Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 100-Ամեակէն Կատարուած Ետդարձը (Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առիթով)

Ապրիլ 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը կարեւոր ետդարձ կատարած է 100-ամեակէն: 100-ամեակին ձեւաւորուած էր քանի մը տարուան վրայ աշխատած պետական յանձնաժողով մը, որուն կապուած էին տարածաշրջանային եւ տեղական յանձնախումբեր: Բրգաձեւ կառուցակարգով Հայաստան-սփիւռք ներկայացուածութեամբ կը ճշդուէին հիմնական ուղենիշներ եւ կը համակարգուէին ոգեկոչական ձեռնարկները,  քաղաքական ուղերձները: Մանաւանդ կ՛որդեգրուէր Համահայկական հռչակագիրը, որուն տակ կը ստորագրէին` Հայաստանի, Արցախի հանրապետութիւններու ղեկավարները, հայոց եկեղեցին, հայկական յարանուանութիւնները, հայ քաղաքական կուսակցութիւններն ու միութիւնները: Եռամիասնութիւնը առարկայացած էր, եւ համահայկական օրակարգերը ձեւակերպուած էին:

100-ամեակի աշխատանքներու աւարտին կ՛որոշուէր եռամիասնական կայացած ձեւաչափը վերափոխել համահայկական խորհուրդի, որուն կառուցակարգման խորհրդակցութիւնները առաջին նիստով տեղի կ՛ունենային Երեւանի մէջ: Կը քննարկուէին համահայկական օրակարգերու քննարկման սփիւռքի ներկայացուցչութիւնը ներառելու իրաւական եղանակները եւ յատուկ բաժինով` հատուցման թղթածրարի պատրաստութիւնը:

Ցեղասպանութեան թեման` իբրեւ ամէնէն համահայկական միասնական օրակարգ, կ՛ուղղուէր դէպի ազգի համախմբուած մարմիններու յառաջացում եւ մանաւանդ իբրեւ կայացած կառոյց հռչակագիրով հաստատուած հիմնադրոյթները ուղենիշ նկատելով` նոր աշխատակարգերու որդեգրում:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային իրական Հայաստանի մէջ: Իրական Հայաստան, որ իբրեւ հեռանկար` կ՛աշխատէր պատմական իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ` հիմք ունենալով առաջին հերթին Անկախութեան հռչակագիրի իրաւադրոյթներն ու Համահայկական հռչակագիրի հիմնադրոյթները:

Ըստ էութեան, ազգի համախմբման եւ աշխատանքներու իրաւականացման առաջին նախադէպն էր, որ սկսած էր առարկայանալ: 2018-ի իշխանափոխութիւնը շեղեց սկսուած այս երթին ուղղութիւնը:  Ահա այստեղ էր հիմնական ետդարձը 100-ամեակով ձեւաւորուած նոր գործընթացներէն:

Հիմա յայտարարուած է, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնային օրակարգերուն մաս չի կազմեր: Դիւանագիտական ըսելաձեւ, որուն միտք բանին այն է, որ  ճանաչման առաջադրանքը դուրս մղուած է արտաքին քաղաքականութենէն: Անգարայի հետ երկխօսութիւնը կ՛ընթանայ անոր ճշդած կանոններով: Անգարան անհրաժեշտ չի զգար պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի կազմութեան պահանջը առաջ քշելու: Երեւանէն հնչած են արդէն Ցեղասպանութեան պատճառահետեւանքային խնդիրները քննարկելու ուղղութեամբ յայտարարութիւններ: Պատմութիւնը վերաշարադրելու, միջազգային պատմագրութեան, ակադեմական շրջանակներուն եւ ցեղասպանագիտական ընկերակցութիւններուն եզրայանգումները վերաքննարկելու Երեւանի այս  մօտեցումը արդէն կը բաւարարէ Թուրքիոյ պահանջը` պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով կազմելու:

Անգարայի միւս նախապայմաններէն Արցախի հարցի լուծումը եւս իրենց պատկերացումով կատարուած է: Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդհանուր սահմաններու ճանաչումով երկկողմ պայմանագիր ստորագրելու առումով Երեւանը գերպատրաստակամութիւն կը յայտնէ, ճանչնալէ ետք Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Այս բոլորով հանդերձ, Թուրքիան տակաւին չի բանար սահմանը, կը փոխկապակցէ Երեւանի հետ իր համաձայնութիւնը Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումին հետ: Նախորդ իշխանութիւններու կողմէ ցիւրիխեան չեղարկուած արձանագրութիւններու բովանդակութիւնը այսօր աւելի զիջողական տեսքով վերադարձած է բանակցութիւններու սեղան: Սահմանադրական նախորդ դատարանի վերապահումները ոչ միայն նկատի չեն առնուիր, այլ նաեւ նոյն մարմինին կողմէ սահմանադրական կը նկատուին: Փաստօրէն Անկախութեան հռչակագիրի կէտերուն հակասող պետական յայտարարութիւնները հակասահմանադրական չեն նկատուիր: Արագակշռոյթ այս ընթացքը կը շարունակուի:

Անգարան ամէն առիթի կը յանկերգէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը խանգարողը սփիւռքի ծայրայեղականութիւնն է: Այսպիսով հայրենի ազգային ուժերու եւ սփիւռքեան շարժումներու միաւորումը կը դառնայ, հրամայական` միակողմանի զիջումներով ընթացող այս երթը կասեցնելու: Երթը վերադարձնելու 100-ամեակով մեկնարկած ելակէտին:

Նախորդը

Հայ Դատի Նշաձողը Պիտի Պահենք Բարձր

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?