ՄԱՀԱԶԴ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը կը գուժէ իր երկար տարիներու հաւատարիմ նուիրատուին եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 7 մայիս 2025-ին:
Հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոր ընտանիքին եւ պարագաներուն:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Սարգիս Միսիրեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Չամիչեան-Միսիրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Թամար Քէճէճի-Միսիրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Պերճ եւ Մարալ Միսիրեան-Մինասեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Լենա Միւյէսէրեան եւ զաւակունք
Միսիրեան եւ Եահնիեան ընտանիքներ
Շապաֆալուվա եւ Չամիչեան ընտանիքներ
Քէճէճի եւ Մինասեան ընտանիքներ
Միւյէսէրեան եւ Պըրպերի ընտանիքներ
Ապի Ֆրամ եւ Առաքելեան ընտանիքներ
Սէմէրճեան եւ Պետոյեան ընտանիքներ
Պարսումեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, աներոջ եւ հարազատին`
ԼԵՒՈՆ ՄԻՍԻՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 5 մայիս 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 10 մայիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ կաթողիկէ Սուրբ Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպես հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 11 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————–
ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Օրհնութէամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Ձեռամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԷԱՆԻՆ
Կիրակի, 11 մայիս 2025-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, դպրութէան եւ կիսասարկաւագութէան ձեռնադրութիւն պիտի ստանան դպրեվանքի Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարան բաժիններու աշակերտները:
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 10:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ձեռնադրութենէն ետք սուրբ սեղանին սպասարկութիւնը պիտի կատարեն նորոգ ձեռնադրէալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՒԱՆՈՒՑ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍՈՒՐԷՆ Էագուպէանի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստէան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 11 մայիս 2025-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, եաւարտ Ս. պատարագի: