ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Յիսուն տարիներ առաջ` 13 ապրիլ 1975-ին սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:
Տասնհինգ տարի տեւած եւ անհամար զոհեր ու վիրաւորներ խլած պատերազմին պատճառով երկիրը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մարդագրական մեծ հարուածներ կրեց եւ բազում վերիվայրումներու ենթարկուեցաւ:
Լիբանանի հայութիւնը իր կարգին ճաշակեց իրեն բաժին ինկած դառնութիւններն ու կորուստները:
Պատերազմի առաջին օրէն իսկ հայութիւնը միասնական կեցուածքով մերժեց ներքաշուիլ եղբայրասպան կռիւներու թոհուբոհին մէջ, որդեգրեց դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն, կառչած մնաց մէկ եւ միասնական, ամբողջական Լիբանանի տեսլականին եւ հարցերը երկխօսութեան ճամբով լուծելու կեցուածքին:
Լիբանանի հայութիւնը միասնականութեան, շրջահայեաց քաղաքականութեան, մարտունակութեան, անձնազոհութեան, խիզախութեան եւ իրերօգնութեան սքանչելի օրինակ մը տուաւ: Աննման տղաք, տուն ու տեղ ձգած, տարիներով ակումբներու մէջ կայք հաստատեցին, մոռցան ընտանիք ու հանգիստ, զէն ի ձեռին, պահապան հրեշտակներու նման հսկեցին հայահոծ թաղերու ապահովութեան եւ ամէն վտանգ արհամարհելով, ռումբերու ու փամփուշտներու տարափին տակ հասան բոլորին:
* * *
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ կիրակի, 13 ապրիլ 1975-ին, Պէյրութի հարաւային արուարձան Այն Ռըմմանէի դէպքով, երբ փաղանգաւոր զինեալներ կրակ բացին պաղեստինցի ֆետայիներ փոխադրող պասի մը վրայ:
Ընդհատ բախումներէ եւ համեմատական հանդարտութենէ ետք, սեպտեմբերին կռիւները վերսկսան, եւ քանի մը օրուան ընթացքին Պէյրութի Կեդրոնական շուկան աւերուեցաւ, կողոպտուեցաւ, եւ տարիներու քրտինք ու վաստակ մոխիրի վերածուեցաւ: Կեդրոնական շուկային մէկ կարեւոր համեմատութիւնը հայերուն կը պատկանէր:
Պուրճ Համուտի մէջ հայ պահակ տղաք գիշեր ցերեկ կը հսկէին հայկական թաղերու ապահովութեան` արգելք հանդիսանալով յատկապէս Նապաայէն օտար զինեալ տարրերու ներթափանցումին:
Պանդոկներու պատերազմը, հոկտեմբերին` մէկ կողմէ փաղանգաւորներուն եւ միւս կողմէ մուրապիթուններուն եւ պաղեստինցի ֆետայիներուն միջեւ, հսկայական աւերներ պատճառեց: Պէյրութ ուրուական քաղաքի մը կերպարանքը ստացաւ. ամէն կողմ` քանդուած բնակարաններ, վնասուած ինքնաշարժներ, այրած շէնքերու ճակատներ եւ փշրուած ապակիներ:
Պէյրութէն դէպի գիւղական շրջաններ տեղափոխութիւնը լայն ծաւալ ստացաւ: Երկիրը հետզհետէ անիշխանութեան մէջ խրեցաւ:
Պէյրութ երկուքի բաժնուեցաւ եւ քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը անցաւ արեւելեան կողմը:
Տըքուանէի, Սին էլ Ֆիլի եւ Նապաայի մէջ զինեալ բախումները սաստկացան:
Պուրճ Համուտի հայկական թաղերը, շնորհիւ հայ պահակ տղոց աչալուրջ հսկողութեան, ընդհանուր առմամբ կը մնային բաւական ապահով: Սակայն Նապաայի մօտիկ Թրատ թաղը դարձած էր վտանգաւոր գօտի:
Նահրի կամուրջին հսկողութիւնը ստանձնած էին հայ պահակ տղաքը եւ անձնուիրաբար կը կատարէին այդ հսկողութիւնը, բաց պահելով կամուրջը: Նահրի կամուրջը միակ ճամբան էր որ Պէյրութը կը կապէր Պուրճ Համուտի, Նապաայի, Մեթնի եւ Քեսրուանի` նկատի ունենալով որ մայրուղիի երկրորդ կամուրջը վտանգուած էր զինեալ տարրերու ներկայութեան պատճառով:
Այդ կարգադրութիւնը նպաստաւոր եղած էր բոլոր կողմերուն:
* * *
Փաղանգաւորներ 1976 յունուարին գրաւեցին Տըպպայէի պաղեստինեան գաղթակայանը:
Քարանթինա, որ մեծամասնութեամբ իսլամներով բնակուած էր, յունուար 18-ին գրաւուեցաւ փաղանգաւորներուն կողմէ եւ անոր բնակիչները զանգուածաբար ջարդուեցան: Իբրեւ հակադարձութիւն, պաղեստինցիք եւ ձախակողմեան զինեալներ գրաւեցին Տամուրը եւ անոր բնակիչներէն շատեր սուրի քաշեցին:
Հակամարտ կողմերը, աշխարհագրական ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելու առաջադրանքով, համայնքային մաքրագործումներու ձեռնարկեցին: Հակառակորդը պաշարելու զինուորական մարտավարութիւնը կրակէ օղակի մէջ առաւ հայկական թաղերը: Ծանրակշիռ կացութիւնը կը սպառնար հայութիւնը պարտադրաբար մասնակից դարձնել եղբայրասպան կռիւներուն, սակայն հայութիւնը, հաւաքական կամքով եւ միասնական կեցուածքով կրցաւ հակամարտ կողմերուն պարտադրել հայութեան հաշտարար ներկայութիւնը` ամէն ճիգ թափելով, որպէսզի հակամարտ կողմերը զգուշանան հայութիւնը կռիւներուն մասնակից դարձնելու փորձութենէն:
* * *
Զօրավար Ազիզ Ահտապի նախաձեռնութեամբ, 11 մարտ 1976-ին, նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի դէմ կատարուած պետական հարուածի փորձէն ետք կռիւները վերսկսան եւ սաստկացան: Պանդոկներու շրջանը գրաւուեցաւ մուրապիթուններուն կողմէ: Բախումները տարածուեցան դէպի լեռնային շրջաններ: Մայիս 8-ին Իլիաս Սարգիս նախագահ ընտրուեցաւ:
Թէլ Զաաթարի պաղեստինեան գաղթակայանը, որ բերդանման դիրք ունէր եւ մեծ ու ապահով ապաստանարաններով օժտուած էր, յունիս 22-ին պաշարուեցաւ փաղանգաւոր, ազատական, մայրիներու պահակներու եւ թանզիմի ուժերով, որոնք բոլոր ուղղութիւններով յարձակման անցան:
Յաջորդող օրերուն Նապաայէն զինեալ տարրեր յարձակման անցան Պուրճ Համուտի ուղղութեամբ: Հայ տղաքը դիմադրական բացառիկ կորով ցուցաբերեցին եւ ձախողութեան մատնեցին գրոհները բոլոր ճակատներուն վրայ:
Յուլիս 23-ին բախումները սաստկացան: Նապաայի վրայ փաղանգաւորներու յարձակումին հետ, Նապաայի իսլամներէն շատեր հայկական թաղերը ապաստան գտան: Հայ տղաքը իրենց ամբողջական հոգածութեան տակ առին զանոնք:
Օգոստոս 5-ին Նապաա ինկաւ: Նապաացիք զանգուածաբար հայաբնակ թաղերու մէջ ապաստան գտան: Հայկական ակումբները, եկեղեցիները եւ վարժարանները գաղթակայաններու վերածուեցան:
Օգոստոս 12-ին Թէլ Զաաթարի գաղթակայանը ինկաւ եւ «արեւելեան» շրջանները «մաքրուեցան» պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերէն:
Սուրիական բանակային միաւորներ, եւ այնուհետեւ արաբական այլ երկիրներէ զինուորական միաւորներ, իբրեւ արաբական զսպիչ ուժեր Լիբանան մտան, եւ 1976-ի աշնան համեմատական խաղաղութիւն հաստատուեցաւ:
Լիբանանէն արտագաղթը լայն ծաւալ ստացած էր:
Մեծաթիւ հայեր հեռացան երկրէն:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ եւ ազգային շարժումի ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթ սպաննուեցաւ 16 մարտ 1977-ին:
* * *
Պաղեստինցի ֆետայիներու զինուորական գործողութեան իբրեւ հակադարձութիւն, իսրայէլեան բանակը 14 մարտ 1978-ին ներխուժեց Հարաւային Լիբանան եւ սահմանամերձ գօտին իր հակակշիռին տակ առաւ: Իսրայէլեան զէնքերով կազմաւորուեցաւ «Հարաւային Լիբանանի բանակ»-ը:
Մէկ կողմէ փաղանգաւոր եւ ազատական եւ միւս կողմէ սուրիական ուժերուն միջեւ կռիւները սկսան 1978-ի ամրան, եւ Էշրեֆիէ սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ: Միաժամանակ սկսան հակահայ գրգռութիւններ հայահոծ թաղերուն մէջ:
Բախումները աշնան սաստկացան եւ հոկտեմեր 1-ին Պուրճ Համուտ, Էշրեֆիէ եւ շրջակայքը կրակէ գօտիի վերածուեցան: Նահրի կամուրջը բախումներու առանցք դարձաւ: Սեւ ծուխի ամպհովանի մը ծածկեց Պէյրութի արեւելեան շրջանները եւ արուարձանները:
Պուրճ Համուտ, Էշրեֆիէ, Հայաշէն, Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն անխնայ կը ռմբակոծուէին: Ժողովուրդը ապաստանարաններու մէջ եւ շէնքերու գետնայարկերը թաքնուած էր: Ապաստանարան չունեցող շէնքերու բնակիչները այլ շէնքեր եւ թաղեր փոխադրուեցան:
Հայ պահակ տղաք, ստոյգ վտանգի տակ, դիրքերու վրայ կը հսկէին, կարելիութեան սահմանին մէջ ժողովուրդի կարիքներուն կը հասնէին եւ հաց ու անհրաժեշտ սննդեղէն կը հայթայթէին:
Պահակ տղոց հետ, Օգնութեան խաչի կիներ եւ աղջիկներ, ձեռք ձեռքի տուած, մարդկօրէն կիրարկեցին հնարաւոր բոլոր միջոցները՛ ի խնդիր ժողովուրդի ապահովութեան, մատակարարման եւ բժշկական խնամքին:
Արդէն պահակ տղոց ուտեստեղէն պատրաստելու ամբողջ պարտականութիւնը ինկած էր Օգնութեան խաչի կիներու եւ աղջիկներու ուսերուն:
Մինչեւ հոկտեմբեր 8 տեւած սաստիկ բախումներու եւ ռմբակոծումներու ընթացքին հայութիւնը վճարեց արեան իր գինը եւ կրեց աղիտալի բախումներուն հետեւանքները:
Ռմբակոծումներէն խոյս տալով` հազարաւոր հայեր Այնճար, Թրիփոլի եւ Պէյրութի արեւմտեան թաղեր տեղափոխուեցան եւ ասպնջականութիւն գտան:
Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի, Հայաշէնի եւ Էշրեֆիէի հայահոծ թաղերուն պարզած աւերակային պատկերները ողբերգական համայնապատկերներ կը պարզէին:
Զինադուլի հաստատումէն ետք Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներ այցելեցին Պուրճ Համուտի իրենց հօտին:
Հայահոծ թաղերէն դուրս բնակող հայերու դէմ բռնութիւններ կատարուեցան: Տասնեակ հայեր առեւանգուեցան եւ սպաննուեցան:
Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանը հոկտեմբեր 26-ին ռմբահարուեցաւ:
Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոս 30 հոկտեմբեր 1978-ին կոչ ուղղեց համայն հայութեան, օգնելու Լիբանանի հայ աղէտեալներուն:
Ռմբակոծումներու աւարտէն ետք ժողովուրդը լծուեցաւ վերաշինութեան աշխատանքներու: