24 ապրիլը Հայոց պատմութեան ամէնէն մռայլ թուականներէն մէկն է: Հայութիւնը դարեր շարունակ պայքարած է մարդասպան եւ ցեղասպան թուրքին դէմ, սակայն վճռորոշ պահը հասած էր, որ թուրք ղեկավարները դաւադրաբար եւ նենգութեամբ գործադրէին իրենց հրէշային ծրագիրը:
24 ապրիլը սովորական օր մը չէ. մենք` իբրեւ հայ պատանիներ, կը վերյիշենք եւ կը վերապրեցնենք մեր նախնիներուն յիշատակը ո՛չ միայն պատմութեան էջերուն մէջ, այլեւ` մեր կեանքին մէջ:
Թուրքերը անխնայ եւ անմարդկային միջոցներով ջարդեցին մեր մտաւորականները: Անոնք փորձեցին մեր հայ միտքն ու հոգին մարել, աւելի՛ն, անոնք ջանացին մեզ հեռացնել մեր պապենական հողերէն: Մեզ բռնի տեղահանեցին մեր տուներէն` քշելով մինչեւ Տէր Զօրի անապատները եւ Հալէպի սահմանները: Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան Հենրի Մորկենթաու յայտարարած է. «Տեղահանութեան իսկական նպատակը թալանն ու ոչնչացումն էր, ամբողջ ազգի մը մահուան դատավճիռն էր: Ես այլեւս չէի կրնար շարունակել իմ ամէնօրեայ յարաբերութիւններս այն մարդոց հետ, որոնք թէեւ սիրալիր են ու բարեկիրթ, բայց կրնան մէկ միլիոն մարդու արիւն հեղել»:
Մեր հայրերն ու մայրերը նախընտրեցին մահը, քան` ուրացութեամբ կեանքը: Այս գազանները մեր հայ մայրերը խաչ բարձրացուցին, կոյս աղջիկներուն կեանքը խլեցին եւ անմեղ մանուկները անմարդկային չարչարանքներու ենթարկեցին: Այս բոլորը պատահեցան մեծ երկիրներու աչքերուն դիմաց, որոնք զբաղած էին իրենց անձնական շահերով:
Հակառակ այս բոլորին, մեր ժողովուրդը դիմացաւ, պայքարեցաւ եւ ապրեցաւ: Հայ ազգը Քրիստոսի նման չարչարանքներու եւ խաչելութեան ենթարկուեցաւ, բայց յարութիւն առաւ: Հայ ժողովուրդը մեռաւ վասն հաւատոյ եւ հայրենիքին, սակայն երբեք չյուսահատեցաւ, ան քալեց յաղթական, յաղթեց մահուան, յաղթեց չարին:
Թուրքիան այսօր այլ միջոցներ կ՛օգտագործէ` ընկճելու հայու հոգին: Մենք` իբրեւ հայ աշակերտներ եւ պատանիներ, իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու այս բոլորին դիմաց: Մենք պէտք է մեր դատը հետապնդենք, պէտք է միշտ պայքարինք թուրքին դէմ ո՛չ միայն զէնքով, այլեւ` գիտութեամբ, իմաստութեամբ եւ հասունութեամբ: Գիտակից կեցուածք որդեգրենք, որպէսզի կորուստի եւ վտանգի չենթարկենք մեր փոքրիկ Հայաստանը:
Ցեղասպանութիւնը անցեալ մը չէ, այլ` ներկայ եւ ապագայ: Կիլիկիան անցեալ մը չէ, այլ` ներկայ մը, որուն միակ բաղձանքն է, որ իր որդիները վերադառնան իր գիրկը: Արցախը անցեալ մը չէ, այլ` ներկայ մը, որ որբացած կը սպասէ իր հարազատ տէրերուն: Սակայն այս բոլորը խօսքի սահմաններուն մէջ պէտք չէ մնան, մեր պայքարը վերջ չունի, մեր պայքարը նահանջ չունի, ինչպէս կը կարծէ թշնամին: Ճնշումներն ու վախերը մեզ չեն տկարացներ, մենք պիտի մնանք մեր իրաւունքները պաշտպանողները եւ ազգային արժէքներուն պահապանները: