Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Պատանի Ու Երիտասարդ Ջահակիրները

Մայիս 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Անվախ ու վեհ ղեկդ վարէ անծանօթին դէմ-դէմի.
Անզղջալի առաջ գնա…»
Ա. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 23 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած երիտասարդական ջահերթն ու ապրիլ 24-ին նմանապէս դէպի Ծիծեռնակաբերդ ժողովրդային թափօրը եղան Ցեղասպանութեան յիշատակման բարձրակէտ աքթերը: Անոնք միայնակ զանգեր չէին, այլ արձագանգ գտան աշխարհով մէկ, տարբեր հայօճախներու մէջ ցոյցերով, յուշահանդէսներով ու արդարատենչութեան այլազան արտայայտութիւններով: Մեր մամուլը այդ բոլորին լայն տեղ տուաւ եւ մէկ յայտարարի վրայ հաւաքեց արտայայտուած կեցուածքները, որոնք կը խտանան հետեւեալներով. Ցեղասպանութիւնը չենք կրնար մոռնալ, Ցեղասպանութիւնը միայն հայը տագնապեցնող ոճիր չէր, հայը չի կրնար ուրանալ կամ ժխտել պատմական փաստերը, իր ձայնն ու ձեռքերը միացած պիտի պահէ` ի խնդիր արդարութեան հաստատման` հողային եւ նիւթական կորուստներու արդար հատուցման, ցեղասպանները հաշուետուութեան կանչելու…

Ոճրագործներուն դէմ բողոքի ու արդարատենչութեան ալիքներէն այս սիւնակին մէջ կ՛ուզենք առանձնացնել քանի մը պատկեր, որոնք այլապէս ունին նոյն հասարակ յայտարարը. ատիկա կը կոչուի մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն պահանջատիրական ձայները, որոնք հնչեցին տարբեր երկինքներու տակ: Հոս ալ պիտի ունենանք ընտրովի մօտեցում, որովհետեւ կարելի չէ արձանագրել բոլորը, իսկ ընտրովի մօտեցում` չի նշանակեր անտեսել կամ արհամարհել այստեղ չյիշատակուածները:

Աշակերտական Եւ Պատանեկան Ձայներ

Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտները այս տարի եւս քայլարշաւ մը կատարեցին Մոնթեպելլոյի մէջ` յիշելով ու յիշեցնելով Ցեղասպանութիւնը, անոր անպատիժ մնացած ըլլալը եւ «Կը յիշեմ»-ը, «Պէտք չէ կրկնուի»-ն եւ նման կեցուածքներ: Այլ գաղութներու աշակերտներ եւս լսելի դարձուցին իրենց ձայնը:

«Ազդակ»-ի եւ «Ասպարէզ»-ի ընթերցողները անկասկած որ յուզումով եւ հոգեկան խռովքով ողջունեցին այն աշակերտները, որոնք լայն տեղ գրաւած էին ապրիլ 24-ի բացառիկ թիւերուն մէջ: Եթէ «Ասպարէզ»-ը հիւրընկալած էր Ազգ. «Ալեք Փիլիպոս» երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն արձակ ու չափածոյ գրութիւններու փունջ մը, այդ էջերը ընկալեցինք իբրեւ մէկ ներկայացուցիչը մեր բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն, որովհետեւ բոլորէն գրութիւններու հաւաքագրումը պիտի նշանակէր… ամբողջ բացառիկը կամ աւելին յատկացնել աշակերտներուն (թերեւս օր մը այդ քայլն ալ պէտք է առնուի): Այդ էջերը ի յայտ բերած էին, թէ մեր մատղաշ սերունդը ինչպիսի՛ յանձանձութեամբ կապուած է իրեն փոխանցուած արդարատենչութեան դրօշին, նոյն ոգիով է, որ մէկը արձագանգ կ՛ըլլայ միւսին, գիտէ, թէ Ահարոնեան մը ինչո՛ւ ըսած է` «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»:

«Ազդակ»-ի էջերը աւելի խայտաբղէտ էին. հոն զիրար գտած էին` «Զաւարեանական»ը, ԼԵՄ-ականը, պատանեկան միութիւններու անդամներ, Անթիլիասի դպրեվանքի սաներ, առանց մոռնալու երիտասարդական այն հաւաքը, որ իբրեւ հերթական ուխտագնացներ` փաղանգ մը համախմբած էր Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին շուրջը: Կարդալով այդ սիւնակները` ընթերցողը անգամ մը եւս վկայ դարձաւ, որ հայ պատանին ու երիտասարդը նո՛յն գիտակցութեամբ եւ կամքով կանգնած են մեր Դատի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, թէ` պէյրութցին ու լոս-անճելըսցին ո՛չ միայն նոյն հնչեղութեամբ կ՛արձագանգեն իրարու, այլ նաեւ ունին պահանջատիրութեան համահունչ ձայնակիցներ` աշխարհի չորս ծագերուն, իսկ բոլորը, կրկնենք, կ՛արձագանգեն Երեւանէն բարձրացած կոչին:

Լարք–ի Գեղարուեստական Ձեռնարկը

Պատանեկան եւ երիտասարդական կամքի այս գեղեցիկ խճանկարին մէջ իւրայատուկ գոյներ ունէր Կլենտէյլի «Լարք» երաժշտանոցի սաներուն գեղարուեստական հանդէսը, 25 եւ 26 ապրիլին: Գիրի ու խօսքի փոխարէն` հոն տիրապետողը արուեստի լեզուն էր` երգ, պար, ասմունք ու նուագ-երաժշտութիւն: Սա վկայութիւն մըն էր, որ պահանջատիրութիւնը ունի արտայայտութեան տարբեր լեզուներ, եւ արուեստը այդ լեզուներուն շարքին բաւական ազդեցիկ է ու համակող, վարակող: Ուշագրաւ էր հանդէսին համար ընտրուած ընդհանուր խորագիրը` Վահագնի վերածնունդը, որ բեմին վրայ արտայայտութիւն գտած էր արուեստի մէկ այլ լեզուով` գեղանկարչութեամբ: Վահագնը այսօր ալ կենդանի է ու պատրաստ` քաղելու հայութեան ու մեր հայրենիքին սպառնացող վիշապները…

Փակագիծ մը բանալով` արձանագրենք, որ արուեստի լեզուն ի գործ դրուած էր նաեւ երէցներու կողմէ, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցած երաժշտական յայտագիրով մը (հոն ալ երիտասարդներ բաժին ունէին, յամենայն դէպս), սակայն մեր կիզակէտը, ինչպէս ըսինք սկիզբէն, մեր պատանիներն ու երիտասարդներն են, այլ խօսքով` ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ, որ ահաւասիկ գործնապէս ցոյց կու տայ, թէ Երեւանի մէջ կամ այլուր, աւելի երէց երիտասարդներու ու ծնողներու` «նախկիններու» կողմէ բարձրացուած ջահը վար պիտի չիյնայ, այլ դրօշարշաւը` ջա՛հարշաւը պիտի շարունակուի նոր հասնողներուն կողմէ` նո՛յն կամքով, նո՛յն յանձնառութեամբ եւ աճող խանդավառութեամբ, ուժականութեա՛մբ:

Մեր պատանիները` աշակերտ, միութենական, արուեստագէտ թէ այլ, գործնական վկայութիւն կը բերեն ու կը մարմնաւորեն այն, որ կաթիլ-կաթիլ, ալիք-ալիք հարուածող ջուրը ժայռեր կը ծակէ-կ՛անցնի, ծովափի խարակներ կը խորտակէ, միանալով` կը կազմէ յորձանուտ, որ կը քանդէ իրաւունքիդ դէմ կանգնող, խափանող արգելակները, նաւդ կը հասցնէ արդարութեան նաւահանգիստ:

28 ապրիլ 2025

 

 

 

Նախորդը

Մայիս 1-ը` Աշխատանքի Եւ Աշխատաւորներու Միջազգային Տօն

Յաջորդը

Կլոր Սեղան-Սեմինար` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?