Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը «Ազդակ»

Ապրիլ 11, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի, այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կոմիտէի փոխնախագահներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ու  Վրէժ Շառոյեան եւ կոմիտէի անդամ Շահան Սէմէրճեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Լիլիթ Կասեան:

«Ազդակ»-ի տնօրէնը ողջունեց ներկաները, զեկուցեց թերթի աշխատանքներուն մասին, կարեւոր նկատելով երիտասարդութիւնը հայրենիքի մէջ համախմբելու առումով Համահայկական խաղերու կոմիտէին իրականացուցած աշխատանքը:

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան իր հերթին անդրադարձաւ այս կառոյցի ստեղծման, իրականացուցած աշխատանքներուն, անոր համահայկական էութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Յայտնենք, որ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Լիբանան կը գտնուի եռօրեայ այցելութեամբ: Նախատեսուած են հանդիպումներ  Լիբանանի տարբեր կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ. կը քննարկուին 2027-ին  կայանալիք Համահայկական ամառնային եւ 2029-ի` Համահայկական ձմեռնային խաղերուն հետ կապուած կազմակերպչական բնոյթի հարցեր:

Համահայկական խաղերու ճամբով գոյացած համախմբուածութիւնը հիմնովին կը սատարէ հայրենիքի հետ աշխարհացրիւ երիտասարդութեան կապին, պատմական հայրենիքի մեր մնացորդացի ինքնութեան  ընդգծման եւ ընդհանրապէս սփիւռքեան կազմակերպութիւններու միջեւ գործակցութեան ստեղծման` գործնապէս սատարելով նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրակայման:

«Ազդակ», որ նախորդ խաղերու թէ՛ բացման, թէ՛ խաղերու ընթացքին եւ թէ՛ փակման արարողութիւններուն վերաբերող իրադարձութիւնները լայնօրէն լուսաբանած է, պիտի շարունակէ անդրադառնալ յատկապէս այս պայմաններուն մէջ ազգի երիտասարդ ներկայացուցիչներու համախմբման առումով կարեւոր դեր ունեցող այս նախաձեռնութիւններու ռազմավարական նշանակութեան:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (11 Ապրիլ 2025)

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?