Ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար Թրիփոլի այցելելով սերայէն յայտարարեց. «Գումարեցինք գնահատման ժողով մը, որուն ընթացքին քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու փորձառութենէն մղուած կարգ մը բարեփոխումներ կատարեցինք` բարելաւելու համար յաջորդող ընտրութիւններուն մէջ աշխատանքը»:
Նշենք, որ Հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի նահանգներուն մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները այս կիրակի տեղի պիտի ունենան:
«Լիբանանցի ժողովուրդին մօտ պատրաստակամութիւն նշմարեցինք իր ժողովրդավարական իրաւունքը կիրարկելու եւ քաղաքապետական ու բարգաւաճման աշխատանքը վերանորոգելու», ըսաւ ան:
«Նախարարութիւնը քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքները ճշգրիտ կերպով վերբեռնեց ելեկտրոնային կեդրոնին մէջ», յայտնեց Հաժժար:
Ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարարը նաեւ յայտարարեց. «Ապահովական մարմիններէն պահանջեցինք Թրիփոլիի, Աքքարի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ անվտանգութիւնը խաթարող որեւէ երեւոյթի դէմ պայքարին մէջ խիստ ըլլալ: Ապահովական որեւէ քաոս պիտի չհանդուրժենք»: