Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մի՛ Վախնար, Միայն Հաւատա՛» (Մարկոս 5:36)

Ապրիլ 18, 2025
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

Քրիստոսաւանդ այս բառերը, քաղուած` Մարկոսի Աւետարանի 5-րդ գլուխէն, մեզի կը բերեն սրտառուչ այն պատգամը, զոր Զատկական տօնին առիթով մեր եկեղեցին կը ձգտի փոխանցել մեր հաւատաւոր ժողովուրդին:

Զատիկ է դարձեալ մեր կեանքէն ներս: Տօնական այս առիթով նախ գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ կ՛ընծայէ մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակներուն, որպէսզի մեր եկեղեցիներու հոգեպարար մթնոլորտին մէջ մենք կարենանք տօնական ապրումներով դարձեալ նշել մեր Տիրոջ եւ Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրաշափառ յիշատակը:

Այս առթիւ եկեղեցին անգամ մը եւս կը հռչակէ, որ մեր Տէրն ու Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս, ոչ միայն մեր սիրովը աշխարհ եկաւ, այլեւ մեզի համար խաչուեցաւ ու յարութիւն առաւ: Այդ ճշմարտութիւնը` իբրեւ մեծ աւետիս ու հաւատացելոց խրախոյս, դարձեալ մեր ուշադրութեան կը յանձնուի, որպէսզի մենք զգանք, թէ Աստուած, որ Յիսուսի ժամանակներուն մարդկային ընկերութեան մէջ հրաշքներ գործեց, այսօր ալ կրնայ իր հայրական սիրովը մեր ընկերութեան կեանքը փոթորկող տագնապները զսպել:

Զատիկ է դարձեալ մեր կեանքէն ներս: Տօնական այս առիթը աներկիւղ ու յուսահատիլ չգիտցող հոգի մը պէտք է արթնցնէ մեր մէջ եւ հզօր, հաստատուն ու անշեղ հաւատքի կայծ մը բռնկեցնէ  մեր ներաշխարհէն ներս: Այդ ակնկալութեամբ ու սպասումներով, Զատկական տօնին նուիրական առիթով, Եկեղեցին դարձեալ մեզի կը յիշեցնէ, թէ հաւատքը Աստուծոյ հետ միութեան գերագոյն այն կապն է, որ մութին ու մահուան մատնուածն անգամ կրնայ անդունդէն վեր բարձրացնելով` տանիլ փրկութեան արշալոյսին:

Հետեւաբար մեր ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակները պէտք է յիշեն, որ առանց հաւատքի մարդուն սիրտը դատարկ է ու ամայի. այնտեղ բան չի կրնար աճիլ: Երկիւղն ու կասկածը հետեւանք են սրտի ամայութեան: Հետեւաբար յարութեան յիշատակը պէտք է նախ արթնցնէ անոնք, որոնց սրտին մէջ տարակուսանք, երկիւղ ու վախ կայ ու պայծառացնէ անոնց հոգեկան վիճակը, որպէսզի վերածնութեան ու վերականգնումի վիճակ հաստատուի սրտերուն մէջ: Առանց հաւատքի` կարելի չէ լիապէս ըմբռնել Յիսուսի յարութեան խորհուրդը, կարելի չէ ըմբռնել մեր փրկութեան համար թափուած արեան կաթիլներուն գինը եւ ոչ ալ ապրիլ յարութեան յաղթանակին խրախոյսը:

Յարութեան յիշատակը պէտք է նաեւ խրախուսէ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակները` անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ հաւատքը Աստուծմէ ճառագայթող փրկարար զօրութիւն է:  Այդ զօրութիւնը ոչ միայն կը փարատէ կեանքի խաւարը եւ կը շոգիացնէ ամէն տեսակի դառնութիւններ, այլեւ անհունաբաղձ հոգիներուն դիմաց կը բանայ նաեւ յաւերժին դռները:

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Անկասկած կեանքը փորձութեան եւ փոթորիկներու դաշտ մըն է: Մեր աշխարհը թէ՛ լուսաւոր եւ թէ՛ մութ տեսարաններ ունի բոլորիս համար: Արդարեւ, Քրիստոսի փորձութեան ենթարկուելու օրինակը լաւագոյնս կը վկայէ աշխարհի չարիքին մասին: Մոլորեցնողը իր հմայքով կրնայ մեզ ալ փորձութեան ենթարկել ու խորտակել: Հետեւաբար այսօր մեր եկեղեցին, յարութեան յիշատակին ընդմէջէն մեզ կը յորդորէ, որ մեր առօրեան վարենք Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուած հաւատքի յենարանին կռթնելով, որպէսզի Իր շնորհքով մնանք յաղթական  ու հաւատքի առաջնորդութեամբ նաեւ քալենք յաւերժին տանող ուղիներէն:

Մասնաւորապէս եկեղեցին մեզ կը յորդորէ` անդրադառնալ, որ քրիստոնէութիւնը նոյնինքն մեր կեանքն է, որուն մէջ, մեր հաւատքովն ու քրիստոնէական անմահ արժէքներով, Աստուած միշտ ներկայ պէտք է ըլլայ, որպէսզի բարոյապէս չքայքայուինք: Արդարեւ, Ս. Յարութեան յիշատակը կը նշենք, բայց մեզի համար` մեր կեանքին հոգեւոր խանդ, վստահութեան շունչ ու աշխուժութիւն բերելու առաջադրանքով: Այսօր մեր Տէրն ու Փրկիչը` Քրիստոս, «Մի՛ վախնար‚ միայն հաւատա՛» կ՛ըսէ իւրաքաչիւրիս, որպէսզի իւրաքանչիւրս անդրադառնանք, որ առանց Աստուծոյ օժանդակութեան` ոչ միայն խաւարի կը վերածուի մեր հոգեկան աշխարհը, այլեւ մեր ազգային երազներն ալ  կը սպառին:

Քրիստոնէութիւնը քաջութեան ու կորովի աղբիւր է: Ճշմարիտ քրիստոնեան նոյնիսկ մութ ժամանակներուն չի տարակուսիր, այլ իր հաւատքով կը մնայ յաղթական: Հետեւաբար Զատկական տօնին առիթով, այս ճշմարտութեան դիմաց, պարտինք սրտովին փառք տալ Աստուծոյ, որ իր անուան զօրութեամբ կը շարունակէ պահել ու պահպանել մեր ժողովուրդը եւ առիթ ընծայել, որ ցաք ու ցրիւ մեր վիճակին մէջ անգամ մենք կարենանք մեր հաւատքովը, մեր հայրերուն աւանդն ու նուիրական սրբութիւնները պահելով, աներկիւղ քալել աշխարհի կործանարար պայմաններուն մէջէն ու մնալ կանգուն:

Աղօթենք, որ մասնաւորապէս ներկայ մեր անմխիթար պայմաններուն մէջ Յարուցեալէն ճառագայթող աննիւթական շնորհքը իջնէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն վրայ ու մեզ կազդուրէ հաւատքով ու նոր կեանքով:

Տօնական այս առիթով, բոլորին փոխանցելով Սուրբ Յարութեան աւետաբեր պատգամը, սրտանց կ՛ողջունենք` թեմիս հոգեւորականները, ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնական մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցներու ու մարմիններու պատասխանատուները եւ մեր սիրեցեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, բարձրօրէն գնահատելով լիբանանահայ մեր կեանքի յարատեւութեան համար  բոլորին կողմէ թափուած անթիւ ու անհատնում ճիգերը:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս:

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ եւ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

 

Նախորդը

Հայրապետական Պատգամ. Սրբոյ Յարութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սուրբ Զատկուան Պատգամը. «Ես Յաղթեցի Աշխարհին» (Յհ 16.33)

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?