Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը

Մարտ 21, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխարհի բազմաթիւ առեղծուածներէն մէկն ալ Նոյեան տապանն է, որ ըստ Աստուածաշունչին, մեր սիրելի լերան` Արարատի վրայ հանգչած է: Անշուշտ թուրքերը շատ ալ գոհ չեն այս իրողութենէն, սակայն փաստը այն է, որ չեն յաջողած աշխարհի հետաքրքրութիւնը շեղել Հայաստանի խորհրդանիշ լեռէն: Բրիտանական եւ ռուսական կայքեր այս մասին յօդուածներ հրապարակած են: 

Ն.

 

Սուրբ Գիրքէն յայտնի է, որ Նոյը կոշտ գոֆեր (gopher) փայտէն տապան պատրաստեց եւ կառուցեց ժամանակակից նաւերու նմանակ: Տապանը ունէր երեք տախտակամած` միջնորմերով եւ ներսի բացատներով, եւ անոր մարմինը ներսէն եւ դուրսէն պատուած էր ձիւթով (խէժ):

Այս փրկարար նաւը ունէր շատ ճշգրիտ չափեր` 135 մեթր երկարութիւն, 25 մեթր լայնք եւ 15 մեթր բարձրութիւն: Բրիտանական Լեսթերի համալսարանի ուսանողները հաշուարկներ կատարած եւ պարզած են, որ նման նաւու մէջ կրնար տեղաւորուիլ մօտաւորապէս 70 հազար անասուն:

Ըստ բազմաթիւ առասպելներու, տապանը եօթներորդ ամսուան տասնեօթներորդ օրը հանգրուանած է Արարատ լերան գագաթին վրայ, որ գտած է աղաւնին:

Մեր օրերուն Արարատ կ՛անուանեն հսկայական լեռնաշղթան, որուն երկարութիւնը կը հասնի 130 քիլոմեթրի: Կը գտնուի Իրանի եւ Հայաստանի սահմանին, բայց մեծ մասը` իր երկու ձիւնածածկ գագաթներով, կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ: Արարատի բարձրութիւնը ծովու մակերեսէն կը հասնի 5165 մեթրի, կամ լերան ստորոտէն մինչեւ գագաթը` 4365 մեթրի: Արարատը կարելի է միայն պայմանականօրէն լեռ նկատել: Իրականութեան մէջ ան երկու խառնարաններով գործող հրաբուխ է, որ վերջին անգամ ժայթքած է 19-րդ դարուն. այդ ժամանակ հալոցքի ջուրը թափանցած է Մեծ Արարատի խառնարան, որ յառաջացուցած է ջերմային պայթում:

Մարդկութիւնը փրկած նաւու փնտռտուքի պատմութիւնը վերջին երկու դարերու ընթացքին կը զբաղեցնէ մարդոց միտքերը:

Մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը տեղւոյն բնակիչները` պարսիկներ, քիւրտեր եւ հայեր, կը կարծէին, թէ արգիլուած է բարձրանալ սուրբ լեռը:

1828 թուականին Թուրքմենչայի պայմանագրով Արարատը Պարսկաստանէն անցաւ Ռուսիոյ: Գերմանացի Եոհան Պարրոտ առաջինն էր, որ բարձրացաւ լերան գագաթը: Մէկ դարու ընթացքին տապանը լերան վրայ տեսած են երեք առիթով: Անգամ մը անոր մասին յայտնած է հովիւ մը, երկրորդ անգամ` թուրքերը (1833 թուականին), իսկ երրորդ անգամ` անգլիացի լեռնագնաց Ճէյմս Փրայս, որ յայտնած է, թէ փայտէ մնացորդներ գտած է 4000 մեթր բարձրութեան վրայ:

Ըստ ճշդուած տեղեկութիւններու, 1916 թուականին Արարատ բարձրացած է ռուսական արշաւախումբ մը, որ յայտնած է, թէ տապանը գտնուած է Արարատի գագաթներու միջեւ ինկած թամբին մէջ` օդաչու Վլատիմիր Ռոսկովիցկիի նկարած լուսանկարներու հիման վրայ: Կ՛ենթադրուի, որ նոյն տարին այդ վայրը այցելած է նաեւ ամերիկացի գնդապետ Ալեքսանտր Կուր:

Բայց արշաւախումբին նիւթերը յեղափոխական իրադարձութիւններու ժամանակ անհետացան, եւ 1921 թուականին Արարատը տրուեցաւ Թուրքիոյ եւ անոր հիւսիսային լանջերը անմատչելի դարձան ռուսերու համար: Բայց թուրքերը արգիլեցին նաեւ այլ հետազօտողներու արշաւը դէպի Արարատ եւ այդ ըրին ամէնէն անսպասելի ձեւով:

Պաղ պատերազմի տարիներուն Արարատը փակ էր արշաւախումբերու համար, սակայն Միացեալ Նահանգներու լրտեսական օդանաւերը ժամանակ առ ժամանակ կը թռչէին անոր վրայէն`  դիտարկելով Խորհրդային Միութեան սահմանը: Արարատ այցելած ամերիկացի քրիստոնեայ տիեզերագնաց Ճէյմս Իրվինկ քանի մը տարիէ նուիրուած է տապանի փնտռտուքին: Ըստ լուրերու, 1982 թուականին ան յայտնաբերած է նաւու մնացորդները, սակայն թրքական իշխանութիւնները արգիլած են հետագայ հետազօտութիւնները: Իրվինկ այդ ընդունած է որպէս Աստուծոյ նշան, առ այն, որ փնտռտուքները պէտք է դադարեցուին:

Միլանոյէն լեռնագնաց Անճելօ Պալեկօ, որ 15 անգամ բարձրացած է լեռը, երեւանցի հետազօտող Աշոտ Լեւոնեանին պատմած է, որ 1989 թուականի ամրան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ նաւ գտած է, բայց երբ 2000 թուականին միջազգային արշաւախումբ հաւաքած է` գտածոն ուսումնասիրելու համար, թուրքերը արգիլած են բարձրանալը:

2003 թուականին անոնք թոյլ չեն տուած ռուս հետազօտող Անտրէյ Պոլեակովին բարձրանալ լեռ:

Ինչո՞վ պայմանաւորուած են արգելքները:

Ռուսական Ռոսկայա կայքը կը գրէ, որ թուրքերը իրենք կը նշեն այն փաստը, որ Արարատի լանջերուն կը գործեն ռազմատենչ քիւրտեր, որոնք կ՛առեւանգեն զբօսաշրջիկները եւ անոնց համար փրկագին կը պահանջեն:

1920-ականներու վերջերուն այստեղ նոյնիսկ կար Արարատեան քրտական հանրապետութիւն, որ դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ 1930 թուականին:

Լերան ստորոտին իսկապէս կան քրտական բնակավայրեր, ուր նոյնիսկ Նոյեան տապանի թանգարան կազմակերպուած է: Քիւրտերը կը յարգեն լեռը` որպէս սուրբ, իսկ քրիստոնեայ եւ իսլամ քիւրտերը չեն կասկածիր, որ տեղ մը լերան լանջին մնացած է տապանը:

Քիւրտերը Արարատը կը նկատեն իրենց լեռը, Նոյը կ՛անուանեն Նուհ, իրենք զիրենք  կը նկատեն Հին կտակարանի պատմութիւնը շարունակողները:

Թերեւս թրքական իշխանութիւնները կը հասկնան, որ Արարատը` որպէս պոլշեւիկներու վերջին «նուէր», իրենց կը պատկանի, առանց որեւէ համոզիչ հիմքի:

Հրաբխային լեռը տակաւին Հայաստանի խորհրդանիշն է, եւ թուրքերը նոյնիսկ փորձեցին վիճարկել այն փաստը, որ լեռը պատկերուած էր Խորհրդային Հայաստանի զինանշանին վրայ, բայց արդիւնքի չհասան: Լեռը տակաւին երկրի զինանշանին վրայ է:

Ըստ իսլամական մարգարէութիւններու, աստուածաշնչեան Նոյի նաւը կը գտնուի աշխարհի աւարտէն անմիջապէս առաջ, եւ հաւանաբար այդ պատճառով ալ իսլամական երկրի իշխանութիւնները չեն շտապեր «կանաչ լոյս» վառել որոնողական աշխատանքներուն:

Թերեւս ճիշդ այդ պատճառով ալ գործնականին մէջ անկարելի է հասնիլ լերան հիւսիսային կողմը, ուր ենթադրաբար կը գտնուի տապանը:

Թերեւս թուրքերը յոգնած են սահմանամերձ գօտիին մէջ գտնուող լերան նկատմամբ ուշադրութենէն, այդ պատճառով  մուտքը կարելի է միայն արտօնութեամբ: Թերեւս անոնք չեն ուզեր կրել կորսուած կամ վատ եղանակի հանդիպած լեռնագնացներու փրկարարական աշխատանքներու ծախսերը: Նման տարածքին մէջ Ամերիկայէն, Եւրոպայէն կամ Ռուսիայէն մարզիկներու առեւանգումը կամ անհետացումը կրնայ վնասել երկրի հեղինակութեան:

Այսպէս թէ այնպէս, 21-րդ դարուն մէջ Արարատը բաց է միայն տարին մէկ անգամ` օգոստոսին:

Արտօնութիւն ստացած  լեռնագնացները կրնան անցնիլ միայն մէկ ճամբով` լերան հարաւային լանջով, որ կը հսկէ թրքական բանակը, բայց տապանը այդ շրջանին մէջ չի գտնուիր: Զբօսաշրջիկները լեռ հասնելու այլ ճամբայ չունին:

Տապանը որոնող ռուս յայտնի հետազօտող Վլատիմիր Շատայեւ, կ՛ըսէ, որ լեռը փակ է եւրոպացի, ռուս եւ հայ գիտնականներու, բայց ոչ ամերիկացիներու համար: Ան վստահ է, որ Արարատը կը հետազօտեն ամերիկացիները: Փրոֆ. Պրայթի գլխաւորութեամբ, անոնք որոնողական աշխատանք կ՛իրականացնեն սառոյցը հորատելով  4000 մեթր եւ աւելի բարձրութեան վրայ` Նոյի նաւը գտնելու համար:

Բրիտանացի Հնագէտները Վերծանած Են
Նոյեան Տապան Տանող Քարտէսը

Բրիտանական թանգարանի աշխատակիցները վերծանած են աշխարհի ամէնէն հին քարտէսը, որ կը կարողանայ տանիլ դէպի Նոյեան տապան:

Մասնագէտները երկար ժամանակ կը փորձէին վերծանել Imago Mundi կաւէ աղիւսի խորհրդանշանները: Աղիւսը յայտնաբերուած է 1882 թուականին, Միջին Արեւելքի Ապու Հապպա (Սիպար) քաղաքին մօտ եւ կը  թուագրուի ՔԱ Դ. դար:

Աղիւսի հակառակ կողմին վրայ նախագիծ-քարտէս է սեպագրերով, որոնք կը նկարագրեն Երկրի կառոյցը: Հետազօտողները կը կարծեն, թէ այստեղ նշումներ կան աստուածաշնչեան պատմութեան:

Imago Mundi-ի հակառակ կողմը հանելուկ է, որ կը մատնանշէ Նոյեան տապան տանող ուղին:

Հատուածներէն մէկուն մէջ կ՛ըսուի, որ մարդիկ պէտք է անցնին «7 լիճ, որպէսզի տեսնեն հսկայական բան մը, անօթի նմանող»: Այդպէս կ՛անուանեն Նոյեան տապանը եւ բաբելոնեան այլ նմուշները:

Յաջորդ հատուածին մէջ նշուած է ուղին, եւ թէ ինչպէ՛ս հասնիլ «Ուրարտու», այսինքն` տեղ մը, ուր ըստ միջագետեան գործերու, Նոյ եւ անոր ընտանիքը կանգնեցուցած են տապանը: Գիտնականները կը կարծեն, թէ  այդ տեղը կը գտնուի Իրանի մէջ:

Թուրքիոյ Տարածքին Մէջ Յայտնաբերուած Են
Նոյեան Տապանի Մնացորդները

Միջազգային գիտնականներու խումբը հաստատած է, որ իրենք գտած են «ապացոյցներ, որոնք կը հաստատեն, որ յայտնաբերած են մնացորդները Նոյեան տապանի, որ փրկած է մարդկութիւնը աւելի քան հինգ հազար տարի առաջ Երկիր մոլորակը պատուհասած հսկայածաւալ ջրհեղեղէն»:

Քանի մը երկիրներու մասնագէտներէ կազմուած  միջազգային հետազօտական խումբը եկած է այս եզրակացութեան եւ` յայտնած, որ այս տապանին մնացորդները յայտնաբերուած են Թուրքիոյ տարածքին մէջ:

Աշխատանք կը տարուի այս նաւը զբօսաշրջութեան վայրի վերածելու ուղղութեամբ, որպէսզի մարդիկ կարողանան այդ տեսնել աշխարհի զանազան կողմերէն:

Գիտնականները կ՛ըսեն, որ Թուրքիոյ մէջ գտած են նաւակի ձեւով բլուր, որ ջուրի մէջ ընկղմած էր 5000 տարի առաջ, այն ժամանակաշրջանին, երբ Երկիրը ականատես եղաւ ջրհեղեղին:

Ջրհեղեղը կը յիշատակուի Քուրանին եւ Աստուածաշունչին մէջ:

«Թուրքիոյ մէջ Արարատ լեռէն 30 քմ հարաւ գտնուող տապանի բլուրը իրականութեան մէջ փայտէ նաւու քարացած մնացորդներ են», կ՛ըսեն գիտնականները:

Այս բլուրը կը կոչուի Տուրուպինար: 163 մեթր բարձրութիւն ունեցող երկրաբանական գոյացութիւն մըն է, որ կազմուած է լիմոնիտ կոչուող երկաթի հանքաքարէն:

Այս բլուրը միշտ գրաւած է հետազօտողներու հետաքրքրութիւնը, որովհետեւ իր ձեւն ու կառոյցը գրեթէ նոյնն են տապանին մասին Քուրանին եւ Աստուածաշունչին մէջ նշուածին:

Ըստ զեկոյցին, կան նոր ապացոյցներ, որոնք ցոյց կու տան, որ այս բլուրը իսկապէս ենթարկուած է քանդիչ ջրհեղեղի 5000 տարի առաջ:

Այս պատմութիւնը կը համապատասխանէ ջրհեղեղի կրօնական պատմութեան, ջրհեղեղ մը, որ ծածկած է շրջանը ՔԱ 3000-էն 5500 թուականներուն:

Արարատ լերան եւ Նոյեան տապանի վերաբերեալ վերջերս կայացած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին հետազօտողները ներկայացուցած են նոր ապացոյցներ, որոնք կը հաստատեն իրենց տեսութիւնը, որ կառոյցը հնագոյն նաւ է:

Ըստ նախնական արդիւնքի, կ՛ենթադրուի, թէ մարդկային գործունէութիւնը այս տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցած է տակաւին պղինձի դարի ժամանակաշրջանէն», կ՛ըսէ աւագ  հետազօտող փրոֆ. Ֆարուք Քայան:

Եթէ այդ ճիշդ է, ուրեմն կը հաստատէ  այն պնդումը, որ «Durupinar Formation»-ը նոյն նաւն է, որ Նոյը գործածած է հնագոյն ջրհեղեղէն փրկուելու համար:

 

Նախորդը

Հայ Ռազմագերիները Աւելի Վտանգուած

Յաջորդը

«Դրօ» Կոմիտէութեան Երախտագիտութիւնը Արագած Շրջանին Ուսուցիչներուն

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?