ԱՐԱԶ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ
Ո՞վ կրնայ մոռնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Ո՞վ կրնայ չյիշել հայուն տառապանքը, ցաւը, վիշտը եւ զոհերը:
Բայց ու՞ր էր աշխարհը, ու՞ր էր մարդկութիւնը: Դժբախտաբար անոնք բարբարոս թուրքէն սարսափած էին եւ կամ ալ մարդկութենէ հեռու էին:
Արդեօք մենք ալ պէտք էր մոռնայի՞նք, լու՞ռ մնայինք, անշուշտ ո՛չ: Արդեօք հայը իրաւունք ունի՞ ուրանալու Ցեղասպանութիւնը: Անկասկած ո՛չ:
Մենք կորսնցուցինք զոհրապներ, վարուժաններ, սիամանթոներ, բայց չմեռանք, ընդհակառակը, վրիժառուներ ունեցանք, «Նեմեսիս» կազմակերպեցինք եւ վրէժ լուծեցինք, բայց այսքանն ալ բաւարար չէ: Պէտք է ունենալ ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիք, եւ այդ նպատակին հասնելու համար պէտք է երդնուլ ամէն գնով աշխատիլ եւ պայքարիլ: