Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Չկրցանք խաղաղութեան համաձայնութիւնները շարունակել, որովհետեւ արաբական աշխարհին մէկ մասը, ներառեալ պաղեստինցիները, մեր դէմ կը գործէին»: Ան նաեւ նշեց. «Խաղաղութեան առջեւ ծառացած մեծագոյն արգելքը պաղեստինցիներուն հրէական պետութիւնը ճանչնալ մերժելն է»:
«Հրէական պետութիւնը ճանչնալ մերժելը շրջանին մէջ 100 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող տագնապին պատճառն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման գաղափարը անհեթեթ է, «տեսանք, թէ Կազայի մէջ պաղեստինեան պետութիւնը ի՛նչ բերաւ: Պաղեստինցիները չեն ուզեր Իսրայէլի կողքին պետութիւն ստեղծել, այլ Իսրայէլի մէջ պետութիւն ստեղծել»:
«Յաջողեցանք Իրանի դէմ սեղանը շրջել եւ սահմանափակել շրջանին մէջ այդ երկրի սպառնալիքներէն շատերը», ըսաւ ան` նշելով. «Իրանեան առանցքը քանդեցինք, սակայն տակաւին շատ աշխատանք ունինք կատարելիք: Իրանցիները 10 տարի ետ տարինք, երբ կը կարծէինք, թէ հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու մօտ են»:
«Իրանեան հիւլէական կայաններն ու իւրանիոմի հարստացման կառոյցները պիտի քանդենք` վստահ ըլլալու համար, որ անոնք որեւէ նպատակով պիտի չկարենան հարստացում կատարել»:
«Փէյճըրներու պայթեցման գործողութեամբ Հըզպալլային ահաւոր ցնցում պատճառեցինք», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետը` պնդելով. «Քանի մը ժամէն քանդեցինք զէնքեր եւ հրթիռներ, որոնք Հըզպալլան 30 տարիներէ ի վեր կը պատրաստէր»:
«Որոշեցինք ամերիկացիները Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի թիրախաւորման մասին տեղեակ պահել միայն այն ժամանակ, երբ գործողութեան գործադրութեան նախօրեակին մեր ռմբաձիգները օդը բարձրացան», ըսաւ ան:
«Կարգ մը անձեր իրապէս կարելի չէ փոխարինել, եւ Նասրալլան անոնցմէ մէկն էր, եւ զինք սպաննեցինք», յայտնեց Նեթանիահու: