ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով իր դիմատետրեան էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին կը յիշենք պապը… ան, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով նահատակներուն նուիրուած պատարագի ընթացքին յանդգնեցաւ ամբողջ աշխարհի առջեւ Հայոց «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործել»: