ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2025-ին, մեր Տիրոջ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնին` Ծաղկազարդի առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Սուրբ պատարագի ընթացքին պիտի կազմուի մանուկներու թափօր, որուն աւարտին մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն, պատանիներուն ու յատկապէս երիտասարդ ծնողներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ վեհափառ հայրապետը:
Հայրապետին խօսքէն անմիջապէս ետք, աւանդութեան համաձայն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, վեհափառ հայրապետը պիտի ընդունի մանուկները եւ իր օրհնութիւնը տայ անոնց:
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Իսկ երեկոյեան ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որուն պիտի նախագահէ վեհափառ հայրապետը, իսկ հանդիսապետէ ու յաւուր պատշաճի քարոզէ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:
Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մասնաւորաբար երիտասարդ ընտանիքներուն, ներկայ գտնուելու ու մասնակցելու սուրբ պատարագին եւ մանուկներու թափօրին, ինչպէս նաեւ յետմիջօրէին կայանալիք Դռնբացէքի արարողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին առիթով, կիրակի, 13 ապրիլ 2025-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ մանուկներու թափօր:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԵՐՆԷԶԵԱՆ
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:00-ին պիտի կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւն, ձեռամբ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԵՐՆԷԶԵԱՆի:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն արարողութիւններուն եւ լեցուելու օրուան խորհուրդով:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐԸ` ՆՈՐԱՇԷՆԻ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ ուրբաթ, 11 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հսկումի ժամերգութիւնը պիտի կատարեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
Ս. ՓՐԿԻՉ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
2025-Ի Աւագ Շաբթուան արարողութիւններու ժամանակացոյց
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2025
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Հայրապետական Ս. պատարագ եւ անդաստանօրհնէք Հանդիսապետութեամբ`
ՆԱԳՏՏ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկ` Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին
* Փոքրերու յատուկ յայտագիր ժամը 12:00-ին
Իսկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Դռնբացէքի արարողութիւն
————————————–
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԹԱՓՕՐ
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ
ԿԻՐԱԿԻ, 13 ԱՊՐԻԼ 2025-ԻՆ
Իր աբեղայական անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նորօծ` միաբան`
ՀՈԳՇ. Տ. ՄՈՎՍԷՍ ԱԲՂՅ. ԵՕՍՈՒԼՔԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 9:00-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Թափօր` ժամը 11:30-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔ` երեկոյեան ժամը 6:00-ին
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ