուէյթն ու Ծոցի միւս երկիրները հեռացուցին Լիբանանէն, որ ինքն իրեն չէր նմաներ»:
«Քուէյթի իշխան Մաշաալ Ահմատ Ժապեր Սուպահի նախագահ Աունին յղած հրաւէրը, ինքնին իրադարձութիւն է, եւ այցելութեան կարեւորութիւնը ինքնին անոր կայացման մէջ է, որովհետեւ սառոյցը քանդեց եւ եղբայրական յարաբերութիւնները վերաջերմացուց: Ուստի այս առումով խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի` նկատի ունենալով անցեալ տարիներուն տիրած կացութիւնը, եւ որովհետեւ Լիբանանին Արաբական ծոց վերադառնալու եւ Քուէյթին Լիբանան վերադառնալուն արտայայտութիւնն է», յայտնեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:
«Կը սպասենք, որ մենք եւ մեր քուէյթցի եղբայրները ըսենք. «Նոր էջ բացինք, եւ ջուրերը ամբողջովին վերադարձան իրենց հունին», ինչ որ կարեւորագոյնն է, որովհետեւ, երբ վստահութիւնը, կապուածութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը կը վերականգնին, մնացեալ հարցերը կը վերածուին մանրամասնութեան, եւ հարցերը իրենց բնական ընթացքը կ՛առնեն: Իսկ մեր միակ պահանջը Քուէյթի բարեկամութիւնն է», յայտնեց Ռաժժի: