Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Անթեթոքումփօ Պատմական Մրցանիշ Մը Իրագործեց

April 5, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիկերիացի-յոյն պասքեթպոլիստ Եաննիս Անթեթոքումփօ պատմական մրցանիշ մը իրագործեց երէկ, երբ 35 կէտ, 20 էսիսթ եւ 17 ռիպաունտ արձանագրեց իր խումբը` Միլուոքի Պաքսը առաջնորդելով յաղթանակի` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դէմ, 126-113 արդիւնքով:

30 տարեկան Եաննիս Անթեթոքումփօ 2 սթիլ ալ կատարեց 38 վայրկեանի ընթացքին, մինչ Պրուք Լոփես աւելցուց 17 կէտ, իսկ Քայլ Քուզմա` 16 կէտ:

Ֆիլատելֆիոյ լաւագոյն մարզիկն էր Քուինթըն Կրայմզ, որ 24 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց:

Պաքսի 42-րդ յաղթանակն էր 76 մրցումներու ընթացքին, մինչ Ֆիլատելֆիա 54-րդ պարտութիւնը կրեց 77 մրցումներու ընթացքին:

Փաուլօ Պանչերօ 33 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օրլանտօ Մեճիքի, որ 97-109 արդիւնքով յաղթեց մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ` տեղւոյն Ուիզըրտծին:

Մայեմի Հիթ 1 կէտով յաղթանակի կ՛ուղղուէր, երբ Մեմֆիս Կրիզլիզի աստղ Ճա Մըրենթ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց պազըր պեթըրին 30-րդ կէտը նշանակելով եւ իր խումբը` Մեմֆիսը առաջնորդելով յաղթանակի մը` 110-108 արդիւնքով:

Թայլըր Հերրօ 35 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Մայեմիի հաշուոյն: Մեմֆիս 45-րդ յաղթանակը արձանագրեց 77 մրցումներու ընթացքին, մինչ Մայեմի իր 42-րդ պարտութիւնը կրեց 77 մրցումներու ընթացքին:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իր «Քրիփթօ տաթ քոմ» դաշտին վրայ 19 հազար համակիրներու ներկայութեան պարտուեցաւ Սթեֆ Քըրիի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն` 123-116 արդիւնքով:

Այս մրցումը, որ կրնայ կրկնուիլ փլէյ օֆի առաջին հանգրուանին, եղաւ Կոլտըն Սթէյթի յաջորդական 4-րդ յաղթանակը, ուր Սթեֆըն Քըրրի 37 կէտ նշանակեց, մինչ Պրենտըն Փոծիմսքի 28 կէտ աւելցուց Կոլտըն Սթէյթի հաշուոյն:

Փոծիմսքի 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (անձնական մրցանիշ), մինչ Քըրրի միայն 4 կողով կրցաւ նշանակել 3 կէտնոց սահմանէն:

Լըպրոն Ճէյմս 33 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ Օսթըն Ռիվզ 31 կէտ աւելցուց (9 յաջող 3 կէտնոց կողովներ): Լուքա Տոնչիչ 19 կէտ կրցաւ նշանակել` ձախողելով 3 կէտնոց որեւէ կողով նշանակել, որովհետեւ անոր 6 փորձերն ալ ձախող էին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Միլուոքի Պաքս 113-126
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք 97-109
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 103-112
Մայեմի Հիթ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 108-110
Պրուքլին Նեթց – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 90-105
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 116-123

Նախորդը

Ինչո՞ւ Կը Մեծարենք Սուրբերու Մասունքները

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Մանչեսթըր Տերպին»` Վաղը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.