110 տարի ետք երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը կրկին «արդարութիւն» կը գոչեն: 110 տարի ետք հայը վերահաստատուած է սփիւռքի մէջ, սակայն այդ ցաւը տակաւին կ՛այրէ զինք, անշուշտ պիտի այրէ, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը հարցական նիւթի կը վերածուի, երբ թշնամին կը ներուի, երբ պատմութիւն մը կ՛անտեսուի: Անցեալն ու ներկան կը միանան, եւ մենք կրկին կ՛ապրինք նոր ցեղասպանութիւն մը` Արցախի ժողովուրդը սովամահութեան ենթարկելը եւ յետոյ բռնի տեղահանումը: Մենք կրկին ապրեցանք այդ ոճրագործութիւնը, քանի որ նախկին Ցեղասպանութիւնը մնաց միջազգայնօրէն առանց պատիժի, իսկ ուրացումի ենթարկուած ցեղասպանութիւն մը կը դառնայ կրկնուող ցեղասպանութիւն մը:
Մենք, աւելի քան երբեք, գիտենք պատմութեան արժէքը. ան կը կերտէ ազգ մը, կը պահէ իր ինքնութիւնն ու գոյատեւումը, կը պաշտպանէ անոր դատերը եւ կը բացատրէ անոր պահանջները: Աւելի քան երբեք, պէտք է յիշենք եւ տարածենք, պատմենք ու լսենք: Ուստի մեր այս ամսուան էջին մէջ պիտի ներկայացուին կարգ մը ԶՈՄ-ականներու պապենական պատմութիւնը` ներառելով իրենց պապերուն ապրումներն ու գաղթելու միջոցները:
Ահա թէ ինչո՛ւ կը հաւատանք, որ անթիւ զոհերու անունները յիշելը բաւարար չէ: Մենք պարտաւոր ենք յիշել նաեւ, թէ ինչպէ՛ս մեր նախահայրերը ապրեցան, ինչպէ՛ս դիմադրեցին, ինչպէ՛ս պահեցին իրենց արժանապատուութիւնը անմարդկային պայմաններու մէջ: Մենք պէտք է խօսինք այն մայրերուն մասին, որոնք զաւակները փրկելու համար ամէն տաժանակիր բան կրեցին: Այն երիտասարդներուն մասին, որոնք աքսորներու մէջ գրեցին, երգեցին, հաւատացին: Այն մեծերուն մասին, որոնք կորսնցուցին տուն ու տեղ, բայց դարձան սերունդներու խարիսխը:
Մենք պէտք է յիշենք, պատմենք եւ պահանջենք, որպէսզի մերժենք շարունակուող ցեղասպանութիւնը: