6 մայիսին` Լիբանանի Նահատակաց օրուան առիթով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«6 մայիսի նահատակները…
Որքան ալ ոմանք փորձեն նսեմացնել այս ոճիրին տարողութիւնը, այդ նահատակները ողջ կը մնան յիշողութեան մէջ: Անոնք դարու վկաներն են այն ոճիրին, որ կը փորձէ հողը ապականել արիւնով»: