Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հաստատուած իրողութիւն է, որ մահապատիժը չէ յաջողած ոճրագործութիւններու արգելք ըլլալ: Սակայն կարգ մը երկիրներու մէջ տակաւին կախաղան կը բարձրացուին, ելեկտրական աթոռներու վրայ կը նստեցնեն եւ նոր արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով կը խլեն ոճրագործներուն կեանքերը: Իսկ եթէ դատարանը սխալ վճիռ արձակած է եւ մեղաւոր ճանչնալով անմեղը` զայն մահուան դատապարտած… Ահաւասիկ հարց մը, որ ըստ երեւոյթին, մարդիկ չեն կարողացած լուծել: «Պի.Պի.Սի.» եւ «Սի.Էն.Էն» այս բնաբանով յօդուածներ հրապարակած են:

Ն.

Գրեթէ 50 Տարի Մահապատիժի Դատավճիռով
Ազատազրկուած, Ապա Արդարացուած Տղամարդը
Կը Ստանայ Մրցանշային 1,5  Միլիոն Տոլար

Ճափոնցին, որուն դէմ մահապատիժի վճիռ արձակուած էր, եւ ան շուրջ յիսուն տարի բանտարկուած էր մինչեւ արդարացուիլը, կը ստանայ 1,5 միլիոն տոլարի հատուցում, որ ըստ անոր փաստաբաններուն, երկրի ամէնէն մեծ վճարումն է քրէական գործով :

Իվաօ Հակամատան (այժմ` 89-ամեայ), որ դատապարտուած էր 1968 թուականին իր տնօրէնը, անոր կինն ու երկու երեխաները սպաննելու մեղադրանքով, անցեալ տարի վերադատուելէ ետք արդարացուած է:

Հակամատայի փաստաբանները հնարաւոր առաւելագոյն հատուցում պահանջած են` պնդելով, որ 47 տարուան ազատազրկումը, որուն ընթացքին ան աշխարհի ամէնէն երկարակեաց մահապատիժի դատապարտուածն էր, վնասած է անոր հոգեկան առողջութեան:

Դատաւոր Կունի Կոշի բաւարարելով դիմումը` համաձայնեցաւ, որ Հակամատա կրած է «չափազանց ծանր» հոգեկան եւ ֆիզիքական տառապանք:

Ճափոնի կառավարութիւնը դրամական հատուցում կը վճարէ Հակամատային, որ ըստ տեղական լրատուամիջոցներու տուեալներուն, երկրի պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ հատուցումն է արդարացուածի մը:

Հակամատայի դատական հոլովոյթը Ճափոնի ամէնէն երկար եւ հանրածանօթ իրաւական դրուագներէն մէկն է:

2014-ին անոր թոյլատրեցին հազուադէպ կրկնակի դատավարութիւն եւ բանտէն հաւանական ազատ արձակում, այն կասկածով, որ քննիչները կրնային տեղադրած ըլլալ ապացոյցներ, որոնք յանգեցուցած են անոր դատապարտման:

Անցեալ սեպտեմբերին հարիւրաւոր մարդիկ հաւաքուեցան Ճափոնի հարաւային ափին գտնուող Սիզուոկա քաղաքի դատարանին մօտ, ուր դատաւորը արդարացման վճիռ արձակեց ներկաներուն բարձր բացագանչութիւններուն ներքեւ:

Սակայն Հակամատան չէ կրցած մասնակցիլ նիստին: Ան ազատ կացուցուած էր նախորդ բոլոր նիստերէն` հոգեկան վիճակի վատթարացման պատճառով:

Ան ազատ արձակուած է բանտէն եւ մնացած է իր 91-ամեայ քրոջ` Հիտեկոյի խնամքին տակ:

Հակամատան  գործարանի աշխատաւոր մըն էր 1966 թուականին, երբ Թոքիոյի արեւմուտքը գտնուող իրենց տան մէջ ծագած հրդեհէն ետք յայտնաբերուեցան անոր տնօրէնին, կնոջ եւ երկու երեխաներուն մարմինները: Չորսն ալ դանակահարուած էին:

Իշխանութիւնները Հակամատան մեղադրած են ընտանիքի սպանութեան, տունը հրկիզելու եւ 1,5 միլիոն տոլար կանխիկ գումար գողնալու համար:

Հակամատան սկիզբը հերքած է իր մեղքը, սակայն աւելի ուշ տուած է խոստովանական ցուցմունք, որ, ըստ անոր, հարկադրուած եղած է օրական մինչեւ 12 ժամ տեւած ծեծէն եւ հարցաքննութիւններէն ետք:

1968 թուականին դատապարտուած է մահապատիժի:

Տարիներ շարունակ Հակամատայի փաստաբանները կը պնդէին, որ զոհերու հագուստէն յայտնաբերուած DNA-ը չի համապատասխաներ անոր, եւ կը պնդէին, որ ապացոյցները սարքուած են:

Կարծիքներ
Մահապատիժի Մասին

«Մահապատիժը ոչ միայն կը խլէ սեղանին կապուած մարդուն կեանքը, այլեւ` մեզմէ իւրաքանչիւրին մարդկայնութիւնը»:

ՔԼԻՆԹ ՍՄԻԹ

«Արդար, մարդասէր հասարակութեան մէջ մահապատիժի համար տեղ չկայ»:

ՔՈՐԻ ՊՈՒՇ

«Ես ամբողջովին դէմ եմ մահապատիժին, որովհետեւ ես այդ չեմ տեսներ որպէս յանցագործութեան կանխարգելիչ միջոց»:

ՄԱՐԹԻՆ ԼՈՒԹԵՐ ՔԻՆԿ Գ.

«Ոչ բոլոր բարոյական հարցերը ունին նոյն բարոյական կշիռը, օրինակ` վիժումը: Պատերազմ վարելու եւ մահապատիժի կիրարկման վերաբերեալ նոյնիսկ կաթողիկէներու միջեւ կրնայ ըլլալ կարծիքներու օրինական բազմազանութիւն, բայց ոչ… վիժումի կապուած»:

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. ՊԱՊ

«Ոչ մէկ իսկական հաւատացեալ կը կարողանայ ըլլալ անհանդուրժող կամ դահիճ: Եթէ ես ըլլայի դատաւոր, եւ օրէնքը մահապատիժ սահմանէր անաստուածներու դէմ, ես կը սկսէի պատժել ան, որ կը դատապարտէր միւսը»:

ԺԱՆ-ԺԱՔ ՌՈՒՍՕ

«Դարեր շարունակ մահապատիժը, որուն յաճախ կ՛ուղեկցին բարբարոսական ճշգրտումներ, կը փորձէ զսպել յանցագործութիւնը, որ սակայն տակաւին կը շարունակուի: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մարդուն մէջ պատերազմող բնազդները, ինչպէս օրէնքը կը պնդէ, կայուն ուժեր չեն հաւասարակշռութեան վիճակի մէջ»:

Ա. ՔԱՄԻՒ

«Ես կը խոստովանիմ, ինչպէս` Սոկրատը, Արիստոտէլը, Պղատոնը եւ այլ փիլիսոփաներ, որ կան դէպքեր, երբ մահապատիժը տեղին կը թուի»:

ՃԷՔ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

«Մեր օրէնքը Յորդանանի օրէնք է, որ  մենք ժառանգած ենք: Այդ կը վերաբերի ե՛ւ Այսրյորդանանին ե՛ւ Կազային, մահապատիժ սահմանելով անոնց նկատմամբ, որոնք հող կը ծախեն իսրայէլացիներուն»:

ԵԱՍԵՐ ԱՐԱՖԱԹ

Դատապարտուած Անձը Կէս Դար
Բանտարկութենէ Ետք  Ազատ Արձակելով`
Ճափոն Կը Շարունակէ՞ Կիրարկել Մահապատիժը

Ոստիկանութիւնը յօրինած է հիմնական ապացոյցներ, որոնք յանգեցուցած են Իվաօ Հակամատայի դատապարտման 1968 թուականին, սակայն մահապատիժը տակաւին ունի ժողովրդական աջակցութիւն:

Կը կարծուէր, թէ Իվաօ Հակամատան պիտի չապրէր մինչեւ սպանութեան համար իր դատավճիռին բեկանումը:

Նախկին բռնցքամարտիկը, որ գրեթէ կէս դար անցուցած է բանտին մէջ, մահապատիժի դատապարտուած` 1960-ականներու վերջաւորութեան չորս հոգինոց ընտանիքի սպանութեան համար, արդարացուեցաւ, երբ բացայայտուեցաւ  յետպատերազմեան Ճափոնի դատական ամէնէն մեծ սխալներէն մէկը:

Հակամատան աւելի քան 45 տարի անցուց մահապատիժի դատապարտուած` աւելի երկար, քան` աշխարհի ոեւէ այլ բանտարկեալ, հաւատալով, որ իւրաքանչիւր օր կրնայ ըլլալ իր վերջինը, 1980 թուականին իր դատավճիռը վերջնականապէս հաստատուելէ ետք:

Այդուհանդերձ, ան 35 տարի եւս անցուց բանտին մէջ, քանի որ անոր փաստաբանները խնդրեցին վերսկսիլ դատավարութիւնը, հոլովոյթ մը, որ չ՛երաշխաւորեր մահապատիժի կասեցումը Ճափոնի անթափանց քրէական արդարադատութեան համակարգին մէջ:

Ան դարձաւ յետպատերազմեան Ճափոնի մէջ հինգերորդ դատապարտեալը, որ անմեղ ճանչցուեցաւ կրկնակի դատավարութեան ժամանակ:

Միւսները մահապատիժի ենթարկուած են, մինչ անոնց փաստաբանները կ՛աշխատէին, որ անոնց դատը կրկնուի:

Թէեւ 91-ամեայ քրոջ` Հիտեկօ Հակամատայի կողմէ տասնամեակներ շարունակ քարոզարշաւէն ետք, անոր արդարացումը կոչեր յառաջացուց փոփոխութիւններ կատարելու երկար ու բարդ վերադատավարութեան հոլովոյթին մէջ, գործիչները կ՛ըսէին, որ անոր դատը կ՛ընդգծէ մահապատիժի վտանգը:

Կառավարութեան պաշտօնեաները կը նշեն մահապատիժի նկատմամբ հանրային մեծ աջակցութիւնը:

2019-ի նախարարաց խորհուրդին կազմակերպած հարցախոյզին արդիւնքը ցոյց տուած է, որ մասնակցողներուն 80 առ հարիւրը կը կարծէ, որ մահապատիժը «կարգ մը պարագաներու անհրաժեշտ է», եւ միայն 9 առ հարիւրը կոչ կ՛ընէ այդ վերացնելու:

Քարոզարշաւի մասնակիցները, սակայն, կասկածի տակ դրած են հարցախոյզերու ձեւակերպումները եւ մահապատիժներու գործադրութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան համատարած բացակայութիւնը:

«Հարցախոյզերու վերլուծութիւնը, ներառեալ` Ճափոնի մէջ, ցոյց տուած է, որ մահապատիժի աջակցութեան վրայ կրնայ  մեծապէս ազդել կիրարկուած ձեւը կամ հետազօտութեան ժամանակը», կ՛ըսէ Կիարա Սանճորճիոն, մահապատիժի դէմ պայքարող Amnesty International-ի գործիչը:

«Ժամանակն է, որ կառավարութիւնը ճանչնայ մահապատիժի կիրարկման կապուած մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ ձեռնամուխ ըլլայ անոր ամբողջական վերացման»:

Ի. Հակամատա կը խօսի , անոր  91-ամեայ քոյրը բռնած է խօսափողը:

Մահապատիժի վճիռը տասնամեակներ շարունակ մեծ վնասներ պատճառած է անոր հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան

«Վերջապէս ես լիարժէք եւ ամբողջական յաղթանակ տարի»:

Այժմ 89-ամեայ Հակամատայի երկարատեւ բանտարկութիւնը մեծ վնաս պատճառած է անոր հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջութեան: Երբ դատարանը զայն անմեղ հռչակեց  1966-ի սպանութիւններուն համար, ան խօսք մը ուղղեց  իր կողմնակիցներուն. «Վերջապէս ես լիարժէք եւ ամբողջական յաղթանակ տարի: Ես այլեւս չէի կարողանար սպասել դատավճռին: Շատ շնորհակալ եմ»:

Ճափոն Միացեալ Նահանգներու հետ միակ մեծ ճարտարարուեստական երկիրն է, որ կը պահպանէ մահապատիժը, դիմակայելով  միջազգային երկարատեւ ճնշում` այդ վերացնելու:

Մինչեւ 2022 թուական աւելի քան 140 երկիրներ եւ շրջաններ վերացուցած կամ կասեցուցած են մահապատիժը: Ամերիկայի նահանգներուն մեծ մասը կա՛մ վերացուցած, կա՛մ դադարեցուցած է այդ:

Ճափոն մահապատիժներու նկատմամբ անմարդկային մօտեցում ունի: Բանտարկեալներուն միայն քանի մը ժամ առաջ կը տեղեկացնեն, որ պիտի տանին կախաղան եւ կ՛առաջարկեն ընտրել վերջին ճաշը:

Անոնց կ՛արգիլեն հաղորդակցիլ ընտանիքի եւ փաստաբաններու հետ, որոնց կը տեղեկացնեն միայն մահապատիժը գործադրելէ ետք:

Հակամատա կը խօսի դատավճիռի բեկանումէն ետք:

Շատերը սովորաբար տարիներ, իսկ կարգ մը պարագաներու` տասնամեակներ կը մնան միշտ սպառնացող մահապատիժի դատավճիռով. անորոշ վիճակ մը, որ ըստ Հակամատայի կողմնակիցներուն, քայքայեց անոր հոգեկան առողջութիւնը:

2009 թուականի զեկոյցով Amnesty International-ը կ՛ըսէր, որ Ճափոնի մէջ մահապատիժի դատապարտուածները կ՛ենթարկեն «խելագարութեան», «դաժան, անմարդկային եւ նուաստացուցիչ» վերաբերմունքի, եւ կոչ ըրած էր անյապաղ դադրեցնելու մահապատիժները:

Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներով, 2007 թուականէն ի վեր Ճափոնի մէջ մահապատիժի ենթարկուած է 77  անձ, 107 այլ դատապարտուածներ կը շարունակեն մնալ մահապատիժի վճիռով:

Հակամատայի վճիռին մէջ, որ տրուած էր տասնամեակ մը ետք, երբ ան ազատ արձակուեցաւ մինչեւ վերադատավարութիւնը, դատարանը դաժան յարձակում գործեց ոստիկաններուն վրայ, որոնք սարքած էին զայն մեղադրող 1968 թուականի դատապարտման յանգեցուցած ապացոյցներ:

Որոշումին մէջ կ՛ըսուի, որ անոր նախնական խոստովանութիւնը, որ` կողոպտած եւ սպաննած է գործարանատէրը, կինը եւ երկու երեխաները, ստացուած է «անմարդկային» հարցաքննութիւններու, հոգեկան եւ ֆիզիքական խոշտանգումներու միջոցով:

«Արդարադատութեան ոչ մէկ համակարգ կը կարողանայ  կատարեալ ըլլալ»

Ճափոնի ոգեւորութիւնը մահապատիժի իրականացման համար կրնայ կախուած ըլլալ արդարադատութեան նախարարի համոզումէն, որ կը ստորագրէ մահապատիժներու կատարման հրամանը:

2011-ին ոչ ոք  կախաղան բարձրացած է: Այս վերագրուած է այն ժամանակուան արդարադատութեան նախարար Կէյկօ Չիպային, որ նախապէս  հրամայած էր վերանայիլ մահապատիժը:

Ճափոնի մէջ վերջին մահապատիժը իրականացուած է 2022 թուականի յուլիսին` Տոմոհիրօ Կատոյի նկատմամբ, որ 2008 թուականին Թոքիոյի Ակիհապարա թաղին մէջ դանակով կատաղութեամբ յարձակած էր անցորդներու վրայ` սպաննելով ութ անձ:

Սակայն մահապատիժները վերջնականապէս դադրեցնելու հեռանկարները մշուշոտ են:

Վերջերս  Ճափոնի արդարադատութեան նոր նախարար Հիտեկի Մակիհարան ըսաւ, որ մահապատիժի վերացումը «անպատշաճ» կ՛ըլլայ`  նկատի առնելով հասարակական կարծիքի ուժը:

Հակամատայի որոշումէն ետք, Օքսֆորտի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի տնօրէն Սաուլ Լեհրֆրէունտ ըսած է. «Հասարակական կարծիքը որպէս մահապատիժի պահպանման պատրուակ օգտագործելու փոխարէն` Ճափոնի քաղաքական առաջնորդները պէտք է գործադրեն իրենց դատողութիւնը` կեդրոնանալով վերացման գործի տեղեկացուած եւ հիմնաւորուած գնահատման վրայ, գիտակցելով, որ ոչ մէկ արդարադատութեան համակարգ կը կարողանայ կատարեալ ըլլալ:

«Մարդկային այս սարսափելի ողբերգութեան ժառանգութիւնը պէտք է ըլլայ մահապատիժի ապագայի վերաբերեալ կառավարութեան դիրքորոշման փոփոխութիւնը»:

Նախորդը

Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց (Ա.)

Յաջորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Դ.

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025
Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը
Մշակութային եւ Այլազան

Ինչո՞ւ Թուրքերը Կ՛արգիլեն Արարատ Լերան Վրայ Նոյեան Տապանի Փնտռտուքը

Մարտ 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?