Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

9 Տարի Ետք` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Սկսան Լեռնալիբանանի Նահանգէն

Մայիս 5, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ Քուէարկողները Մեծաթիւ Մասնակցութեամբ
Ընդառաջեցին ՀՅ Դաշնակցութեան Կոչին

Երէկ` կիրակի, 4 մայիսին, Լիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները սկսան Լեռնալիբանանի նահանգէն: Լիբանանահայութիւնը եւս իր նկատառելի մասնակցութիւնը ունեցաւ ընտրական այս գործընթացին` ընդառաջելով ՀՅ Դաշնակցութեան կոչին, Լեռնալիբանանի այն շրջաններուն մէջ, ուր Դաշնակցութիւնը առաջադրած էր իր թեկնածուները` Ժիպէյլի, Ժտէյտէ-Սըտ Պաուշրիէի, Զալքա-Ամարեթ Շալհուպի, Տըպպայէի, Մըզհեր-Պսալիմի, Անթիլիաս-Նաքքաշի եւ Պրումմանայի մէջ: Եւ թէեւ ի չգոյէ մրցակիցներու Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի ՀՅԴ-ի առաջադրած ցանկը նախօրօք ընտրուած նկատուեցաւ, սակայն շրջանին մէջ տեղի ունեցան թաղապետական ընտրութիւններ, որոնց նոյնպէս շրջանի բնակիչ հայերը իրենց մասնակցութիւնը բերին:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ քուէարկութեան կեդրոններուն փակուիլը, զանազան շրջաններու ՀՅԴ ակումբները եւ կեդրոնները ճիգ չխնայեցին լիբանանահայ քուէարկողներուն օգնելու` ուղղուելու դէպի քուէարկութեան համապատասխան կեդրոններ` իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարելու համար:

9 տարի ետք, երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, քաղաքական եւ ընտանեկան մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ Լեռնալիբանանի մէջ ընթացք առին քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, որոնք 4 շաբթուան վրայ երկարող տարբեր նահանգներու եւ շրջաններու մէջ նախատեսուած քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու շարքին առաջինն էին, նոր իշխանութեան առաջին լուրջ քննութիւնը:

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ գոյութիւն ունին 333 քաղաքապետութիւններ, որոնցմէ 70-ը` առ ի չգոյէ մրցակից թեկնածուներու, ընտրուած նկատուեցան: Անոնց շարքին էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի ՀՅԴ-ի առաջադրած ցանկը:

Նոյն ձեւով ընտրուեցան Սին Էլ Ֆիլի, Մթայլեպի, Քըռնեթ Շեհուանի, Այն Ար-Պէյթ Քքոյի, Պասքինթայի, Քաֆարթիէ, Պուրումմանայի, Սաքիեթ Մըսք-Պհարսաֆի, Քաֆարաքապի, Ղապէ-Մասքայի, Ժուրեթ Պալլութի եւ Ույունի քաղաքապետական խորհուրդները: Հարաւային արուարձաններուն մէջ ի չգոյէ մրցակից թեկնածուներու ընտրուած են Պըրժ Պարաժինայի, Թահուիթաթ Ղատիր-Լայլաքիի եւ Շիահի քաղաքապետութիւնները, Ալէյ գաւառին մէջ Պըտղանի քաղաքապետութիւնը, Շուֆի մէջ Ժատրայի, Տահր Մղարայի, Այն Հաուրի, Մազրաաթ Տահրի եւ Պսապայի քաղաքապետութիւնները: Քեսրուանի մէջ Զհայթրիի, Ժուրեթ Պատրանի, Քֆուրի, Մհայսրայի, Հասինի եւ Ղոսթայի քաղաքապետութիւնները, իսկ Ժիպէյլի 40 գիւղերէն 6-ը` Ֆիտար, Ֆըթրի, Մանսէ, Մազրաաթ Սայիատ, Ըտտէ, Մազարիպ-Ըրսնա:

187 թաղապետներ եւս առ ի չգոյէ մրցակից թեկնածուներու ընտրուած են:

Լեռնալիբանանի մէջ թեկնածուներու թիւը 9321 էր` 8142 այրեր եւ 1179 կիներ:

Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար շաբաթ օր հրապարակեց հրամանագիր մը` ընտրութեան հեզասահ ընթացքին ապահովման համար յետաձգելով Շուֆ գաւառի Նաամէի եւ Հարեթ Նաամէի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները:

Նախարարը երէկ յայտարարեց. «Նաամէի եւ Հարեթ Նաամէի մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն համար առաւելագոյնը երկու ամսուան պայմանաժամ ճշդեցի»:

«Բոլոր մարդոց երաշխաւորը պետութիւնն է, եւ վերջինիս պարտաւորութիւնն է զանոնք ընդունիլ», աւելցուց նախարարը:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն քուէարկութեան մեկնարկէն անմիջապէս ետք ներքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարներուն ընկերակցութեամբ այցելեց ներքին գործոց նախարարութեան մէջ ընտրութիւններու հսկողութեան գրասենեակ:

Նախագահ Աուն յայտարարեց. «Մեր դերը ընտրութիւններուն անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը ապահովելն է, եւ ամբողջ օրը պիտի հետեւինք ընտրական հոլովոյթին»:

«Քաղաքապետութիւններուն դերակատարութիւնը հիմնական է, եւ անոնց 90 առ հարիւրը լուծարուած է, եւ ասիկա քաղաքական հոլովոյթ է: Լիբանանցի քաղաքացիին կ՛ըսեմ, որ ասիկա առիթդ է, քուէարկէ՛ այն անունին, որ յարմար կը նկատես եւ կ՛ապահովէ քաղաքիդ կամ գիւղիդ շահը, որովհետեւ միայն դուն, ո՜վ քաղաքացի, կը կրես այս պատասխանատուութիւնը, եւ մի՛ արտօներ, որ նիւթական կամ կուսակցական ազդակները ազդեն որոշումիդ վրայ», նշեց նախագահը:

«Ապահովական մարմինները խիստ ցուցմունքներ ստացան հետեւելու ընտրական հոլովոյթին եւ երաշխաւորելու անոնց հեզասահ ընթացքը», շեշտեց նախագահ Աուն:

Այնուհետեւ հանրապետութեան նախագահը այցելեց Լեռնալիբանանի նահանգի կեդրոն` Պաապտայի սերայ` ծանօթանալու համար Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու մեկնարկով որդեգրուած քայլերուն: «Այն, ինչ որ կը տեսնենք քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ, հպարտութիւն կը պատճառէ, հակառակ համեստ կարողութիւններուն»:

Ան նաեւ նոյն նպատակով այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր յայտարարեց. «Վստահ եմ, որ ընտրական օրը հեզասահ պիտի անցնի, եւ այս օրը ներքին ու արտաքին դրական պատգամներ պիտի յղէ»:

«Այն, ինչ որ այսօր Լեռնալիբանանի մէջ կը տեսնենք, մնացեալ նահանգներուն խթան պիտի հանդիսանայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նպատակը քաղաքապետութիւնները կազդուրելն է` ամբողջ հայրենիքի կազդուրման ճամբան հարթելու համար»:

Նախագահ Աուն ապա այցելեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայան: Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի այսօր Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայան կատարած պատմական այցելութիւնը իր տեսակին մէջ առաջինն է, եւ անոր զօրակցական կեցուածքը յստակ պատգամ է, թէ ոտքի կանգնիլ սկսած պատկերասփիւռի կայանին խնդիրը Լիբանանն է, եւ պիտի գոյատեւէ, շարունակուի եւ բարգաւաճի»:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար Շհիմի մէջ քուէարկելէ ետք յայտարարեց, որ ուրախ է առաջին անգամ ըլլալով քուէարկելուն համար:

«Քաղաքապետական ընտրութիւնները 9 տարի ետք տեղի ունեցան եւ հաստատեցին սահմանադրական գործընթացները իրենց ժամկէտին կատարելու նոր իշխանութեան վճռականութիւնը», նշեց ան:

Նախարարը ապա այցելեց Ղպէյրիի «Ահմետ Քազմա» պետական երկրորդական վարժարանին մէջ քուէարկութեան կեդրոն, ուր յայտարարեց. «Շտապ հաղորդակցութեան գիծի վրայ հաղորդակցութիւնները կան, եւ կարգ մը չնչին բացթողումները լուծուեցան, հարցերը լաւ ընթացք ունին, եւ Նաամէի մէջ ընտրութիւններու խնդիրին ուղղակի կերպով պիտի հետեւիմ, որովհետեւ պետութիւնը քաղաքացիներուն երաշխաւորն է եւ պէտք է զանոնք ընդունի»:

Նախարարը ըսաւ, որ պետութիւնը չէզոք դիրքի վրայ է` նշելով. «Պետութեան վարչութիւններէն ու պաշտօնեաներէն պահանջեցի չմիջամտել, որեւէ խախտումի դէմ պայքարիլ եւ նախանձախնդիր ըլլալ ընտրական հոլովոյթի հեզասահ ընթացքին ու պարկեշտութեան»:

«Ընտրութիւններ կատարելը կը հաստատէ, որ որեւէ ոլորտի մէջ յաջողութիւնը կամք կը պահանջէ, եւ կը յուսամ, որ ընտրութիւնները հեզասահ կ՛ընթանան եւ լիբանանցիները հետաքրքրող բարգաւաճման աշխատանքի բաժանումը տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ ան:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Քուէդ երկիրդ է, քուէդ ապագադ է, քուէդ խիղճդ է, ուստի զայն լուռ մի՛ ձգեր»:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Լիբանանի նոր փուլ մուտք գործելու նշաններէն ու ցուցանիշերէն է ընտրական հոլովոյթները իրենց ժամկէտին կատարելու յանձնառութիւնը: Յետաձգում, երկարաձգում կամ որեւէ պատրուակ չկայ, այլ ժամկէտներու խիստ յարգում, որ լրջութիւն եւ մարդոց իրենց կարծիքը արտայայտելու եւ փոփոխութիւն կատարելու իրաւունքի յարգում ցոյց կու տայ»:

Ան շնորհաւորեց կառավարութիւնը քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու եւ գործնական ու գումակային պատրաստութիւնները կատարելու համար, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` խուռներամ մասնակցութիւն բերելու այս հոլովոյթին, որ «ուղղակիօրէն կ՛ազդէ անոնց առօրեայ կեանքին վրայ եւ կը նպաստէ, եթէ ճիշդ քուէարկեն, իրենց գիւղերուն վիճակը բարելաւելու եւ զարգացնելու, զանոնք բարգաւաճման ու կենցաղային առումով արդիականացնելու»:

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հատի Ապու Հասան յայտնեց. «Յոյսը սկսաւ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու մեկնարկով սահմանադրական հոլովոյթներու յարգումի ճամբով իրականանալ»` աւելցնելով, որ անիկա «իշխանութեան ու կառավարութեան յաջող մեկնարկ է, եւ երդման ճառին ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի յարգումը»:

Ան կոչ ուղղեց, որ «այսօրը ըլլայ դրական մրցակցութեան առիթ մը եւ ժողովրդավարական հարսանիք մը, որ կը մարմնաւորէ բարգաւաճման եւ Լիբանանի համար աւելի լաւ ապագայի նկատմամբ մարդոց ձգտումները»:

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Փիեռ Ապու Ասի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «1960-էն ի վեր գործող քաղաքապետական ընտրութիւններու օրէնքի վերատեսութիւնը հրատապ է, ինչպէս նաեւ բնակութեան վայրին մէջ եւ ոչ թէ պետական արձանագրութեան տոմարի համաձայն քուէարկելը եւս շատ կարեւոր է: Ուստի կը կարծեմ, որ քաղաքացիներուն երկու վայրերուն միջեւ ընտրանք կատարելը պէտք է արտօնել»:

«Մասնաւորաբար մայրաքաղաք Պէյրութի շուրջ մարդկային գօտի գոյութիւն ունի. քաղաքներու բնիկները երբեմն բնակիչներուն մէկ քառորդը չեն կազմեր, եւ ասիկա ոմանց կ՛արտօնէ քաղաքապետարանին վերահսկել` յենելով բնիկներուն քուէին վրայ, երբ այդտեղ բնակողները քաղաքապետական տուրքը կը վճարեն, սակայն անոր մէջ որեւէ դերակատարութիւն չունին: Ուստի աշխատանքը պիտի չշտկուի եւ հաշուետուութիւն տեղի պիտի չունենայ, եթէ բնակողները մասնակից չդարձուին», նշեց երեսփոխանը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Էլիաս Հանքաշ Ռումիէի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Մարդիկ կարօտցան ժողովրդավարական այս հարսանիքին»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին, ներքին գործոց նախարարին ու ապահովական ուժերուն` իրենց թափած մեծ ջանքերուն համար:

«Կը յուսանք, որ այս ընտրութիւնները խորհրդարանական պարկեշտ ընտրութիւններու հիմը կը դառնան, եւ մեր գիւղերը վերստին կը բարգաւաճին, մասնաւորաբար Ռումիէ գիւղը կարիքը ունի յաւելեալ բարգաւաճման` նուազեցնելու համար երիտասարդներու արտագաղթը: Քաղաքապետութիւնները պէտք է բարգաւաճման ուղղութեամբ աշխատին` իրենց երիտասարդները պահելու համար», ըսաւ երեսփոխանը:

Երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յոյս յայտնեց, «որ այսօրուան ընտրութիւնները սահմանադրական երթի մը սկիզբը ըլլան»:

Ան ողջունեց հանրապետութեան նախագահն ու կառավարութիւնը «քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները այսօր կատարելով` քաղաքական կանոնաւոր կեանքի վերականգնման եւ սահմանադրական ժամկէտներու յարգման համար»:

Նախկին նախագահ Միշել Սլէյման Ամշիթի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Ընտրութիւնները ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կը նշանակեն, եւ քաղաքացին պէտք է քաղաքապետական խորհուրդին ճամբով իր ապագան ընտրէ»:

Ան կոչ ուղղեց` վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնն ու կիներու բաժնեմասը կիրարկելու:

«Ես ընդհանուր առմամբ փոփոխութեան կը զօրակցիմ, եւ իշխանութեան վրայ մնալ շարունակելը վնասակար է», նշեց հանրապետութեան նախկին նախագահը:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան Տէր Քամարի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Ընտրութիւնները նոր իշխանութեան օրով շատ կարեւոր քայլ են: Քաղաքապետութիւնը պէտք է բարգաւաճման դերակատարութիւն ունենայ»:

Երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն Ղատիրի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Բարգաւաճումը որեւէ ընտրացանկի մենաշնորհը չէ: Մեկնելով ատկէ, մասնակցեցայ դաշինքին, որուն մէջ ոչ ոք կարելի է տապալել, այլ նպատակը Ճիւնիի բարգաւաճումն է, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մէջ փոխհասկացողութիւններու դուռ կը բանայ»:

«Բարգաւաճումն ու զարգացումը միասնականութիւն ու համախոհութիւն կը պահանջեն` հեռու մնալով քաղաքական մրցակցութենէ», նշեց երեսփոխանը:

Խազեն շնորհաւորեց կառավարութիւնը, «մասնաւորաբար ներքին գործոց ու քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժարը այն ջանքին համար, որ նախարարութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ թափեց` իրագործելու համար այս մեծ գործընթացը, որ քաղաքական տագնապներու պատճառով երեք անգամ յետաձգուած էր»:

Ներքին գործոց նախարարը աւելի ուշ «Լեպանոն Տիպէյթ»-ին յայտնեց. «Այսօր ընտրական հոլովոյթի աւարտէն ետք պիտի սերտենք, թէ յառաջիկայ քուէարկութեան օրերուն ի՛նչ կրնանք բարելաւել»:

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս Մեթն գաւառին մէջ քուէարկելէ ետք կոչ ուղղեց մասնակցելու ժողովրդավարական ընտրութիւններուն` նշելով. «Պետութիւնը հանրապետութեան նախագահի ցուցմունքով նախանձախնդիր է այս գործընթացը իր ժամկէտին կատարելու` ամենայն հեզասահութեամբ եւ հանդարտութեամբ»:

«Թող ժողովրդավարական պայքար ըլլայ, եւ այս օրուան աւարտին թող պարտուողը յաղթողին շնորհաւորէ, ըլլայ քաղաքապետական կամ թաղապետական մակարդակի վրայ, ամենայն խաղաղութեամբ, ժողովրդավարութեամբ եւ քաղաքակրթութեամբ: Ասիկա փաստ է, թէ կառավարութիւնը, ցուցմունքովը հանրապետութեան նախագահին, որուն տեսաք առտուն այցելութիւններ կը կատարէ, եւ վարչապետը, որ երէկ երեկոյեան կոչ ուղղեց, նախանձախնդիր են այս գործընթացին», ըսաւ կառավարութեան բանբերը:

Մըրքոս շնորհաւորեց ներքին գործոց նախարարութեան կատարած կազմակերպական աշխատանքը եւ նշեց. «Քանի մը անգամ յետաձգուելէն ետք, կառավարութեան պնդեց սահմանադրական ժամկէտները յարգելուն վրայ, որպէսզի թերեւս լիբանանցիները այլեւս վստահ կ՛ըլլան, թէ նախագահական նոր իշխանութեան եւ այս նոր կառավարութեան օրով, ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները, ընտրութիւններու իրենց ժամկէտին կատարման շուրջ չեն կասկածիր»:

Ան եզրափակեց ընդգծելով կարեւորութիւնը բարգաւաճման մէջ ապակեդրոնացեալ դրութեան, ուր քաղաքապետարանները կը կազմեն միաւորներ, որոնց միջոցով կեանքի կը կոչուի շրջաններու բարգաւաճումը, ուստի ատիկա կեդրոնական պետութեան ուսին չի մնար»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայել Պիքֆայայի մէջ քուէարկելէ առաջ յայտնեց. «Չենք կրնար տօնակատարութիւն կատարել ամէն անգամ, որ ընտրական գործընթացը կատարենք, որովհետեւ ատիկա բնական բան է: Կարեւորը այն է, որ նոր իշխանութիւնն ու նոր կառավարութիւնը վերականգնեն այս բնական աշխատանքը, եւ լաւ ձեւով տեղի ունենայ, որպէսզի աշխարհի բոլոր երկիրներուն նման վերադառնանք ժողովրդավարական ճիշդ կեանքին»:

«Անցնող տարիներուն կուտակում կար անձերու, որոնք քաղաքապետարաններուն մէջ իրենց աշխատանքը տարին ոչ ժողովրդավարական ձեւով, եւ մենք այսօր կը փորձենք կարգ մը գիւղերու մէջ վերատիրանալ այդ ժողովրդավարութեան», նշեց ան` պատասխանելով հարցումի մը:

Անդրադառնալով ընտրական դաշինքներուն` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը ըսաւ. «Երբ ընտանիքները մասնակից կը դառնան, քաղաքական խառնուրդ կը ստեղծուի, մանաւանդ փոքր գիւղերուն մէջ, իսկ մեծ քաղաքներուն մէջ հարցերը աւելի քաղաքականացուած են»:

Պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսա Տքուենիի մէջ քուէարկելէ ետք ողջունեց «այս ազգային գործընթացի յաջողութեան համար թափուող բոլոր ջանքերը»` շեշտելով քաղաքացիներուն մօտ կարծիքի եւ խօսքի ազատութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ան նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնն ու բանակը բոլոր նախազգուշական քայլերը որդեգրած են, որպէսզի ընտրական հոլովոյթը հեզասահ եւ ապահով ընթանայ:

«Մինչեւ հիմա որեւէ ապահովական կամ վարչական դէպք չարձանագրուեցաւ, որովհետեւ այս օրուան պատրաստութիւնը տեսնուեցաւ, եւ ներքին գործոց նախարարը պէտք եղածը կատարեց, իսկ մենք անոր կը զօրակցինք եւ թիկունք կը կանգնինք», նշեց ան:

Երկրագործութեան նախարար Նիզար Հանի Շուֆի Պաատարան գիւղին մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց. «Քաղաքապետական ընտրութիւնները հայրենիքի կեանքին եւ ներկայ կառավարութեան ծրագիրին մէջ կարեւոր փուլ են, եւ կառավարութեան հիմնական յանձնառութիւններէն մէկը ընտրութիւնները կատարելն է»:

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա Իքլիմ Խարրուպի Շհիմ գիւղին մէջ քուէարկելէ ետք յայտարարեց. «Այս իշխանութիւնն ու այս կառավարութիւնը խոստացան եւ կատարեցին իրենց խոստումը: Ասիկա բացառապէս սահմանադրական գործընթաց է: Ապահովութիւն կը տիրէ, եւ մրցակցութիւնը չափազանց ժողովրդավարական ու քաղաքակիրթ է»:

Ազգային համաձայնութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Պիլալ Թաքիէտտին յայտնեց. «Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն իրենց ժամկէտին տեղի ունենալը (պետական) հաստատութիւններու աշխատանքի շարունակման եւ ընտանիքներուն ու քաղաքական ուժերուն քուէատուփեր դիմելուն ապացոյց է, ուստի շարք մը պետութիւններ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն այս տեղական գործընթացին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Լիբանանին առնչուած շրջանային ու միջազգային մթնոլորտը կրցաւ քաղաքապետական այս գործընթացի կայացման ուղղութեամբ մղել: Յստակ է, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները լիբանանցիներուն համար առիթ են փոփոխութիւն կատարելու` ընտրելով ամէնէն ատակը, մաքրագոյնը` բոլոր շրջաններուն մէջ բարգաւաճում իրագործելու համար»:

Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժար քուէարկութեան աւարտէն քիչ առաջ հանդիպում ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոսի հետ եւ նշեց. «Ընտրութիւնները հեզասահ եւ ժողովրդավարական ձեւով ընթացան»:

Ընտրութիւններու աւարտէն ետք, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ այցելեց ներքին գործոց նախարարութեան գործողութիւններու կեդրոնական գրասենեակ` քուէներու հաշուարկման հետեւելու համար:

Վարչապետը յայտնեց. «Այսօրուան ընտրական հոլովոյթը ընթացաւ հեզասահ ու ապահով կերպով, եւ թերութիւնները քիչ էին»` նշելով. «Տեսայ, թէ ինչպէ՛ս վարչական բողոքները կը հետապնդուին, եւ անոնց մեծամասնութիւնը լուծուեցաւ»:

«Ասիկա առիթ մըն է ընտրելու, քաղաքապետարանները վերանորոգելու եւ բարգաւաճման դերակատարութիւնը կեանքի կոչելու: Ժամադրուած ենք յառաջիկայ շաբաթ, եւ այդ ատեն կ՛ամբողջանայ ժողովրդավարական հոլովոյթը, եւ վերանորոգած կ՛ըլլանք քաղաքապետարանները եւ անոնց մէջ նոր արիւն ներարկած», նշեց վարչապետը:

Ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Լեռնալիբանանի ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը 45,25 առ հարիւր է, եւ քուէարկողներուն թիւը` 377449:

 

Նախորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրենց Քաղաքացիներուն Արտօնեցին 7 Մայիսէն Սկսեալ Լիբանան Այցելելու

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայութիւնը Ապացուցեց, Որ Յանձնառու Է Տէր Կանգնելու Իր Իրաւունքներուն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?