Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունը` 13 Ապրիլի Առիթով. «Պետութեան Ծիրէն Դուրս Որեւէ Զէնք Կամ Անոր Որոշումը Կրնայ Պետութեան Շահը Մէկէ Աւելի Պատճառներով Վտանգել»

Ապրիլ 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն 13 ապրիլ 1975-ի դէպքերու 50-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն իր յղած պատկերասփռուած ուղերձին ընթացքին յայտնեց. «Յիսուն տարի ետք, ես ինծի հարց կու տամ եւ բոլոր պատասխանատուներուն կը հարցնեմ. «Ինչի՞ համար»: Ճիշդ է, որ պատերազմը աւարտեցաւ Թաէֆի համաձայնագիրով, որ ազգային համաձայնական փոխզիջումներ, սահմանադրական հիմնական բարեփոխումներ ընդգրկեց, սակայն կը մնայ հետեւեալ հարցումը. «Կարելի չէ՞ր այդ բարեփոխումները երկխօսութեամբ կատարել, առանց պատերազմի կարիք ունենալու: Կարելի չէ՞ր մեր համակարգը երկխօսութեամբ ու համաձայնութեամբ զարգացնել, առանց քանդումի եւ կռիւներու»: Այո՛, անշուշտ  կարելի էր: Ուրեմն ինչո՞ւ չկրցանք կատարել: Այո՛, մեծ պատասխանատուութիւն կը կրենք, ինչպէս նաեւ արտաքին բազմաթիւ ազդակները մեզի արգելք հանդիսացան եւ նպաստեցին մեր պատերազմի բռնկման, եւ մեր պատերազմը դարձաւ նոյն ատեն ուրիշներուն պատերազմը, սակայն միայն մեր հողին վրայ եւ մեր արիւնով, եւ մենք միայն գինը վճարեցինք»:

Նախագահը աւելցուց. «Այլ ողբերգութիւններու ծնունդ տուած այդ ողբերգութենէն կէս դար ետք կու գամ լիբանանցի եղբայրներուս ըսելու, թէ մեր պարտաւորութիւնն է սորված ըլլալ անցնող յիսուն տարիներէն: Առաջին դասը, որ սորվեցանք, այն է, որ բռնութիւնն ու ատելութիւնը Լիբանանի մէջ որեւէ խնդիր չեն լուծեր, եւ միայն մեր երկխօսութիւնը կրնայ մեր ներքին խնդիրներուն բոլոր լուծումները բերել, որովհետեւ ասիկա հայրենիք մըն է, որ սկզբունքներ ունի, առաջինը, թէ ոչ ոք միւսը կը ջնջէ:

«Երկրորդ դասը այն է, որ ամէն անգամ որ մէկը օտարին ուժը օգտագործէ հայրենիքի մէջ իր գործընկերոջ դէմ, կը կորսնցնէ, ինչպէս իր գործընկերը եւս կը կորսնցնէ, նաեւ հայրենիքը կը կորսնցնէ: Բոլորս այդ սխալը գործեցինք, եւ ատոր գինը վճարեցինք: Ժամանակն է, որ սորվինք մեր սխալներէն: Ժամանակն է, որ գիտակցինք, թէ մեր միջեւ ներքին կարգաւորման գինը որքան ալ մեծ ըլլայ, մեր բոլորին ու Լիբանանին համար նուազ կ՛ըլլայ, քան օտարին մեր վճարած որեւէ գին:

«Իսկ երրորդ դասը, ապա այն է, որ այս հայրենիքին մէջ բոլորս լիբանանեան պետութենէն բացի այլ ապաստան չունինք: Պատերազմի յիսուն տարիներու ընթացքին, Մեծն Լիբանանի հարիւր տարիներուն ընթացքին, մեզի հաստատ դարձաւ, թէ Լիբանանէն փոքր եղող գաղափարները լիբանանեան իրողութեան մէջ տեղ չունին, եւ Լիբանանէն մեծ եղող պատրանքները մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին որեւէ բարիք չբերին: Ուստի բոլորս յայտարարեցինք, թէ Լիբանանին կը հաւատանք, իբրեւ բոլորիս վերջնական հայրենիք: Եւ երբ կ՛ըսեմ` «միայն լիբանանեան պետութեամբ ունինք փրկութիւն», ապա ըսել կ՛ուզենք անոր հաստատութիւնները, իրարու նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը, բոլորս հաւասար ըլլալ` նոյնիսկ մեր տարակարծութիւններուն մէջ: Մեզմէ ոչ ոք կը վախնայ եւ մեզմէ ոչ ոք կը վախցնէ: Ոչ ոք անիրաւող է եւ ոչ ոք` անիրաւուած: Բոլորս, ինչպէս շարունակ կը կրկնեմ, մէկ դրօշի շուքին տակ ենք եւ մէկ ինքնութիւն ունինք»:

«Քանի մը օր առաջ հարաւային Լիբանանէն անյայտ հրթիռներ արձակուեցան. զանոնք արձակողը յայտնի չեղաւ, սակայն լիբանանցիները միաձայնութեամբ նշեցին, որ անիկա Լիբանանի դէմ է, մեր պետութեան դէմ նենգ դաւադրութիւն է, որ կը թիրախաւորէ անոր կայունութիւնն ու լիբանանցիներու անվտանգութիւնը, որովհետեւ յաւելեալ պատրուակ կ՛ընծայէ անոր, որ մեր վրայ յարձակելու պատրուակ չի սպասեր, եւ լիբանանեան պետութիւնը աշխարհի վրայ մեզի զօրակցողներուն եւ մեզի օգնել փափաքող բարեկամներուն առջեւ աւելի տկար դիրքի վրայ կը դնէ:

«Շատ կարեւոր է, որ բոլոր լիբանանցիները միաձայնութեամբ դատապարտեցին այդ արարքները, մինչեւ իսկ Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդը այդ արարքը կատարողին դէմ դատական հայց ներկայացուց, ինչ որ գնահատելի քայլ է եւ մեծ ու կարեւոր իմաստ ունի: Ուստի, այսօր կ՛ըսեմ. ժամանակն է, որ դաս քաղենք 13 ապրիլէն անցած այս յիսուն տարիներէն: Ժամանակն է, որ բոլորս ըսենք. «Միայն պետութիւնն է, որ մեզ կը պաշտպանէ, հզօր, գերիշխան, արդար, այսօր ներկայ եղող պետութիւնը, լիբանանցիներու կամքէն բխած պետութիւնը, որ լրջութեամբ կը գործէ անոնց բարիքին, անվտանգութեան ու բարգաւաճման համար: Այնքան ատեն որ, որ բոլորս համաձայն ենք, թէ պետութեան ծիրէն ու անոր որոշումէն դուրս որեւէ զէնք Լիբանանի շահը մէկէ աւելի պատճառներով վտանգի կ՛ենթարկէ, ապա ժամանակն է, որ բոլորս ըսենք. Լիբանանը միայն անոր պետութիւնը, բանակը եւ պետական ապահովական ուժերը կը պաշտպանեն: Ժամանակն է, որ յանձնառու ըլլանք այս կեցուածքի պահանջներուն, որպէսզի Լիբանանը գոյատեւէ, եւ փաստենք, թէ մեր յիսուն տարուան խենթ պատերազմներէն սորված ենք, եւ կեանքէն հեռացածներուն ու անոնց, որոնք տակաւին մեզի հետ են, ըսենք. «Ձեր զոհողութիւններով կ՛երդնունք, պատերազմը յաւիտեանս թաղեցինք, եւ արգիլուած է ու անկարելի է անոր վերադառնանք կամ անիկա մեզի վերադառնայ: Ձեր զաւակներով ու ապագայ սերունդներով կ՛երդնունք, մեր միասնականութիւնը մեր զէնքն է եւ մեր զէնքը մեր բանակն է, որպէսզի յաջորդ յիսուն տարիները ըլլան բարի օրեր, խաղաղութիւն, ուրախութիւն, կեանք, որովհետեւ կեանքի համար ստեղծուեցանք… եւ կեանքը մեզի համար ստեղծուեցաւ»:

 

Նախորդը

Սալամ. «Նահատակաց Հրապարակը Ամբողջ Լիբանանի Նահատակներուն Հրապարակն Է»

Յաջորդը

Ուրուկուէյի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 60-ամեակի Առիթով Հանդիպում՝ Լիբանանի Մէջ Ուրուկուէյի Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?