Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը աշխատանք կը տանի վերականգնելու իր վերջ տուած արտաքին օժանդակութիւններու ծրագիրներէն վեցը»:
«Ծրագիրները կը ներառեն Լիբանանի, Սուրիոյ, Սոմալիի, Յորդանանի, Իրաքի եւ Էքուատորի մէջ սննդեղէնի համաշխարհային ծրագիրի աշխատանքները», նշած են աղբիւրները:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երկուշաբթի օր հաղորդած էր, որ Թրամփի վարչակազմը վերջ տուած է «12 պետութիւններու, ներառեալ Աֆղանիստանի, Եմէնի, Սոմալիի եւ Սուրիոյ մէջ կեանքեր փրկող օժանդակութիւններու ծրագիրներուն, որոնք ընդհանուր առմամբ աւելի քան 1,3 միլիառ տոլարի կը հասնին»:
Ամերիկեան վարչակազմը 20 յունուարին Տանըլտ Թրամփի նախագահական երկրորդ նստաշրջանի սկիզբէն ի վեր միլիառաւոր տոլարներու հասնող արտաքին օժանդակութիւններ ջնջեց: