Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Դէպի Թաղապետական Եւ Քաղաքապետական Ընտրութիւններ

Ապրիլ 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան կառավարութիւնը կը մնայ հաստատ թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած ժամանակացոյցին կատարելու որոշումին վրայ: Այս մէկը բացի այս ընտրութիւններէն կը թուի վարքագծային ըլլալ, պետական մարմիններու ընտրութեան, նշանակման կամ հաստատման ժամկէտները յարգելու եւ այս առումով կայացած որոշումներու գործնականացումը չյետաձգելու կամ ընդհանրապէս չառկախելու:

Լիբանանեան աւանդութիւն դարձած  յետաձգման կամ առկախման վարքագիծը  փոխելու մասին կը յուշէ պատերազմէն տակաւին դուրս չեկած կամ անոր անմիջական հետեւանքները չյաղթահարած լիբանանցին դէպի ընտրութիւններ առաջնորդելու այս ընթացքը: Նոյնիսկ անորոշ կը մնայ հարաւային որոշ գօտիներու մէջ ընտրութիւններ կազմակերպելու եղանակը: Այս բոլորով հանդերձ ճշդուած ժամանակը կը մնայ անփոփոխ, եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ:

Երկրորդ հիմնական երեւոյթը այն է, որ համակարգային փոփոխութիւններ առաջադրող նոր ալիքը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ իրավիճակի փոփոխութեան յանգիլ, երբ մէկ կողմէ այս նեղ ժամանակին մէջ տեղական մարմինները պիտի ձեւաւորուին աւանդական ուժերու միջեւ կնքուելիք դաշինքներով կամ անհամաձայնութիւններու հետեւանքով մրցապայքարներով, միւս կողմէ փոփոխութեան հետամուտ եւ նոր ալիքին ճշդած կարգախօսներուն ընդառաջ շարժող ուժեր պիտի փորձեն առաւելագոյնը ձեռքբերել, առ ի նախապատրաստութիւն յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Երեւոյթները այնպէս ցոյց կու տան, որ յամենայն դէպս տեղական ինքնակառավարման մարմինները այս նեղ ժամանակին պիտի կազմուին տեղ-տեղ առանց մրցակից ցանկերու ինքնաբերաբար ընտրուած ձեւով, այլ տեղեր տարբեր ցանկերու միջեւ տեղի ունեցող ընտրապայքարներով: Այլ խօսքով, դասական-աւանդական ձեւերով, ուր աւանդականէն դուրս եղող փոփոխութեան կամ անկախական տարազով ներկայացողը յառաջատար դիրքեր պիտի չգրաւէ:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով նախագահի ընտրութեան կամ վարչապետի նշանակման համար աշխատած առաջադրանքային գիծը այս պարագային լիարժէք պիտի չաշխատի: Այդ չի նշանակեր, որ դէպի Լիբանան փչող քաղաքական հովերը  ուղղութիւն պիտի փոխեն: Այս փուլին դասական ուժերու միջեւ որոշ ընտրական բախումներէ ետք դասականի համապատկերի փոփոխութիւն կրնայ գրանցուիլ: Ասիկա կրնայ նկատուիլ ենթահող  յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ ձեւաւորուելիք խորհրդարանին:

Անցումը ուրեմն միանգամայն կտրուկ չէ, այլ փուլային: Իսկ այդ փուլայինի առաջին փուլը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու նոր համապատկերն է: Որքան ալ ճշդենք, որ ինքնակառավարման մարմիններու խորհրդարանական ընտրութիւններու փիլիսոփայութիւնները հիմնովին տարբեր են:

Մէկ կէտ եւս մտածել կու տայ յառաջիկային մասին: Ընդհանուր առաջադրանքներուն մաս կը կազմէ վարչական ապակեդրոնացումը: Ապակեդրոնացումը կ՛ենթադրէ նոր լիազօրութիւններ նահանգային, քաղաքային եւ թաղային մակարդակներու վրայ: Այդ առումով ալ չի բացառուիր, որ ընտրելի մարմիններն ու խորհուրդները քայլ առ քայլ պիտի ապահովեն յաւելեալ լիազօրութիւններ նահանգներու, քաղաքներու եւ թաղամասերու կառավարման առումներով:

Անշուշտ այս բոլորը ֆինանսական միջոցներ եւ պետական պիւտճէ կ՛ենթադրեն: Այդ պիւտճէն հիմնականին մէջ կը կայանայ արտաքին օժանդակութիւններով: Այդ օժանդակութիւնները քաղաքական եւ վարչակառավարման նախապայմաններ ունին. այդ նախապայմանները նկատի կ՛ունենան նաեւ երկրին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին կողմնորոշումները, որոնք կ՛արտացոլան նաեւ ընտրութիւններով: Այլ խօսքով` նաեւ այս փուլին ձեռք բերուած արդիւնքներով:

Երկրի տարբեր փուլերու ընտրութիւնները այս բոլորի նկատառումով պիտի անցնին դասական որոշ ուժերու եւ փոփոխութենականներու կամ անկախականներու միջեւ ուղղակի կամ անուղղակի գործակցութիւններով ձեռքբերուած համախառն արդիւնքներու հոլովոյթէ:

Այս նոր գծուող դաշտին մէջ ինքնուրոյնութիւն պահպանելու, համայնքի ներկայացուածութիւնը ապահովելու, հայկական դիմագիծի շեշտերով քաղաքներու կառավարման համակարգերը վերստանձնելու համար հայկական զանգուածային քուէն անհրաժեշտ է: Ուրուագծուող նոր համապատկերին մէջ հաւասարակշիռ քաղաքականութեան կիրարկումով ընտրական պայմանաւորուածութիւններ կայացնելու եւ լիբանանահայութեան ներկայացուածութիւնը այս փուլին ապահովելու առաջադրանքը համընդհանուր է համայնքին համար:

Քուէն ուժ է: Հայկական քուէն լիբանանահայութեան ուժն է: Այդ ուժի դրսեւորումը հրամայական է այս եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար:

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Զուիցերիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 76-րդ լսարան. «Եւրոպայի Ուշադրութիւնը Կեդրոնացնել Հայկական Հարցին Վրայ․ Ա՛յս Եղած Է Եւրոպայի Հայ Ուսանողական Միութեան Գլխաւոր Նպատակը». Դոկտ․ Աբէլ Քհնյ․ Մանուկեան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?