Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շնորհաւորեց Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրած անձերը` գովելով լրացումը առաջին փուլին, «որ անցաւ ժողովրդավարական ու թափանցիկ մթնոլորտի մէջ, եւ քաղաքացիներուն ազդու մասնակցութիւնն ու իրենց ձայնը հասցնել պնդելը քաղաքապետական աշխատանքի եւ տեղական բարգաւաճման ամրապնդման մէջ անոր հիմնական դերակատարութեան կարեւորութեան նկատմամբ անոնց խոր հաւատքը արտացոլացուց»:
Նախագահը իր այցելուներուն շեշտեց, որ այս ընտրութիւնները կը հաստատեն, որ Լիբանան վերականգնման եւ առողջացման ճամբով կ՛ընթանայ, հակառակ բոլոր ճգնաժամերուն եւ մարտահրաւէրներուն, զորս կը դիմագրաւէ:
Ան գնահատեց ներքին գործոց նախարարութեան ու ապահովական ուժերուն թափած ջանքերը այս գործընթացը իր աւարտին հասցնելու եւ ընտրական հոլովոյթին հեզասահ ընթացքը պահպանելու համար:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս փուլի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն, որոնք կանուխ առաւօտէն մինչեւ արդիւնքներու հրապարակումը անոր հետեւեցան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ պատասխանատուութիւնը ընտրութենէն ետք կը սկսի` նշելով, որ քաղաքացիներուն ծառայելն ու անոնց կարիքները հոգալը քաղաքապետական ու թաղապետական աշխատանքին հիմնական նպատակներն են:
Ան ըսաւ, որ հակառակ մրցակցութեան, ընտրութիւնները առիթ մըն են ամրապնդելու հայրենիքի զաւակներուն միջեւ միասնականութիւնն ու զօրակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ յաջորդող փուլերը եւս կ՛ընթանան առաջին փուլը յատկանշած խանդավառութեամբ եւ առաքինութեամբ: