Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւանդութիւններու Մասին Ներկայացում Ազունիէի Ազգային Բուժարանին Մէջ

April 23, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարիմ մնալով Ազունիէի Ազգային բուժարանին մէջ իւրաքանչիւր տօն նշելու իր սկզբունքին, շաբաթ, 5 ապրիլ 2025-ին, Ազունիէի տիկնանց օժանդակ մարմինը, ընկերակցութեամբ բուժարանի խումբ մը բարեկամներու, անգամ մը եւս փորձեց ջերմ ու հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծել կեդրոնին մէջ` տօնելու համար աւանդական միջինքը, որ հաւատացեալներուն կը յուշէ, թէ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին:

Յանձնախումբին կ՛ընկերակցէին խումբ մը պատանիներ, որոնք փափաք յայտնած էին իրենց մասնակցութիւնը բերելու եւ օգտակար դառնալու յանձնախումբի աշխատանքներուն:

Յայտագիրի բացումը կատարեց Ցողիկ Հաւաթեան, որ իր բարի գալուստի խօսքէն ետք պատսպարեալներուն յիշեցուց, որ անոնք անտէր-անտիրական չեն, այլ բոլորին ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկան են, իսկ ասոր փաստը բուժարանի յարկին տակ կազմակերպուած յաջորդական նախաձեռնութիւններն են:

Ապա փոքրիկն Կալիա Գարկայեան իր մեղմ ու քնքուշ ձայնով տպաւորեց ներկաները` հայերէն ու օտար երգեր մեկնաբանելով:

Օրուան հիւրն էր Շաքէ Գարայեանը, որ հայկական աւանդութիւններուն մասին իր ունեցած հարուստ գիտելիքներով եւ հաղորդական մօտեցումով գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը, ներկաները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան անոր փոխանցած տեղեկութիւններուն:

Շ. Գարայեան իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ ձեւով. «Այսօր ձեզի հետ ըլլալու եւ աւանդութիւններուն մասին խօսելու պատիւը ունենալով, նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի այն տարիներուն համար, զորս դուք նուիրած էք ձեր ընտանիքներուն, ձեր զաւակներուն, ձեր թոռներուն ու շրջապատին: Ձեր ցուցաբերած սէրը, ձեր հարուստ փորձառութիւնը, ձեր տուած խրատները կեանքի մեծագոյն գանձերն են»: Ապա ան խօսքը ուղղեց պատանիներուն եւ շեշտը դրաւ աւագ սերունդին փոխանցած արժէքներու կարեւորութեան վրայ` դիտել տալով, որ անոնք իբրեւ ազգային կարեւոր աւանդ տարիներու ընթացքին փոխանցուած են սերունդէ սերունդ: Ան նշեց, որ կարեւոր է ապրիլ այս աւանդութիւններով, պահպանել զանոնք, որովհետեւ անոնք մեզի համար ինքնութեան փարոս, զօրաւոր հիմք եւ կեանքի ուղի դարձան: Ան յայտնեց, որ այսօր այս ժառանգութիւնը նոր սերունդին յանձնուած է, նաեւ անոնք են ապագան:

Վերջին բաժինով Գարայեան անդրադարձաւ Ծաղկազարդի ու Զատկուան տօներուն` անոնց վերաբերող հետաքրքրական աւանդութիւններ ներկայացնելով:

Այս օգտաշատ զեկոյցէն ետք տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն: Արդարեւ, բուժարանի բարեկամներուն կողմէ բծախնդրօրէն պատրաստուած էին միջինքի յատուկ ուտեստեղէն, որոնք նաեւ գեղեցիկ կերպով մատուցուած էին հայկական կարպետի վրայ եւ հայկական զարդերով:

Հաճելի էր տեսնել պատանիներուն խանդավառութիւնը եւ ճաշերու հիւրասիրութեան ընթացքին անոնց ցուցաբերած գուրգուրանքը մեր մամիկներուն եւ պապիկներուն նկատմամբ:

Ազունիէի տիկնանց օժանդակ մարմինի այս նախաձեռնութիւնները հարազատ ու անմիջական մթնոլորտ ստեղծելու զուգահեռ, սպասուած առիթներու վերածուեցաւ թէ՛ պատսպարեալներուն, եւ թէ անձնակազմին կողմէ, որոնք անհամբեր կը սպասեն իրերայաջորդ այս ձեռնարկներուն` ընտանեկան ջերմ ոգեւորութիւն ապրելու համար:

Ուրախալի է այն, որ Ազունիէի Ազգային բուժարանի բարեկամներուն թիւը սկսած է մեծ աճ արձանագրել, մեծ խանդավառութիւն ստեղծել եւ դարձած է վարակիչ:

Նախորդը

Վերականգնել, Հայերէն Եւ Ազգ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Նախօրեակին. Պատգամներ Գիւմրիէն Եւ… Փաշինեանէն

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.