Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն 2025-ի Իր Առաջին Յաղթանակը Տարաւ Սուզուքայի Մէջ

April 7, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան Ճափոնի մէջ տեղի ունեցաւ 2025-ի 3-րդ կրան փրին Սուզուքայի շրջավազքին վրայ, ուր աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն արձանագրեց իր յաջորդական յաղթանակը Ճափոնի մէջ:

Այս տարեշրջանի իր առաջին կրան փրին շահած Վերշթափըն նախկին երկու կրան փրիներուն երկրորդ (Աւստրալիա) եւ չորրորդ (Չինաստան) դիրքերը գրաւած էր:

Անակնկալ փոլ փոզիշըն ձեռք ձգելէ ետք, Վերշթափըն առաջին դիրքի վրայ մնաց մինչեւ անիւ փոխելու ժամանակը, ուր կը սպասուէր, որ «Մաքլարեն»-ի վարորդ Լանտօ Նորիս աւելի առաջ մտնէ, որպէսզի յոյս ունենայ աւելի առաջ ելլելու, սակայն Վերշթափըն եւ Նորիս նոյն շրջանին մտան փիթ-սթոփ, ուր «Ռետ Պուլ»-ի ուշացումէն ետք մրցակիցները գրեթէ նոյն պահուն դուրս կու գային փիթ-սթոփէն, երբ Նորիս խոտերուն վրայ ելաւ չզարնուելու համար Վերշթափընի հետ: Ըստ Նորիսի, Վերշթափըն զինք դուրս փորձած էր հանել, սակայն իրականութեան մէջ ճամբան ինքնաբերաբար կը նեղնար փիթ-սթոփի ելքի գիծին մօտ, եւ Վերշթափըն չնչին առաւելութիւն ունենալով եւ ճամբան ալ իրը ըլլալով, իրաւարարները ոչ մէկ սխալ նկատեցին դէպքին գծով:

Կրան փրին շարունակուեցաւ, եւ ամէն ինչ գրեթէ անփոփոխ մնաց: Բաւական «ձանձրացուցիչ» կրան փրիէ մը ետք, դիրքերը մնացին անփոփոխ: Միայն վերջին 10 շրջաններուն, Նորիսի խմբակից Օսքար Փիասթրի աւելի արագ ըլլալով մօտեցաւ Նորիսին եւ «Մաքլարեն»-ին առաջարկեց իրեն առաջնահերթութիւն տալ, որպէսզի փորձէ ճնշել Վերշթափընի վրայ, սակայն իր որոշ մօտեցումը բաւարար համոզիչ չէր, եւ դիրքերը մնացին նոյնը:

Վերշթափըն այս ձեւով շահեցաւ իր ասպարէզի 64-րդ կրան փրին, առաջին անգամ ըլլալով ճերմակ-կարմիր գոյներով` ի պատիւ «Հոնտա»-ի հետ վերջին ելոյթին Ճափոնի մէջ: Ճափոնական ընկերութիւնը յառաջիկայ տարի կ՛աւարտէ «Ռետ Պուլ»-ի հետ իր համագործակցութիւնը եւ կը միանայ «Ասթոն Մարթին»-ին:

Ստորեւ` Ճափոնի կրան փրիին արդիւնքները.

ԿԷՏ 
1.- Մաքս Վերշթափըն 25
2.- Լանտօ Նորիս 18
3.- Օսքար Փիասթրի 15
4.- Շարլ Լըքլեր 12
5.- Ճորճ Ռասըլ 10
6.- Քիմի Անթոնելլի 8
7.- Լուիս Համիլթըն 6
8.- Իսաք Հաճար 4
9.- Ալեքս Ալպոն 2
10.- Օլիվըր Պերմըն 1
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ  

 

1.- Նորիս («Մաքլարեն») 62
2.- Վերշթափըն («Ռետ Ռուլ») 61
3.- Փիասթրի («Մաքլարեն») 49
4.- Ռասըլ («Մերսետես») 45
5.- Անթոնելլի («Մերսետես») 30
6.- Լըքլեր («Ֆեռարի») 20
7.- Ալպոն («Ուիլիամս») 18
8.- Համիլթըն («Ֆեռարի») 15
9.- Օքոն («Հաաս») 10
10.- Սթրոլ («Ասթոն Մարթին») 10
ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- «Մաքլարեն» 111
2.- «Մերսետես» 75
3.- «Ռետ Պուլ» 61
4.- «Ֆեռարի» 35
5.- «Ուիլիամս» 19
6.- «Հաաս» 15
7.- «Ասթոն Մարթին» 10
8.- «Ռէյսինկ Պուլզ» 7
9.- «Քիք Սաուպըր» 6
10.- «Ալփին» 0

 

Նախորդը

Պարզւում Է` Գրքերս Ու Մտաւոր Առողջութիւնը Փոխկապակցուած Են

Յաջորդը

Թենիս. Հողով Ծածկուած Դաշտերու Ժամանակը Հասած Է Տղոց Անկայուն Տարուան

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.