Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Պիզնես Ինսայտր» կայքը հրապարակած է Մարիա Նոյենի յօդուածը` ներկայացնելով ցաւը բրիտանական գիւղի մը նուազ քան 300 բնակիչներուն, որոնք Բ. Համաշխարհային պատերազմին կառավարութեան որոշումով տարհանուած են եւ չեն վերադարձած: Անշուշտ ցաւալի երեւոյթ մըն է, սակայն անհասկնալի է, թէ ինչո՞ւ աւելի քան 80 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այդ ողբերգութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնուի, իսկ աւելի ծանր կշռող ժամանակակից տառապանքը կ՛անտեսուի:

  Ն.

Ուսումնասիրեցի Անգլիոյ ուրուականներու քաղաքը, որուն բնակչութիւնը  տարհանուած էր Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ: Չէի կրնար յուզումս զսպել 225 գիւղացիներու համար, որոնք կորսնցուցած են իրենց տուները: Հարիւրաւոր բնակիչներ ժամանակին տուն կ՛անուանէին Թայնհեմը, որ փոքր աւան մըն է Բրիտանիոյ հարաւային ափին: Բայց այդ ընդմիշտ փոխուեցաւ 1943 թուականին:

Թայնհեմ` նախքան լքուիլը, 1943 թուականին

Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկսելէն շուրջ չորս տարի ետք, երբ բրիտանական ուժերը կը կռուէին նացիական Գերմանիոյ դէմ, հարաւային Անգլիոյ Թայնհեմ փոքր աւանի 225 բնակիչներ տարհանուեցան իրենց տուներէն: Անոնց ըսուած է, որ այդ վայրը անհրաժեշտ է զինուորական պատրաստութեան համար: Անոնց ամիս մը ժամանակ տրուած է մեկնելու:

Աւանը, որուն տարածութիւնը շուրջ 12 քառակուսի քիլոմեթր է, աւելի քան 300 տարի պատկանած է ընտանիքի մը: Բնակիչներէն ոմանք այնտեղ ապրած եւ աշխատած են սերունդներ շարունակ: Անոնց կեանքը ընդմիշտ փոխուեցաւ 16 դեկտեմբեր 1943-ին, երբ անոնք լքեցին իրենց տուները` չգիտնալով, թէ երբ կը վերադառնան:

Թայնհեմի մասին կարդալէ ետք, ես երեք ժամ անդին ճամբորդեցի Լոնտոնէն` տեսնելու, թէ ի՛նչ մնացած է անկէ 80 տարի ետք:

Մանկութեանս տարիներուն քիչ մը տարուած ըլլալով Ինտիանա Ճոնզ շարժապատկերի շարքով` կ՛ուզէի տեսնել, թէ ի՛նչ մնացած է Թայնհեմի «կորսուած գիւղէն»:

Այսօր այդ տարածքը կը պատկանի Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բաց է հանրութեան համար այն օրերուն, երբ ռազմական գործողութիւններ չեն իրականացուիր:

Լոնտոնէն մօտ երեք ժամ քշեցի դէպի հարաւային ափ: Ճամբուն ընթացքին խճողուած մայրուղիները վերածուեցան ոլորապտոյտ գիւղական ճամբաներու, մայթերը իրենց տեղը զիջեցան կանաչապատ դաշտերուն:

Որքան կը մօտենայի, այնքան աւելի կը պատկերացնէի, թէ ի՛նչ ցաւալի կ՛ըլլար ոեւէ մէկուն համար լքել այս ծովեզերեայ սքանչելի քաղաքը:

Ծննդեան տօնէն 28 օր առաջ Թայնհեմի բնակիչներուն պաշտօնական ծանուցում եղած է, որ իրենց գիւղը բանակը կը պատրաստուի գրաւել:

Նամակին մէջ, որ գրած է զօրավար Ք. Հ. Միլլըր, կը բացատրուի, թէ տարհանումը կը բխի ազգային շահերէն եւ բրիտանական ուժերուն «առաւելագոյն կարելիութիւն կու տայ կատարելագործելու իրենց պատրաստուածութիւնը ժամանակակից պատերազմի զէնքերու կիրարկման հարցին մէջ»:

«Կառավարութիւնը կը հաստատէ, որ ձեզմէ խնդրուածը փոքր զոհաբերութիւն մը չէ, բայց վստահ է, որ դուք այս հետագայ օգնութիւնը կու տաք բարի սրտով, պատերազմին յաղթելու համար», գրած է Միլլըր:

Հակառակ անոր որ պատերազմը  աւարտած է 80 տարի առաջ, շարք մը նշաններ ցոյց տուին, որ տարածքին մէջ տակաւին ռազմական ներկայութիւն կայ:

Ինքնաշարժս դանդաղ վարելով դէպի Թայնհեմ` ճամբուն եզրին փայտէ կոճղին ամրացուած ցուցանակը գրաւեց ուշադրութիւնս. «Ռազմական կրակոցի շրջան: Մի՛ մօտենաք», գրուած էր վրան:

Ես նախ շրջագայեցայ Թայնհեմ ագարակի լքուած շինութիւններուն մէջ, ուր նախկին բնակիչներ իրենց ապրուստը կ՛ապահովէին:

Թէեւ Թայնհեմի մեծ մասը աստիճանաբար վերաբացուեցաւ հանրութեան համար 1990-ականներուն, սակայն միայն 2008-ին վերականգնման ծրագրի իրականացումէն ետք ոչ զինուորական անձնակազմը կարողացաւ գիւղին ագարակը մտնել:

Ագարակին մէջ, ուր նաեւ մթերանոց կար, ժամանակին կը պահէին կովեր եւ խոզեր: Բնակիչները իրենց ապրուստը կ՛ապահովէին այնտեղ աշխատելով: Թէեւ ագարակը այլեւս կանգուն չէ, սակայն քանի մը շինութիւններ, ինչպէս` ախոռն ու գոմը, դեռ իրենց տեղն են: Տասնամեակներ առաջ գործող ագարակը տարիներու ընթացքին մաշած, քայքայուած էր:

«Ախոռները իրենց ծաղկման շրջանին կրնային տեղաւորել մինչեւ վեց ձի», գրուած էր ցուցանակին վրայ:

Բայց ամայի շէնքին շուրջը շրջագայելով` զգացի, որ այդ օրերը հաստատ անցեալին մէջն են: Փտած փայտէ տաղաւարները, քարէ պատերու գունաթափումը եւ պատուհաններուն կառչած սարդոստայնը ցոյց կու տան, թէ ժամանակը ինչպէ՛ս աւերակի վերածած է ախոռներու ներսը:

Թէեւ վերանորոգման նախագիծը օգնեց առաջին յարկը անվտանգ դարձնել այցելուներու համար, սակայն երկրորդ յարկ բարձրանալը տակաւին արգիլուած է, որովհետեւ խարխուլ է:

Ձիերու փոխարէն` սարդերը իրենց տունը դարձուցած են ախոռը` ստեղծելով իմ երբեւէ հանդիպած ամէնէն մեծ  սարդոստայններէն քանի մը հատը:

Սարդոստայններ եւ ժանգոտած առարկաներ` Թայնհեմ ագարակին մէջ

Տարիներ շարունակ փտած ախոռները դարձած են սարդերու եւ սողուններու տուն: Սակայն վերանորոգումէն ետք անոնք ստիպուած անգամ մը եւս կիսած են տարածքը այցելուներու հետ, որոնք ճամբորդած են անձամբ տեսնելու Թայնհեմը:

Լինտա Փրայս, որ 2008 թուականին վերանորոգման ծրագրի ղեկավարն էր, ըսաւ. «Յոյս ունէի կեանքի կոչել խարխուլ ագարակը` ցոյց տալու ուրիշներուն, թէ ինչպիսի՛ տեսք ունէր այդ մինչեւ 1943 թուականի տարհանումը»:

Ախոռներէն ետք մտայ շքեղ տեսք ունեցող գոմը, որ մինչեւ 1914 թուականը եղած է քաղաքի թատերասրահը:

Ագարակի հին սարքերէն մին` գոմին մէջ:

1896-էն մինչեւ 1914 Թայնհեմ ագարակին մէջ գտնուող գոմը ծառայած է որպէս թատերասրահ, ուր համերգներ, բեմադրութիւններ եւ մնջախաղեր կը ցուցադրուէին բնակիչներուն համար` ըստ ներսի պատին վրայ տեղադրուած ցուցանակին: Բայց այդ աւարտեցաւ ճիշդ այն ատեն, երբ սկսաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը:

«Երիտասարդ դերասանները կը մեծնային եւ կը տեղափոխուէին հակամարտութիւններու պատճառով ձեւաւորուած աշխարհի մը մէջ, – գրուած էր ցուցանակին վրայ: – Մէկ սերունդի ընթացքին այս գիւղական կալուածին մէջ  թուացեալ իտէալական կեանքի ձեւը աւարտեցաւ»:

Գիւղացիական կեանքը մինչեւ տարհանումը առանց դժուարութիւններու չէր: Բազմաթիւ  գիւղացիներ աշխատանքէ զրկուած են, երբ ներդրուած է ժամանակակից արհեստագիտութիւնը:

Թայնհեմ ագարակի վերջին սեփականատէրը եղած է Սիտնի Ճորճ Չըրչիլ անունով մարդ մը, որ «յայտնի չէր» տեղացիներու շրջանակին մէջ, անոնցմէ շատերը եկամուտ կը ստանային ագարակին մէջ  աշխատելով:

«Ան նորեկ մըն էր, բայց նաեւ առաջին թրակթորները (քարշակ) բերաւ հովիտ: Նախկին տարիներուն ամէն բան կ՛ըլլար ձիով, ուրեմն սեփականատէրը աշխատանքէ արձակեց ագարակին մէջ աշխատողները: Սիտնի Ճորճ Չըրչիլ հատուցումը անշուշտ լման ստացաւ, երբ գիւղը տարհանուեցաւ»,  ըսաւ Լինտա Փրայս:

Ագարակէն ետք ճամբաս շարունակեցի դէպի Թայնհեմ, որ հեռուէն աւելի շատ հռոմէական աւերակի տեսք ունէր, քան` տուներու շարքի:

Թայնհեմ գիւղը

Ըստ 1945 թուականին Սոմերսեթի «Տը Ուեսթըրն Կազեթ» թերթին, 1943 թուականի տարհանման ժամանակ 102 բնակարան դատարկուած է:

«Մարդիկ, որոնք տարհանուած են, ագարակապաններն էին, փոքր շահաբաժիններ ունեցողներ, ագարակի աշխատաւորներ, ձկնորսներ, գործաւոր դասակարգի այլ անդամներ կամ տարեցներ, որոնք դադրեցուցած էին աշխատանքը», կը նշէ յօդուածը:

Գիւղին մէջ հեռաձայնային կապ չունէի, այս հասկնալի դարձաւ, երբ տեսայ, որ հեռաձայնի միակ սիւնը լարեր չունի: Հեռաձայնի անլար սիւն մը կանգնած էր տուներու շարքին սկիզբը:

Առաջին տունը, ուր մտայ, ծառայած էր որպէս գիւղի նամակատնային բաժանմունք, եւ վերջին անգամ հոն բնակած էր Տրիսկոլներու ընտանիքը, գրուած է ցուցանակի մը վրայ:

Բացի պատին ամրացուած վառարանի մնացորդներէն` ուրիշ բան չկար, որպէսզի պատկերացնէի, թէ ինչպիսի՛ տեսք ունեցած էր այդ տունը մինչեւ լքուիլը: Քարէ յատակի ճեղքերէն խոտ բուսած է, տանիք չկար:

Թէեւ տուները հազիւ կը  նմանէին ընտանեկան բնակարաններու, կը կարծէի, թէ այնտեղ ըլլալով` ոտնձգութիւն կ՛ընէի մէկու մը սեփականութեան դէմ:

«Տարահանուածները, որոնցմէ շատեր մասնակցած են վերջին պատերազմին, ունէին տունէն հեռու բանակին մէջ ծառայող տղաներ կամ դուստրեր, որոնք գիւղը լքելու հրամանը կսկիծով ընդունեցին: Բայց հայրենասիրական հոյակապ վճռակամութեամբ պատրաստակամ էին ամէն ձեւով օգնելու», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:

Բարձրանալով փողոց` խօսեցայ Ժան Պինչերի եւ անոր դստեր` Թանիայի հետ: Անոնք ըսին, որ տարհանումը կը մնայ «ասեղ մը` տեղացիներու սրտին մէջ»:

82-ամեայ տիկին Ժանն Պինչեր մեծցած է դրացի Ուորեհեմ քաղաքին մէջ, այն վայրերէն մէկը, ուր տեղափոխուած են Թայնհեմի բնակիչները տարհանումէն ետք:

Այդպէս, ան եւ դուստրը` Թանիան, որոնք գիւղ կ՛այցելէին, ըսին, որ հանդիպած են Արթուր Կրանտին, որ Թայնհեմի նախկին բնակիչ էր, որ մահացած է 2010 թուականին: Կրանտ լուսանկարած էր Ժաննի հարսանիքը:

Տիկին Ժանն իր աղջկան ըսած է. «Տեղացիները կ՛ուզեն, որ Թայնհեմի գիւղացիները վերադառնան տուն»:

«Այս խոստումը տուած էր կառավարութիւնը,  եւ բնակիչները բարեխիղճ հեռացան այնտեղէն», ըսաւ Թանիան:

Ծանօթանալով Կրանտին` Թանիա ըսաւ, որ Թայնհեմի պատմութիւնը խեղկատակութիւն է եւ` ապացոյց, որ կառավարութիւնը անոնց «կեղծ խոստում» տուած է:

1996-ին Կրանտ, որուն մանկութեան տունը հիմա անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի ցանկապատի ետին, ըսած է, որ կատարեալ յուսահատութեան մէջ եղած է, երբ գիւղը տարհանուած է:

«Այդ ժամանակ ես կը բացակայէի, ծովուն վրայ էի, բայց կը յիշեմ, թէ որքա՛ն տխուր էր այդ բոլորին համար: Կար ամբողջական յուսահատութիւն, երբ Թայնհեմը փակուեցաւ: Բայց մարդիկ կը կարծէին, որ այդ  կ՛ընեն թագաւորին եւ երկրին համար, նաեւ կար վերադարձի խոստում, որ չկատարուեցաւ», պատմած է այն ժամանակ 75-ամեայ Կրանտ, ըստ որուն, տարիներ շարունակ նախկին բնակիչները ապարդիւն կը փորձէին կառավարութիւնը համոզել, որ արտօնէ իրենց տուն վերադառնալ:

«Նման դժգոհութիւն կար: Գործողութիւններու խումբեր ստեղծուեցան, բայց` ապարդիւն», ըսաւ Կրանտ:

Բայց երբ կառավարութիւնը կամաց-կամաց սկսաւ բանալ Թայնհեմը հանրութեան համար եւ վերակառուցել կարգ մը շինութիւններ` այցելուներու համար, Կրանտի հեռանկարը զարգացաւ: «Հիմա ես ձեւով մը ուրախ եմ, որ այդ տեղի ունեցած է: Այս տեսակ մը յուշ է անցեալի եւ բնակիչներու համար, որոնցմէ քիչերը հիմա ողջ մնացած են», ըսաւ Կրանտ:

Թայնհեմի յիշատակի ոգեկոչման ուղիներէն մէկը վերակառուցումն է դպրոցական տան, որ իր դռները փակած էր տարհանումէն տարիներ առաջ: Ըստ ցուցանակին, դպրոցը  կառուցուած է 1856 թուականին: Տասնամեակներ շարունակ այնտեղ կ՛ուսանէին հինգէն մինչեւ 14 տարեկան երեխաներ:

Սակայն մինչեւ 1932 թուականը աշակերտներուն թիւը նուազեցաւ այն աստիճան, որ դպրոցը փակուեցաւ եւ վերածուեցաւ գիւղապետարանի: Այսօր շէնքը կը վերակառուցուի իր նախկին տեսքով:

Երբ դպրոց մտայ, այլ ժամանակաշրջան տեղափոխուեցայ:

Ճորճ Ե. թագաւորի եւ թագուհի Վիքթորիայի դիմանկարները, որոնք կախուած են պատէն, հին գրադարանին վրայ շարուած  գունատ հանրագիտարանները զիս կը տեղափոխէին այլ ժամանակի մը մէջ: Իւրաքանչիւր գրասեղանի վրայ ցուցադրուած ձեռագիր շարադրութիւնները նոյնպէս օգնեցին ինծի` պատկերացնելու դպրոցը իր ծաղկման շրջանին:

Դպրոցին մէջ հետաքրքրկան էր լսել ձայները երեխաներու, որոնց ծնողները զանոնք բերած էին Թայնհեմ այցելութեան: Աչքերս փակելով ես գրեթէ կը պատկերացնէի, որ անոնք 1920-ականներու տեղացի աշակերտներ են:

Թէեւ Թայնհեմի պատմութիւնը կը յարգուի պատմական ցուցադրութիւններու միջոցով, սակայն ցաւալի էր լսել, որ այդ տեղի ունեցած է այն մարդոց հաշուոյն, որոնք պարզապէս կ՛ուզէին տուն երթալ:

Ամէնէն տխուր պատմութիւններէն մէկը, որուն ես ծանօթացայ Թայնհեմի մէջ քալելով, Ճոն Կուլտի պատմութիւնն էր: Ան ծնած էր գիւղին մէջ 1912 թուականին եւ դուրս ելած էր պատերազմի ժամանակ, երբ իր ընտանիքը տարհանուեցաւ:

Ան վարչապետ Հարոլտ Ուիլսընին նամակ մը գրած է 1974 թուականին` խնդրելով, որ իրեն թոյլ տան վերադառնալ:

«Թայնհեմը ինծի համար աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ վայրն է, ես կ՛ուզեմ կեանքիս մնացեալ մասը եւ ներուժս տալ անոր վերականգնման», գրած է Կուլտ, որ մահացած է 2010 թուականին:

Գիտնալով, որ իրեն երբեք թոյլ չեն տար կենդանի վերադառնալ տուն, Կուլտ երկրորդ խնդրանքը ըրաւ` գոնէ թաղուիլ գիւղի եկեղեցուոյ բակին մէջ:

Բնակիչները գրութիւն փակցուցած են եկեղեցւոյ դրան`
խնդրելով բանակէն «խնամքով» վերաբերիլ անոր եւ իրենց տուներուն:

«Եթէ դուք մերժէք այս խնդրանքը, ես երկրորդ խնդրանքով պիտի դիմեմ: Երբ իմ ժամանակս գայ, զիս կը յուղարկաւորեն Թայնհեմի եկեղեցւոյ բակին մէջ: Այնտեղ կը ննջեն հարազատներս, հին ընկերներս,  որոնց արտօնուած է ապրիլ իրենց կեանքը Թայնհեմի մէջ», շարունակած է Կուլտ Ուիլսընին ուղղուած իր նամակին մէջ:

«Ամէն բանէ աւելի, շատ կ՛ուզեմ տուն երթալ», եզրափակած է ան:

Ես նաեւ կարդացի, որ տարհանման ժամանակ հեռացած վերջին բնակիչը գրութիւն փակցուցած է եկեղեցւոյ դրան` զինուորականներէն խնդրելով իրենց բացակայութեան «խնամքով» վերաբերիլ գիւղին հետ:

«Մենք օր մը կը վերադառնանք ու շնորհակալութիւն կը յայտնենք գիւղի հանդէպ բարեացակամ վերաբերմունքի համար», եզրափակած է ան:

Բայց վերադարձ երբեք չէ եղած: Հակառակ 1960-ականներուն եւ 1970-ականներուն տեղացիներու իրականացուցած  արշաւներուն` տարածքը մնաց բրիտանական կառավարութեան սեփականութեան ներքեւ:

Երբ կը պատրաստուէի հեռանալ Թայնհեմէն, ես չէի կրնար զսպել յուզումս 225 գիւղացիներու համար, որոնք անարդար գին վճարած են իրենց գիւղը կորսնցնելու համար: Կը հաղորդուի, որ Թայնհեմ գիւղի բնակիչներուն մեծ մասին միայն իրենց բակին մէջ աճող բանջարեղէնի արժէքը տրուած է` որպէս իրենց տուների կորուստի հատուցում:

Երբ ես կը վերադառնայի դէպի ինքնաշարժս, մտածեցի, որ անոնք չեն պատկերացներ, թէ որքա՛ն անհաւասարակշիռ կ՛ըլլայ այդ փոխանակումը երկարատեւ հեռանկարով:

Սակայն, ի վերջոյ, քիչ հաւանական է, որ Թայնհեմ գիւղը երբեւէ նորէն բնակեցուի: Այդ պատճառով ան կը դառնայ  ուրուական քաղաք: Բայց տեսնելով, որ այդքան շատ մարդիկ կ՛այցելեն, համոզուեցայ, որ ձեւով մը  գիւղը եւ յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք  զայն տուն անուանած են, տակաւին շատ կենդանի է:

 

Նախորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԷ.)

Յաջորդը

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025
Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը
Մշակութային եւ Այլազան

Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը

Մարտ 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?