Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Քունը վճռորոշ դեր կը խաղայ երեխային ֆիզիքական, ճանաչողական եւ յուզական զարգացման մէջ: Բաւարար եւ որակեալ քունը կարեւոր է` անոր աճին, յիշողութեան ամրապնդման, յուզական կարգաւորման եւ դիմադրողական համակարգի առողջ գործունէութեան համար: Դժբախտաբար շատ մը երեխաներ բաւարար չեն քնանար, ինչ որ բացասաբար կ՛ազդէ անոնց առողջութեան, վարքին եւ դպրոցական յառաջդիմութեան վրայ:
Քունի տեւողութիւնը կը տարբերի` նայած երեխայի տարիքին: Նորածինները կրնան քնանալ օրական մինչեւ 17 ժամ, մինչդեռ դպրոցական երեխաներուն անհրաժեշտ է 9-11 ժամ: Այսուհանդերձ, իւրաքանչիւր երեխայ եզակի է եւ կարելի չէ քունի կտրուկ ժամեր ճշդել:
Ծնողները պէտք է զգօն ըլլան իրենց երեխային յոգնածութեան եւ անբաւարար քունի նշաններուն նկատմամբ, ինչպիսիք են` դիւրագրգռութիւնը, կեդրոնանալու դժուարութիւնը կամ ցերեկային չափազանց քնկոտութիւնը:
Գործնական Խորհուրդներ
– Հետեւողական քունի արարողակարգի մը հաստատումը երեխաներուն համար որակեալ քունի հիմնաքարն է: Կարեւոր է երեխային մարմինն ու միտքը նախապատրաստել քունի` ստեղծելով խաղաղութեան եւ ապահովութեան զգացում, որ կը նպաստէ թուլացման եւ այսպէս` տաքուկ լոգանք մը, պատմութեան ընթերցում մը, հօր կամ մօր հետ մտերմիկ զրոյց մը, «ջերմ պաչիկ» մը, «տաքուկ փաթթուկ» մը եւ գորովալի խօսքեր արդէն իրենց դրական ազդեցութիւնը կը գործեն… Սակայն շատ կարեւոր է ամէն իրիկուն պահպանել այս արարողութիւններու յաջորդականութիւնը, քանի որ հետեւողականութիւնը կ՛ամրապնդէ երեխային ուղեղին քունի ազդանշանները: Ճշդուած քնանալու ժամը պէտք է անփոփոխ մնայ նոյնիսկ արձակուրդներու ժամանակ: Քունի անկանոն ժամերը կրնան խաթարել երեխային կենսաբանական ժամացոյցը եւ ազդել անոր քունի որակին:
– Այն միջավայրը, ուր երեխան կը քնանայ, վճռորոշ դեր կը խաղայ անոր քունի որակին վրայ: Սենեակը պէտք է ըլլայ մութ (կամ կիսամութ), հանգիստ եւ զով:
Կարեւոր է նաեւ երեխային տարիքին համապատասխան յարմարաւէտ ներքնակի եւ բարձի ընտրութիւնը:
– Վերջապէս, ելեկտրոնային սարքերու սահմանափակումը բարենպաստ դեր կը խաղայ երեխային քունի որակին կապակցութեամբ: «American Academy of Pedriatrics»-ը ծնողներուն կը յանձնարարէ երեխային քնանալէն առնուազն մէկ ժամ առաջ անջատել պատկերասփիւռն ու ելեկտրոնային բոլոր տեսակի սարքերը` սենեակին մէջ ստեղծելով «պաստառներէ զերծ գօտի» եւ խրախուսել այլընտրանքային զբաղումներ, օրինակ` կարդալ, մեղմ երաժշտութիւն լսել եւ այլն…
Տան Մէջ Յասմիկ Պահելու
Համոզիչ Պատճառներ
Յասմիկը շատ գնահատուած է իր բուրաւէտ ճերմակ ծաղիկներուն եւ փարթամ կանաչ տերեւներուն համար: Բայց արդեօք գիտէ՞ք, թէ անիկա օժտուած է առողջարար օգուտներով. յասմիկի բոյսը ձեր կենսամիջավայրին մէջ ներառելը կրնայ զգալիօրէն բարելաւել ձեր բարեկեցութիւնը ոչ միայն բոյր եւ գեղեցկութիւն հաղորդելով, այլ նաեւ` առողջ միջավայր ստեղծելով:
Ստորեւ համոզիչ պատճառներ` տան մէջ յասմիկի բոյս մը պահելու համար.
ա.- Կը բարելաւէ քունի որակը: Ապացուցուած է, որ յասմիկին հանգստացնող բոյրը կը բարելաւէ քունի որակը, կը նուազեցնէ անհանգստութիւնն ու լարուածութիւնը, որոնք անքնութեան հիմնական պատճառներէն են: Ձեր ննջարանին մէջ յասմիկի բոյս մը ունենալը ձեզի կը պարգեւէ խոր եւ հանգիստ քուն:
***
բ.- Կը նուազեցնէ ընկճախտի աստիճանը: Հաստատուած է, որ յասմիկին հանգստացնող բոյրը զգալի ազդեցութիւն ունի տրամադրութեան վրայ` թեթեւցնելով ընկճախտն ու անհանգստութիւնը:
***
գ.- Կը բարձրացնէ ճանաչողական գործառոյթը: Յասմիկին բոյրը ոչ միայն կը հանգստացնէ միտքը, այլեւ կը բարելաւէ զգօնութիւնն ու կեդրոնացումը:
***
դ.- Օդը մաքրող բնական միջոց է: Յասմիկը նաեւ տան օդը մաքրելու յատկութիւն ունի: Ան կը կլանէ բնածխական կազը եւ թթուածին կ՛արձակէ` ձեր ներքին միջավայրը դարձնելով աւելի մաքուր եւ շնչող: Օդի մաքրութեան այս բնական միջոցը կը նպաստէ շնչառական համակարգի առողջութեան:
***
ե.- Կը նուազեցնէ հոգեբեկումը: Յասմիկէն ստացուած եթերային իւղերը մինչեւ օրս կ՛օգտագործուին հոգեկան խանգարումներու բուժման մէջ:
Եւ այսպէս, յասմիկի բոյսը ձեր տան միջավայրին մէջ ներառելը բնական միջոց է ձեր ֆիզիքական եւ մտաւոր առողջութիւնը բարձրացնելու համար: Քունի որակի բարելաւումէն մինչեւ անհանգստութեան նուազում, ճանաչողական համակարգի զօրացում, օդի մաքրութիւն եւ հոգեբեկման ախտանիշներու մեղմացում, այս գեղեցիկ բոյսին օգուտները շատ աւելին են, քան` իր արտաքին գրաւչութիւնը: Այսօր իսկ տուն բերէք յասմիկի բոյս մը` օգտուելու համար անոր այլազան բարիքներէն:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– 10-12 հատ նուշը համազօր է երկու ասփիրինի: Այսուհետեւ կարելի է գլխացաւը դարմանել նուշով:
– Առաւօտեան բաժակ մը կիտրոնով ջուր խմելը կը թարմացնէ շունչը, կը կանխէ երիկամներուն մէջ քարերու յառաջացումը, կ՛օգնէ նիհարնալու, կ՛ապահովէ մորթին առողջութիւնը, կը նպաստէ մարսողութեան, կը դարմանէ բշտիկները եւ կը պահպանէ տեսողութիւնը:
– Հալէպի պիստակը կը պահպանէ արեան անօթներու առողջութիւնը, կը կայունացնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը, կը նուազեցնէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, կը պահպանէ մորթին առողջութիւնը, կը նուազեցնէ մորթի քաղցկեղի հաւանականութիւնը, կ՛օգնէ փարթամ մազերու աճին:
– Հետազօտական տուեալնեու համաձայն, կան բնական ցաւազերծիչներ, որոնք կրնան փոխարինել դեղահատերը եւ, այսպէս, մեխակի գամերը` ակռայի ցաւի համար, մեղրը` կոկորդի ցաւի, սխտորը` ականջի եւ ստամոքսի ցաւի, խաղողը` կռնակի ցաւի եւ, վերջապէս, քրքումը` մնայուն (քրոնիք) ցաւերու:
– Բերանի տհաճ հոտը ունի զանազան պատճառներ` ուտելիքներ (սխտոր, սոխ…), փտած ակռաներ, առողջական հարցեր: Տհաճ հոտը արագ եւ ժամանակաւոր չէզոքացնելու համար`
Ա.- Խնձոր մը` ուտել խածնելով:
Բ.- Ազատքեղ, անանուխ կամ սուրճի հատիկներ ծամել:
Գ.- Մեխակի գամ ծամել:
Դ.- Ակռաները յաճախ խոզանակել:
Խոհագիր
Հայկական Չէօրեկ-Կաթնահունց
Բաղադրիչներ
1 քիլօ մաղէ անցած ալիւր
1,5 գաւաթ շաքար
1 գաւաթ գաղջ կաթ
1 գաւաթ հալած կարագ
4 հաւկիթ
2 ապուրի դգալ թթխմոր
1 ապուրի դգալ մահլեպ
1 թէյի դգալ մեզտեքի
2 հարած հաւկիթ` ձեւաւորուած խմորները ծեփելու համար
Շուշմայ զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Գաղջ կաթին մէջ աւելցնել թթխմորը եւ ապուրի դգալ մը շաքար, խառնել եւ ձգել սենեակի ջերմաստիճանով շուրջ կէս ժամ, մինչեւ երեսին փրփուր գոյանայ:
Խորունկ ամանի մը մէջ հարել հաւկիթներն ու շաքարը, ապա աւելցնել` կաթը, կարագը, ալիւրը, մահլեպն ու մեզտեքէն եւ հունցել շուրջ 10 վայրկեան, մինչեւ որ ստացուի ձեռքերուն չկպչող հարթ մակերեսով, առաձգական խմոր մը: Զայն փոխադրել տաշտակի մը մէջ, երեսը ծածկել եւ տաք տեղ մը զետեղել` սպասելով, որ խմորին ծաւալը կրկնապատկուի:
Հասած խմորը անգամ մը եւս շաղել, փոքր գունդերու վերածել եւ ձեւաւորել ըստ ճաշակի` կլոր, հիւսուած կամ պսակաձեւ: Ձեւաւորուած խմորները իրարմէ բաւական հեռու շարել մոմ թուղթով ծածկուած ափսէի մէջ, կրկին երեսը ծածկել եւ ձգել որ կէս ժամ հանգստանան:
Հարած հաւկիթի դեղնուցով ծեփել ձեւաւորուած խմորները եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ եփել շուրջ 20 վայրկեան (նայած` փուռի տեսակին), մինչեւ որ ոսկեգոյն դառնան:
Ըստ ճաշակի, կարելի է խմորը հունցելու ժամանակ խմորին չամիչ աւելցնել:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Կաթնահունցը կլոր, հիւսքի տեսքով թխուածք է: Կլորը կը խորհրդանշէ յաւերժութիւնը:
Հիւսքը կը խորհրդանշէ բնութեան վերածնունդը եւ կեանքի շարունակականութիւնը:
Այլ վարկածի մը համաձայն, հիւսքը նաեւ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի փուշէ պսակը: Իսկ հեթանոսական ժամանակ հիւսք գործելը եւ կաթնահունց պատրաստելը Անահիտ աստուածուհիին ուղղուած խնդրանք էր, որպէսզի տարին բերքառատ ըլլայ:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Գարնանամուտ
Մանուշակներ ոտքերիս ու շուշաններ ձեռքերիս,
Ու վարդերը այտերիս, ու գարունը կրծքիս տակ,
Ու երկինքը հոգուս մէջ, ու արեւը աչքերիս,
Ու աղբիւրները լեզուիս` սարից իջայ ես քաղաք,-
Ու քայլեցի խայտալով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու շուշաններ ձիւնաթոյր,
Ու մարդիկ ինձ տեսնելով` իրենց յոգնած աչքերին
Տեսան ուրիշ մի աշխարհ, գարուն տեսան նորաբոյր,
– Ի՜նչ թարմութիւն,- ասացին,- ի՜նչ թարմութիւն,-
ու բացին
Լուսամուտներն իմ առջեւ, ու ես իմ սիրտը բացել`
Անցնում էի երգելով ու շաղ տալով մայթերին
Մանուշակներ ու վարդեր ու յասմիկներ հոգեթով,
Կարծես մի ողջ բնութիւն մի պատանի էր դարձել,
Քաղաք իջել լեռներից` կ՛անցնէր զմրուխտ հեքիաթով
Երկրէ-երկիր շաղ տալով կակաչներն իր ձեռքերի,
Մեր երգերի լուսաբացն ու գարունը լեռների:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ