Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանահայ Քաղաքական Գործօնի Անկախ Էութիւնը (Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 50-Ամեակին Առիթով)

Ապրիլ 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակի նշումը բազմահազար նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումին առընթեր, պատերազմի որեւէ կարելիութիւն բացառելու պատգամը կը շեշտէ: Պատերազմը ամբողջ հոլովոյթ մը ապրած է ժամանակաւոր դադարներով: Ներքաղաքացիական, միջդաւանանքային, այլ երկիրներու ուժերու ներկայութեան դէմ: Վերջին արարը իր սաստկութեամբ, տարողութեամբ եւ ռազմարհեստագիտութեան ամենանորարար միջոցներու կիրարկումով նոր դարձակէտ գրանցեց Լիբանանի բազմահանգրուանային եւ բազմաբնոյթ պատերազմներու շարքին մէջ:

Ներքաղաքացիական բախումներով սկսած պատերազմի բուն շարժառիթը ներլիբանանեան անհամաձայնութիւններն են: Որքան ալ պաղեստինեան-լիբանանեան հակասութիւններով բռնկուած գործողութիւններ էին սկզբնական շրջանին արձանագրուածները, պէտք է իսկոյն նկատել, որ անոնք շուտով վերածուեցան կրօնական եւ դաւանանքային տեսքով հրապարակ եկած լիբանանեան տարբեր ուժերու զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու:

Պէտք է վերադառնալ ակունքին ուրեմն. այլ խօսքով լիբանանեան հարթութեան վրայ արագօրէն խմորուած ու ձեւ ստացած պառակտումներուն, երկփեղկումներուն եւ ընդհարումներուն: Այդ բոլորին համար արտաքին ուժերու կողմէ ենթահողի պատրաստութեան ծրագիրներ մշակուած ու կիրարկուած էին:

Կը թուի սակայն, որ ներլիբանանեան անհասկացողութիւնները կը շարունակուին երկրին համար ճակատագրորոշ պահերուն նոյնիսկ: Տարածքային ամբողջականութիւն, սահմաններու անսասանութիւն, գերիշխանութեան անհպելիութիւն, անվտանգութիւն եւ խաղաղ կայունութիւն` բոլորը տեսական սկզբունքներու սահմաններէն դուրս չեն գար, որովհետեւ սկսելու համար լիբանանեան պետական եւ հասարակական դաշտերուն մէջ կը շարունակուին տարակարծութիւնները: Կը բացակայի համախոհութեան սկզբունքին վրայ լուծումներու  եւ ընդհանուր համաձայնութիւններու յանգելու կամքն ու վճռակամութիւնը:

Պատերազմը ուրեմն չէ յաջողած դասեր փոխանցել լիբանանցի ժողովուրդին եւ անոր պետական կեանքը վարելու կոչուած զանազան ուժերուն: Այս իրականութիւնն է, որ կը շարունակէ պարարտ ենթահող տրամադրել տարբեր ուժերու, պետութիւններու իրենց առեւտուրները, շահերու փոխանակումները կամ հակասութիւնները մաքրելու հարթակները նկատելու լիբանանեան քաղաքական դաշտը: Երկիրը այս հանգամանքներով ալ կը շարունակէ հեռակառավարուիլ:

Ամբողջ պատերազմի ընթացքին եւ անոր տարբեր փուլերուն լիբանանահայ համայնքն ու զայն ներկայացնող քաղաքական միաւորները իբրեւ կուսակցութիւններ վճռեցին չներքաշուիլ այլոց հաշիւներու մաքրման գործընթացներուն: Այս կամքը հայկական քաղաքական գործօնը անկախ ու ինքնուրոյն պահելու հիմնաւորումներով չէր բացատրուեր միայն: Ասիկա ըստ էութեան Լիբանանի՛ համար որդեգրուած  կեցուածք էր, խաղաղ միջոցը գերադասելու, հարցերը երկխօսութեան միջոցով լուծելու եւ համախոհական լուծումներու յանգելու: Չներքաշուելու եւ անկախ մնալու կամ համալիբանանեանը գերադասելու այս սկզբունքին կառչած մնալը եւ գործնապէս զայն իրականացնելը սուղ արժեց լիբանանահայութեան:

Բաւական ուշ էր, երբ այլ կողմեր անդրադարձան լիբանանահայութեան կեցուածքի ողջմտութեան եւ հեռանկարայնութեան: Տարբեր առիթներու հայկական գործօնի անկախ մնալը, աւերին ու աւարին մասնակից չդառնալը, բախումներուն կողմ չըլլալը իբրեւ օրինակելի դիրքորոշում մատնացոյց եղան լիբանանեան տարբեր հոսանքներ ներկայացնողներուն կողմէ:

Ներլիբանանեան անկախ արեւելումի վրայ կայացած այս որոշումը ունէր թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ լիբանանեան ուղղութիւններ: Ոչ միայն: Անիկա ունէր համասփիւռքեան նշանակութիւն: Պէտք էր պահպանել լիբանանահայկական միջնաբերդը ամբողջ սփիւռքի համար, յատկապէս մարդուժի պատրաստութեան արտադրամասերու անխափան գործունէութիւնը ապահովելու առումով:

Կը թուի, որ երկիրը նոր փուլ կը թեւակոխէ, միջինարեւելեան մակարդաի վրայ արձանագրուող այս նոր գործընթացներուն լոյսին տակ: Տէրութիւններ առկայ են ուղղակի կամ անուղղակի, երբեմն յականէ անուանէ առաջադրանքներ ձեւակերպելով այլապէս ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելով: Արտաքին մարտահրաւէրները կապակցուած են ներլիբանանեան ելեւէջներուն, համաձայնութիւններուն կամ տարակարծութիւններու խորացումին:

Լիբանանահայ քաղաքական գործօնի դերը կը մնայ կառչած իր ակունքային դիրքորոշումներուն: Պահել որոշումի անկախութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը եւ համալիբանանեան շահերու գերադասումը, մերժելով հատուածականութիւնը, միակողմանի դիրքորոշումները, ներլիբանանեան բախումներն ու  այլոց պայքարներուն ներքաշուելու մղումները:

Լիբանանահայութեան քաղաքական գործօնի անկախ էութեան պահպանումը անզիջելի առաջադրանք է, թէ՛ համայնքին, թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ սփիւռքին համար:

Նախորդը

Վաղուան Լիբանանի Կերտումը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Ապրիլ 2025)

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?