Հանգրուանային «Դաստիարակութիւն»
Այսօրուան պատանիին եւ երիտասարդին համար թերեւս շատ բան չեն նշանակեր (կամ առաւելաբար լսովի բաներ են) քաղաքի բաժանումն ու ճակատներու կազմաւորումը, գիշեր-ցերեկ մէկ շրջանէն միւսը ռումբերու տարափը եւ այլն: Այդ բոլորը չծագեցան մէկ օրէն միւսը, այլ կտրեցին հանգրուաններ: Նախ մարդիկ ենթակայ եղան «զէնքի դաստիարակութեան»: Խօսքը չի վերաբերիր զինեալ խմբաւորումներու կազմութեան եւ փողոցին տիրապետութեան, այլ` ընդհանուրին «դաստիարակութեան»: Մարդիկ սորվեցան, թէ գործածուող զէնքերը ի՛նչ անուններ ունին. «Քալաշնիքով», «Փոր Սայիտ», «Մաօ-մաօ», «Էմ 16», «Փամփ էքշըն», «Տոչքա»… Հասկցան, որ հրթիռները եւ ռումբերը, որոնք դուրս փախած էին պատերազմական ժապաւէններու պաստառներէն ու սրահներէն, կ՛ունենան տարբեր տրամաչափեր` 60-նոց, 80-նոց, 120-նոց, 155-նոց, «Կրատ»… Նմանապէս շարժապատկերի պաստառներէն իրենց փողոցները վազած էին արձակազէններ (1958-ի դէպքերուն ալ անոնք կային, բայց` մոռացութեան գիրկը նետուած): Եթէ նախապէս հանրածանօթ էին շարք մը քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, մարդիկ սորվեցան, որ անոնք ունին (եղեր) կամ կազմաւորեր են զինուորական թեւեր, որոնք տարին չբոլորած` դարձած էին կացութեան տէր-տիրականը` լուսանցքի վրայ քշելով բանակն ու ապահովութեան ուժերը: Նոյնինք բանակը, ինչպէս մայրաքաղաքն ու նահանգները, բաժան-բաժան եղաւ, թիւ այսինչ զօրամասը նկատուեցաւ այսինչ ճակատին պաշտպանը (կամ` հովանիին տակ անցած միաւոր), իսկ այնինչը` հակառակորդներու համակիր:
Նմանապէս, տարին չբոլորած, պէյրութցիք կամաց-կամաց տեսան, որ քաղաքը ունի (եղեր) երկու մեծ գօտի` արեւելեան եւ արեւմտեան, որոնց միջեւ, նաւահանգիստէն մինչեւ հարաւային արուարձաններ ու օդակայանի մօտերը երկարեցաւ սահմանագիծ մը: Թէեւ անիկա կոչուեցաւ «կանաչ գիծ», սակայն ո՛չ անիկա, ո՛չ ալ մօտակայ թաղամասերը կանաչ չէին, այլ հոն իշխողը սեւն ու կրակագոյնն էր: Իսկ եթէ անպայման պէտք էր կանաչ բան մը փնտռել հոն, այդ ալ` կիսաքանդ ու լքուած շէնքերուն, հրապարակներուն ու թաղերուն մէջ անկաշկանդ աճած վայրի բուսականութիւնն էր` ծառ ու թուփ, որոնք դարձան սողուններու եւ կիսավայրենի շուներու ժամադրավայրը: Ֆէյրուզը երգ երգեց այդ ողբերգութեան մասին… «Սահմանագիծին» երկու կողմերուն դիրք բռնած զինեալ խմբաւորումներ սկսան ամէն գիշեր, երբեմն` նաեւ ցերեկները, կրակոցներու համանուագներով քնացնել, չէ՜, արթուն պահել բնակիչները: Կեդրոնին երկու կողմերուն, Մըր եւ Ռըզք աշտարակները դարձան թշնամական գործողութիւններու այլ խորհրդանիշներ:
Շուտով մարդիկ սորվեցան, որ կան «անապահով ճամբաներ ու անցքեր»: Առաջին օրերուն պաշտօնական ձայնասփիւռը փորձեց խաղաղութիւն եւ վստահութիւն քարոզել: Հանրածանօթ դարձաւ Շարիֆ Ախաուի անունով խօսնակ մը, որուն գործերէն մէկն էր հաղորդել, թէ ո՛ր ճամբաները վտանգաւոր էին, ուրկէ՛ կարելի էր ապահով երթեւեկել: Մարդիկ կը սպասէին, որ այդ «առաքեալը» աւելի՛ յաճախ կրկնէր «Քուլ-ըլ-թըրըքաթ սալիքա ու ամինա» (բոլոր ճամբաները բաց են եւ ապահով) աւետիսը, սակայն կային դարանակալ զինեալներ ու սադրիչներ, որոնք քանի մը ժամ ետք սուտ կը հանէին այդ տեղեկութիւնը: Զինադուլի յայտարարութիւնները երբեմն քանի մը ժամ, երբեմն ալ քանի մը օր կ՛ապրէին միայն…
Բազում Փուլեր
Եթէ խօսինք փուլերուն մասին, կ՛ունենանք մօտաւոր հետեւեալ պատկերը (արագ թուարկումի մօտեցումով): Առաջին փուլը երկարեցաւ 1975-ի յիշեալ անկիւնադարձէն մինչեւ 1976-ի վերջին ամիսները, երբ Արաբական զսպիչ ուժեր առաքուեցան Լիբանան ու մասնաւորաբար` ռազմադաշտի վերածուած մայրաքաղաքը: Ինչպէս յաջորդ փուլերը, այս ալ ունեցաւ քանի մը կէտադրական նշան, յիշեալ բաժանումներուն (շուտով նաեւ` պատկերասփիւռի պետական կայանին) նուիրականացումը, «պատկերասփռուած յեղաշրջում» մը (Ազիզ Ահտապի երեւումը` պատկերասփիւռի կայանէն): Ծնունդ առին ձայնասփիւռի կուսակցական-հատուածական կայաններ (պատկերասփիւռի կայաններ շատ աւելի ուշ մտան կրկէս): Արեւելեան թէ արեւմտեան գօտիներուն մէջ հրապարակ եկան նոր կուսակցութիւններ, որոնք երբեմն նոյն շրջանին մէջ չվարանեցան իրարու դէմ զէնք բարձրացնելու, զիրար չէզոքացնելու եւ զիրար կուլ տալու: Ամէնէն մակերեսային կերպով մանրամասնութիւններու մէջ մտնելն անգամ տարբեր տեղեր պիտի տանի այս սիւնակը:
Յաջորդ փուլերը բազմաթիւ են: 1977-ի սկիզբներուն հաստատուած համեմատական խաղաղութիւնը (արաբական ուժերու, մասնաւորաբար սուրիական ուժերու ներկայութեան շնորհիւ) ենթարկուեցաւ «մանր ցնցումներու», մինչեւ 1978-ի կէսերը: Ոմանք պէտք է յիշեն, որ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան այդ տարուան աւարտականները, որոնք տեղի ունեցան Մարատոնայի եւ Քեմփեսի Արժանթինին հիւրընկալութեամբ, պատկերասփռուեցան խաղաղ պայմաններու մէջ, կէս գիշերին կամ առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Պէյրութի երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկը վերահաստատուած էր զգուշաւոր ճամբորդներու առջեւ: Յետոյ, մրցաշարքի յաջորդ օրերուն, ռազմական դէպքերը վերստին տիրապետող դարձան, պատմութեան մէջ արձանագրուեցան «Էշրեֆիէի դէպքեր»-ը եւ… մասամբ նորին:
Եթէ ոստումներով շարունակենք ժամանակին մէջ ճամբորդութիւնը, կը հասնինք 1982, երբ տեղի ունեցան ամէն իմաստով աննախընթաց դէպքեր: Իսրայէլ, որ ընդհանրապէս անուղղակի միջոցներով հետեւած էր Լիբանանի «ներքին» դէպքերուն (օրինակի համար, հարաւի մէջ անոր հովանիին տակ ստեղծուած էր Հարաւային Լիբանանի բանակ անունով կազմաւորում մը, որ մինչեւ իսկ… դատավարութիւն մը սարքեց օրուան նախագահ Իլիաս Սարգիսի դէմ), քայլ մը անդին գնաց եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով` արաբական մայրաքաղաք մը ինկաւ իսրայէլեան ուժերու գրաւման տակ: Գրաւումը տեւեց աւելի քան երեք ամիս, աւարտէն առաջ Պեշիր Ժեմայել ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ, երբ իսրայէլեան հրասայլերը իրողապէս պաշարած էին ընտրութեան վայրը` Եարզէի զօրանոցը… սակայն պաշտօնը ստանձնելէ առաջ զոհ գնաց ռմբային ոճիրի մը: Այդ պայմաններուն մէջ նախագահութեան հասաւ Ամին Ժեմայել, որուն իշխանութեան փուլը բեմ հանեց այլատեսակ զարգացումներ: Նախ փորձ կատարուեցաւ բանակի վերամիաւորման, ու բանակը մտաւ «արեւմտեան Պէյրութ»: Օրին դրական դէպք նկատուեցաւ այն, որ նորընտիր նախագահը Համրա պողոտայի մէկ սրահին մէջ ներկայ եղաւ «Կանտի» ժապաւէնին ցուցադրութեան` աւետելով, որ բաժանուածութիւնը վերջ պիտի գտնէ: «Արեւմուտքցի»-ներուն համար բանակին կարգ մը գործողութիւնները (կեդրոններու խուզարկութիւն, զինաթափումի փորձեր եւ այլն) դիտուեցան իբրեւ խտրական, ու իրողական հակադրութիւնները այլ տեսակի վառելանիւթերով պարենաւորուեցան: Նմանապէս` շատերու կողմէ հաշտ աչքով չդիտուեցան Իսրայէլի հետ (իբր թէ) խաղաղութեան բանակցութիւնները, որոնք նշանաւոր դարձան եռանկիւնաձեւ սեղանի շուրջ նստողներու լուսանկարներով…: Նոյն փուլին «ներքին» տարակարծութիւններ դրսեւորուեցան թէ՛ «արեւելեան» եւ թէ՛ «արեւմտեան» շրջաններու իրողական ուժերուն մէջ: Լիբանանեան ուժերուն մէջ (որոնք շատոնց կլանած-միաձուլած էին արեւելեան գօտիի զինեալ խմբաւորումները) ծագեցան «ըմբոստութիւններ» ու պառակտումներ: Նմանօրինակ հակադրութիւններ` միւս ճակատէն ներս, գլխաւորաբար` Ամալի եւ ընկերվարական յառաջդիմական ուժերու միջեւ: Պահ մը ազդու ներկայութիւն եղող զինեալ խմբաւորումներ (ինչպէս` Մուրապիթունը, ծանօթ` Անկախ նասըրականներ անունով) դուրս հրուեցան հրապարակէն: Առանձին պատմութիւն է պաղեստինեան ուժերու ներկայութեան, ազդեցութեան կրճատման եւ ապա զանգուածաբար Լիբանանէն հեռացման դիպաշարը, որուն մէջ մասնայատուկ էին Սապրայի եւ Շաթիլայի մէջ տեղի ունեցած սպանդները:
Կարեւոր այլ եւ յիշատակութեան արժանի դէպքեր էին առաջին հերթին իսրայէլեան ուժերու հեռացումը` նախ Պէյրութէն, յետոյ նաեւ` Լեռնալիբանանէն: Այդ օրերուն ալ եղան յիշատակելի դէպքեր, ինչպէս` ամերիկեան նաւատորմէն «Նիւ Ճըրզի»-ին երեւումը` Պէյրութէն հարաւ երկարող ծովափին դիմաց. անկէ քանի մը ռումբեր արձակուեցան դէպի լեռնային շրջաններ, սկիզբի ահ ու սարսափի ու լարուածութեան զգացումը տանելով կատակներու (ռումբերէն այծեր սպաննուած ու վիրաւորուած էին…): Պէյրութ հասան արեւմտեան բազմազգեան ուժեր, որոնց առաքելութիւնը քանի մը ամիս ետք ունեցաւ ողբերգական վախճան` ամերիկեան եւ ֆրանսական ուժերու զօրակայաններու ականահարումով: Ականահարումի ենթարկուեցաւ նաեւ ամերիկեան համալսարանին մօտակայ ծովափին գտնուող ամերիկեան դեսպանատունը: Շուտով լիբանանեան բեմին վրայ զգալի դարձաւ նոր ուժ մը` Հըզպալլան, որ յաջորդ տարիներուն տիրական դարձաւ թէ՛ զինուորապէս եւ թէ՛ քաղաքականապէս, նախ իբրեւ ախոյեան` համայնքակից Ամալին, իսկ աւելի ուշ դարձաւ անոր դաշնակիցը եւ բարձրացուց հարաւի պաշտպանութեան դրօշը: Հարաւ ըսելով` Լիբանանի մէջ ընդհանրապէս նկատի կ՛առնուի շիի համայնքի իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը, մասնաւորաբար` ընդդէմ Իսրայէլի, սակայն նաեւ ընդդէմ լիբանանեան այն ուժերու եւ քաղաքական ուղղութիւններու, մինչեւ իսկ իշխանաւորներու, որոնք անհրաժեշտ հոգածութիւնն ու զօրակցութիւնը չեն տրամադրեր հարաւցիներուն: (Կ՛արժէ հոս փոքր փակագիծ մը բանալ` յիշեցնելու, որ նոյնինքն Ամալը 1975-էն քանի մը տարի առաջ ծնունդ առած էր թողլքուած հարաւցիներու իրաւունքները պաշտպանելու դիտաւորութեամբ):
Յաջորդ փուլը, որ «պատերազմ»-ի վախճանին նախերգանքը կազմեց, այլապէս պատմական դէպքերու շրջան մըն է: Ժեմայելի իշխանութիւնը աւարտեցաւ երկփեղկումին վերաձեւաւորումով, երբ անոր իրողական յաջորդը դարձաւ բանակի օրուան հրամանատարը` զօրավար Միշէլ Աուն` վարչապետի հանգամանքով: «Արեւմուտք»-ի ուժերն ու կուսակցութիւնները այս քայլին մէջ տեսան անկախութենէն ասդին նուիրականացած դրութեան խախտում մը: Լիբանանի վարչապետութիւնը սիւննի համայնքին վերապահուած է, իսկ Աուն սիւննի չէ: Սելիմ Հըս դարձաւ «արեւմտեան» շրջանի վարչապետը… Ընդհանուր վիճակը զինուորական գետնի վրայ ալ վատթարացաւ, երբ Աուն պատերազմ հռչակեց նախ սուրիական ուժերու դէմ, իսկ աւելի ուշ` Լիբանանեան ուժերուն: «Արեւելեան գօտի»-ն ենթարկուեցաւ իրերայաջորդ բաժանումներու: Ահաւոր ճակատումները շարունակուեցան` «կապկելով» (եւ աւելի անդին անցնելով) «քաղաքացիական պատերազմ»-ի նախորդ բոլոր փուլերը: Արաբական ուղղակի միջամտութիւնը (այլապէս` ո՛չ աննախընթաց տագնապի ամբողջ տեւողութեան) իր կողքին ունեցաւ միջազգային օրհնութիւն, ու լիբանանցիները տարաւ… Թաէֆ (1989), ուր կերտուեցաւ նոր դարաշրջանի Լիբանանի մը ուխտը: Խորհրդարանի պատկերը փոխուեցաւ, հաշտութիւն գոյացաւ վերաձեւաւորուած հաւասարակշռութեան մը հիմքերուն վրայ, ու Լիբանան մտաւ «պատերազմ»-ին աւարտը ծանուցող դարաշրջանը:
Այս փուլին ալ Լիբանան ունեցաւ ռմբահարումի զոհ նախագահ մը` Ռընէ Մուաուատը: Յաջորդը` Իլիաս Հըրաուի, պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ խաղաղութեան վերադարձի շրջանը բացողը (խաղաղութիւն` բաղդատած նախընթաց 15 տարիներուն):
Եւ ինչպէս որ լիբանանցիք սկզբնապէս չէին հաւատացած, որ 1975-ի ապրիլեան դէպքով մտած են ահաւոր կորուստներու երկարատեւ փուլ մը, նոյնպէս ալ երկար ժամանակի պէտք ունեցան համոզուելու, որ «քաղաքացիական պատերազմ»-ը վերջ գտած է (գոնէ` զինուորական իմաստով), մայրաքաղաքն ու երկիրը մտած են վերամիաւորման ու համեմատական խաղաղութեան, կայունութեան նոր շրջան մը: Եւ իսկապէս որ Լիբանան ունեցաւ կայունութեան եւ վերականգնումի փուլ մը, որուն առաջին ուժեղ հարուածը հասաւ 2006-ի իսրայէլեան յարձակումին ճամբով: Սակայն այդ տարիները արդէն «քաղաքացիական պատերազմ» շրջանէն ասդին են:
Մարտ 2025
(Շար. 2)