————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի վաստակաւոր ընկերներէն`
ՎԱՐԴԳԷՍ (ՎԱԳՕ) ԽՏԸՐԼԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 1 մայիս 2025-ին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը (ԱՊՊԱ) կը գուժէ իր հիմնադիր սերունդէն եւ վաստակաշատ անդամներէն`
ՎԱՐԴԳԷՍ (ՎԱԳՕ) ԽՏԸՐԼԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 1 մայիս 2025-ին, Պէյրութի մէջ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Արաքսի Խտըրլարեան
Օրիորդ Բալիկ Խտըրլարեան եւ խօսեցեալը
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Վանա Աբգարեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Մարք եւ Նարօտ Կիւրեղեան
Տիկին Երան Խտըրլարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարալ Խտըրլարեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Համօ եւ Անգինէ Թորոս եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Բենօ եւ Սիւզի Բիլաւճեան (Սուրիա)
Տիար Եղիկ Բիլաւճեան (Սուրիա)
Խտըրլարեան եւ Բիլաւճեան ընտանիքներ
Չուխաճեան եւ Քէօրօղլեան ընտանիքներ
Պէքէրեան եւ Չիլաբօշեան ընտանիքներ
Գայայեան եւ Աբգարեան ընտանիքներ
Կիւրեղեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՎԱՐԴԳԷՍ (ՎԱԳՕ) ԽՏԸՐԼԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1956-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 1 մայիս 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 2 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, այսօր` շաբաթ, 3 մայիս 2025-ին, նոյն վայրը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
«Աղասարգիսեան» հաստատութիւնը կարիք ունի երիտասարդ պաշտօնեայի մը` գանձարկղի վրայ աշխատող եւ հաշուեցոյց (invoicing) գրող, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: Դիմել` հեռ. 01/241000: