Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մետալի Հակառակ Կողմը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Լիբանանի Մէջ

Ապրիլ 26, 2025
| Գաղութային, Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, կիրակի, 27 ապրիլին եւ երկուշաբթի, 28 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մետալին հակառակ կողմը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը։ Զոյգ ելոյթներուն ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանէն հրաւիրուած ժապաւէնի արտադրող եւ գլխաւոր դերասանուհի Աննա Մաքսիմը։

«Մետալի հակառակ կողմը» ժապաւէնը կը ներկայացնէ ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Նազիկ Աւտալեանի կեանքն ու մարզական ասպարէզը։ Անիկա հիմնուած է իսկական դէպքերու վրայ։ Առաջին անգամ ցուցադրուած է 12 սեպտեմբեր 2024-ին։

Ժապաւէնին նիւթին առանցքը կը հանդիսանայ ինքնաշարժի արկածի իբրեւ հետեւանք ծանրօրէն վիրաւորուած Նազիկ Աւտալեանի պայքարը. արդարեւ,  7 տարի մարզական ասպարէզէն հեռու մնացած Աւտալեան կրկին կը վերադառնայ մարզական կեանք եւ, հակառակ շրջապատի անվստահութեան եւ իր մարմնական անհանդուրժելի ցաւերուն, կը դառնայ Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան:

Ժապաւէնին դերասաններն են Աննա Մաքսիմ, Խորէն Լեւոնեան, Սօս Ճանիբեկեան, Մկրտիչ Արզումանեան, Բաբգէն Չոպանեան, Արտաշէս Ալեքսանեան, Անահիտ Քոչարեան, Արուսիկ Գրիգորեան եւ Կարէն Գիլոյեան։

Արդէն եօթը ամիս է ի վեր ցուցադրուող «Մետալի հակառակ կողմը» ժապաւէնը կը շարունակէ հայ հանդիսատեսին համակրանքը նուաճել: Այս ամիսներուն ընթացքին անիկա ցուցադրուեցաւ Երեւանի, Հայաստանի մարզերուն, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, եւ եւրոպական տասնեակ երկիրներու շուրջ 33 քաղաքներուն մէջ՝ արժանանալով արուեստասէր հանրութեան ջերմ գնահատականին  եւ խլելով մրցանակներու։

Վերջերս Քանատայի «Նուռ» շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ այս ժապաւէնը ստացաւ «Լաւագոյն գեղարուեստական ժապաւէն»-ի մրցանակը։

Աննա Մաքսիմ յայտնած է, որ Հայաստանի շարժապատկերի հիմնադրամին կողմէ արտադրական նպատակով ժապաւէնին տրամադրուած աջակցութիւնը` շուրջ 40 միլիոն դրամ (մօտ 103 հազար ամերիկեան տոլար), արդէն ամբողջովին վերադարձուած է հիմնադրամին պիտճէին։

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Արդարատենչ (Ջահ)երթը Պիտի Շարունակուի

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (14 Մայիս 2025)

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (13 Մայիս 2025)

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?