Մայիս 6-ի վերաիմաստաւորման ճիգերը առաջադրուած արդիւնքներուն չեն յանգիր: Լիբանանեան պետութիւնը այս խորհրդանշական թուականը իր պատուանդանին վրայ վերատեղադրելու որեւէ նախաձեռնութիւն չ՛առներ: Նախաձեռնութեան բացակայութիւնը իրերայաջորդ կառավարութիւններու կը վերաբերի եւ որեւէ կերպ վարչակարգի մը կամ մասնակի խումբի մը թիրախաւորման հետ կապ չունի:
Մամլոյ նահատակներու նուիրուած օրուան համատեղումը երկրի նահատակաց նշումին հետ պարզ է, որ օրը կը պարպէ իր բուն էութենէն: Ճիշդ է, որ Օսմանեան կայսրութեան զոհ գացած մտաւորականութեան եւ հասարակական գործիչներու շարքին էին նաեւ լրագրողներ, հանրային կարծիք ստեղծողներ, այդուհանդերձ հիմնաւորում չ՛ապահովուիր այս ձեւով խորհրդանշական օրերու համատեղման որոշումին, որ նուիրականացած է այսօր:
Եթէ պետութիւնը քաղաքական պատճառներով Օսմանեան կայսրութեան պատասխանատուութիւնը կը շրջանցէ այս ձեւով, ապա հասարակութիւնը այդ ուղիէն քալելու պարտաւորութիւնը չունի:
Պատմական յիշողութեան կորուստ է, որ տեղի կ՛ունենայ նման ընթացքով, պետական որոշումով եւ յատկապէս լիբանանցի նահատակներուն պատճառ դարձած օսմանեան պետութեան կանխամտածուած քաղաքականութիւնը ժխտողականութեան կ՛ենթարկուի նոյնինքն զոհին կողմէ:
Լիբանանեան հասարակութիւնը ուրեմն ընելիք ունի: Նախ ի՛նք պիտի վերարժեւորէ խորհրդանիշ թուականը, անդրադառնայ ոչ միայն մայիս 6-ին կախաղան բարձրացուած հասարակական գործիչներուն, այլ նաեւ լուսարձակները վերաբանայ պատմական իրադարձութիւններուն վրայ` այնտեղ նկատելու համար ցեղասպանական արարքներու շարք մը, առաւելաբար ծրագրուած սովամահութեամբ արտայայտուած:
Ապրիլ քսանչորսն ու մայիս վեցը խորհուրդի առումով զուգահեռ ունին: Երկուքն ալ կը խորհրդանշեն մտաւորական հատուածի ոչնչացումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Մտաւորականութիւնը առաջնային թիրախ նկատելու օսմանեան վարիչներու այս քաղաքականութիւնը ժողովուրդներու մոլորեցման, թմբիրացման, զգայազրկման նպատակը կը հետապնդէ առ ի պատրաստութիւն հաւաքական մեծ գործողութիւններուն` ցեղային զտումին կամ ցեղասպանութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի լիբանանեան նշումներուն ընդհանուր մթնոլորտին մէջ բազմիցս ակնարկներ կատարուեցան այս զուգահեռին: Լիբանանցի գործիչներուն կողմէ օրինակ բերուեցաւ հայ ժողովուրդը, որ վառ կը պահէ իր հաւաքական յիշողութիւնը եւ իր նահատակներու նշման թուականի խորհուրդը փոփոխութեան չ՛ենթարկեր: Այս շրջածիրին մէջ ալ խորհրդարանական նախաձեռնութիւններ առնուեցան յատուկ օրուան նշումով համատեղելու հայոց եւ լիբանանցիներու ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակը:
Ահա այստեղ է այս թուականի վերաիմաստաւորման կարեւորութիւնը: Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան պէտք է առերեսուի նաեւ լիբանանցիներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան փաստով` ի շարս այլ ցեղասպանութիւններու:
Պատահական չէ, որ Ցեղասպանութեան 110-ամեակի լիբանանեան ոգեկոչումներուն ընտրուած «շարունակուող ցեղասպանութիւններ»-ու նիւթը ներառած էր նաեւ լիբանանցիներուն դէմ գործադրուած սովամահական ցեղասպանութիւնը:
Մայիս վեցի վերաիմաստաւորումը ոգեկոչականէն անդին հիմնովին քաղաքական նշանակութիւն ունի: Քաղաքական բովանդակութեան ապահովումը լիբանանեան հասարակութենէն կը սկսի: Լիբանանահայութեան պարտականութիւնն է մայիսվեցեան բուն խորհուրդը իրազեկելը: