Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Հողով Ծածկուած Դաշտերու Ժամանակը Հասած Է Տղոց Անկայուն Տարուան

April 7, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թենիսի տարուան ամէնէն անկիւնադարձային ժամանակը հասաւ, եւ արագ դաշտերէն թենիսի մրցումները կը փոխադրուին աւելի դանդաղ մակերեսով հողով ծածկուած դաշտերու:

Վերջին կարեւոր մրցաշարքը Մայեմիի մէջ էր, եւ այժմ կարեւոր մրցաշարք մը պիտի սկսի Մոնթէ Քարլոյի մէջ:

2024-ը անկասկած Եաննիք Սինըրի տարին էր: Կարմիր մազերով իտալացի թենիսմենը դարձաւ թիւ 1 թենիսմեն, շահեցաւ 2 կրան շլեմի մրցաշարքեր, 3 «Մասթըրզ 1000» մրցաշարքի տիտղոսներ, տղոց «Մասթըրզ»-ը եւ «Տէյվիս» բաժակը` տարին փակելով 73-6 (յաղթանակ-պարտութիւն) ցուցանիշով:

Քարլոս Ալքարաս իր կարգին 2 կրան շլեմի տիտղոսներ շահեցաւ, բայց Սինըր աւելի կայուն էր: 2025-ին ալ ան նպատակ չունէր հանգստանալու եւ շահեցաւ տարուան առաջին կրան շլեմն ալ` Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը եւ 3 հազար կէտի տարբերութեամբ հեռացաւ առաջին դիրքին վրայ:

Զայն միակ կասեցնող բանը դաշտէ դուրս էր, եւ փետրուարին ան կախակայուեցաւ ամիսներ առաջ խթանիչ դեղերու գործածութեան գծով:

Ասիկա առիթ պէտք է ըլլար իր ամէնէն մօտ մրցակիցներուն մօտենալու, սակայն… կայուն ոչ մէկ թենիսմեն կար:

Առիթ ունէր թիւ 2 Ալեքսանտր Զվերեւ, որ իր մասնակցած 5 մրցաշարքերուն առաւելագոյնը քառորդ աւարտական հասաւ եւ պահեց իր տիտղոսը` լաւագոյն թենիսմենը, որ կրան շլեմ չէ շահած պատմութեան մէջ:

Ալքարաս Ռոթերտամի մէջ շահեցաւ մրցաշարքի տիտղոսը, բայց Ինտիըն Ուելսի եւ Մայեմիի մէջ անակնկալ պարտութիւններ կրեց: Մինչ վեթերան Նովաք Ճոքովիչ Տոհայի եւ Ինտիըն Ուելսի մէջ, ինչպէս նաեւ Մայեմիի աւարտականին (անցեալ շաբաթ) Եաքուպ Մենշիքէն պարտութիւններ կրեց եւ չկրցաւ մօտենալ:

Տանիլ Մետվետեւ, որ վերջին տարիներուն ամէնէն կայուն եւ վստահելի թենիսմենն էր, իր կայունութիւնը կորսնցուց եւ առաջին անգամ ըլլալով վերջին 6 տարիներուն դուրս մնաց լաւագոյն 10-ի դասաւորումէն:

Թեյլըր Ֆրից կը շարունակէ տպաւորել եւ այժմ միակ լուրջ մրցակիցը կը թուի ըլլալ Սինըրին մօտենալու:

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն 2025-ի Իր Առաջին Յաղթանակը Տարաւ Սուզուքայի Մէջ

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ֆրանսայի Ախոյեան

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.