Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ Պայմանները Ի Զօրու` Թէկուզ Տարբեր Ոճով Փոխանցուած

Ապրիլ 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի յատուկ պատուիրակի Պէյրութ այցելութեան նախօրէին շրջանառուած լրատուութիւնները կը խօսին ոճի սրացումի, պայմանաժամով փոխանցումներ կատարելու եւ նախապայմաններու օղակները նեղցնելու հաւանականութեան մասին:

Ամերիկացի դիւանագէտին այցելութեան վերաբերող լրատուութիւնները, պէտք է ըսել, որ համեմատաբար նախորդ յայտարարութիւններուն դրական լիցք կը ներառէին եւ լաւատեսութեամբ պարուրուած էին: Ուշագրաւը այն է, որ ուղղակի յայտարարութիւններու փոխարէն կան պաշտօնական լրահոսներ կայացած հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն մասին:

Նախագահական պալատի հաղորդումը շինիչ որակեց նախագահին հետ ամերիկացի պատուիրակին ունեցած հանդիպումը: Քննարկուած թղթածրարները եղած են  հարաւային Լիբանանի եւ Լիբանան-Սուրիա սահմաններուն վրայ տիրող կացութիւնը, փտածութեան դէմ պայքարի համար ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումները:

Վարչապետին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած նիւթերը որոշ տարբերութիւններ կ՛ընդգծեն: Քննարկուած են ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումներու թղթածրարները: Օրթէյկըս դրական գնահատական տուած է կառավարութեան բարեկարգչական ծրագիրին, մասնաւորաբար դրամատնային գաղտնիութիւնը չեղեալ նկատելուն, դրամատնային մարզի բարեկարգման օրինագիծին, պետական վարչակազմին մէջ նշանակումներու նոր մեքանիզմի մեկնարկին, կառավարութեան վարչական ու հաստատութենական բարեկարգման ծրագիրներուն եւ փտածութեան դէմ պայքարին: Յատուկ գոհունակութիւն յայտնուած է նաեւ այն քայլերուն նկատմամբ, որոնք կառավարութիւնը սկսած է որդեգրել Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ: Այս բոլորէն ետք Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծուած է:

Կ՛ընկալուի այնպէս, որ եթէ դրական նկատուած այդ քայլերը շարունակուին, ակնկալուած արդիւնքները գրանցուին, ապա սեղանի վրայ կու գայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւնը: Այլ խօսքով` Լիբանանի դրամատնային համակարգը կ՛ապաշրջափակուի միայն այն ատեն, երբ ակնկալուած գործընթացները սկսին արդիւնք տալ:

Նախագահին հետ կայացած հանդիպումը անվտանգային խնդիրներ քննարկած է, մինչ վարչապետինը` բարեկարգչական կամ վարչակառավարման:

Ըստ էութեան երկու ուղղութեամբ ալ պայմաններ կան, որոնց գործադրութիւնը կ՛ակնկալուի լիբանանեան կողմէն:

Ինչ կը վերաբերի օրէնսդիր իշխանութեան ղեկավարին հետ կայացած քննարկումին, ապա շրջանառուած լուրը այն էր, որ շեշտուած է  Իսրայէլի հեռացման ու գերիներու ազատ արձակման մեքանիզմի մը հաստատումը: Առաջարկուած է  օգտուիլ ծովային սահմանագծում կատարած թեքնիք յանձնախումբի փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ առկախ խնդիրներու համար կեանքի կոչել մագոգային դիւանագիտութիւնը:

Այստեղ արդէն պարզ կը դառնայ, որ մագոգային դիւանագիտութիւնը պիտի շարունակուի: Նախատեսուած այս ընթացքը կը յիշեցնէ ծովային սահմանազատումը նախորդած ժամանակաշրջանը: Համաձայնագիրի նախագիծի կէտերու առաջարկներ, հակառաջարկներ, յաւելումներ եւ վերաշարադրանքներ:

Այս կէտն է, որ հեռահար կտրուածքով կ՛առաջադրուի: Որ ըստ էութեան Լիբանան-Իսրայէլ սահմանազատումն է, որուն վերաբերող կէտ կար նաեւ հրադադարի համաձայնութեան մէջ:

Մինչ այդ սակայն Լիբանանէն ակնկալուածը փոխանցուած է նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին, ամերիկացի պատուիրակին կողմէ: Այս գործընթացն է, որ կը սկսի յանգելու համար սահմանազատումին: Տեժա Վիւ մը. նախորդին ծովային սահմանազատման, այժմ ցամաքային սահմանազատման բեմագրութիւններով:

«Ա.»

 

Նախորդը

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Պէտք Է Ապազինել»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (8 Ապրիլ 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկրորդ Փուլը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկրորդ Փուլը

Մայիս 15, 2025
Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?