Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հարուածները Չշեղել Թիրախէն

Ապրիլ 29, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վատիկանի Գրիգորեան համալսարանին մէջ, տեղւոյն ազրպէյճանական դեսպանութեան կազմակերպած «գիտաժողով»-ը փոթորկեց հայկական աշխարհը: Պէտք է արձանագրել, որ ընտրուած թէ՛ նիւթով եւ թէ՛ վայրով Պաքուի համապատասխան իշխանութիւնները նպատակաուղղուած թիրախաւորումներ կատարած էին: Այս թիրախները կարելի է  ըսել խփուած էին Պաքուի կողմէ, մանաւանդ որ անոնք լրիւ կը տեղաւորուէին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուող մշակութային ցեղասպանութեան ընդհանուր ծրագիրին մէջ:

Արցախի մշակութային ցեղասպանութիւնը երեք հիմնական ուղղութիւն կ՛ընդգրկէ: Առաջինը հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան որոշ կառոյցներու ճարտարապետական վերափոխումն է: Երկրորդը առանց հպելու կառոյցներուն, զանոնք իբրեւ աղուանական կամ ուտիական ներկայացնելն է եւ երրորդը ամբողջական բնաջնջումն է: Երեքն ալ մաս կը կազմեն հայկական հետքերու ջնջման ընդհանուր քաղաքականութեան:

Կը թուի, որ գիտաժողովի  ընտրուած նիւթը եւ ներկայացուած զեկուցումները կեդրոնացած էին երկրորդ ուղղութեան վրայ: Իբրեւ թէ փաստել, որ այսօրուան Ազրպէյճանի նախկին բնակիչներուն մէջ կային քրիստոնեաներ, որոնք հայ չէին եւ որոնք քրիստոնէական մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան ձեւաւորման մէջ կարեւոր աւանդ ունեցած են: Պատմութեան նենգափոխման այս քաղաքականութիւնը նուրբ մարտավարութեամբ տեղի կ՛ունենայ: Նպատակը` հայկական տարածքներու վրայ գտնուող հայկական ճարտարապետական կառոյցներու ապահայացումն է քրիստոնէութեան շահագործումով: Աւելի հեռահար կտրուածքով` քրիստոնէադաւան աշխարհի սիրաշահումով հայ-քրիստոնեայ աշխարհ հակասութիւններու ստեղծումը:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուի վայրի ընտրութիւնը: Համաքրիստոնէական կեդրոն նկատուող Վատիկան թափանցելու համար, նախ տեղացնել նաւթատոլարներ, ստանալ շքանշաններ, յետոյ ներկայանալ իբրեւ քրիստոնեայ նախկիններու իրաւաժառանգորդներ:

Բացայայտելն ու իրազեկելը այս բոլորը ճիշդ պիտի ըլլար անշուշտ հայկական կողմին համար: Այս նախաձեռնութեան բուն շարժառիթներուն մասին խօսիլն ու մանաւանդ այս աշխատանքին բազմապատիկը` բուն պատմութիւնը լուսաբանելը աւելի հզօր ազդեցութիւն պիտի ունենար անշուշտ:

Սակայն հրամայական է ազրպէյճանական թակարդին ներքաշուելէ հեռու մնալը: Պաքուն այս ձեւով նպատակադրած է, որ հայկական կողմը իր քարոզչաքաղաքական թնդանօթները լարէ Վատիկանի եւ առ այդ քրիստոնէական կեդրոններու դէմ, որպէսզի ստեղծէ վիհ եւ այդ վիհին մէջ ինք կարենայ աւելի լայն կարելիութիւններ ունենալ պատմութիւնը նենգափոխելու եւ իբրեւ քրիստոնեայ նախկիններու իրաւաժառանգորդ ներկայանալու քրիստոնեայ աշխարհին:

Կրօնական հանգամանքի հակառակ կողմի շահարկումն է, որ տեղի կ՛ունենայ այս ձեւով: Եթէ մէկ կողմէ իսլամական կրօնի օգտագործումով իսլամական աշխարհին մէջ Ազրպէյճան հակահայաստանեան եւ հակահայկական դիրքորոշումներ կ՛ապահովէ եւ որոշումներու ու բանաձեւերու մշակման գործընթացին վրայ կ՛ազդէ, հիմա քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը կ՛ապահայացնէ եւ իբրեւ նախաազրպէյճան կը հրամցնէ այս անգամ քրիստոնեայ աշխարհին:

Այս հակագիտականութիւնը գիտական աշխարհին մէջ արդիւնք չի տար: Քաղաքականին մէջ սակայն կրնայ կարճաժամկէտ առաւելներ ապահովել: Մանաւանդ եթէ մենք ներքաշուինք ծուղակին եւ շարունակենք յարձակիլ Վատիկանի կամ քրիստոնէական այլ հաստատութիւններու վրայ` զանոնք մեղադրելով այս կարելիութեան տրամադրման համար:

Վատիկանը զուտ կրօնական կեդրոն չէ: Պետութիւն է եւ ունի պետական քաղաքականութիւն: Տնտեսութիւն է նաեւ, ուր Ազրպէյճանը ունի գերակայութիւն հայկական կողմին վրայ:

Այս բոլոր հանգամանքները նկատելով, հայկական կողմը պիտի շարունակէ արծարծել Վատիկանի անհերքելի արխիւներուն հազարաւոր նիւթերը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Վատիկանի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին հնչած խօսքերը կամ քահանայապետին ուխտագնացութիւնը դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր:

Հայկական կողմը այս ոլորտին մէջ ունի գերակայութիւն: Պետութեան ղեկին վրայ յայտնուածները պիտի անդրադառնան, որ այս բոլորը կ՛արդիւնաւորուին եւ կը տապալեն Պաքուի փորձերը պետութիւն-եկեղեցի համակարգումով եւ դերերու բաշխումով միայն:

Նախորդը

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտներու Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին Յարգանքի Հաւաք

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?