Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ՛ունենամ, կ՛ուզեմ նաեւ այցելել հոն գործող հայկական դպրոցները: Կը տեսնեմ, թէ որքա՛ն անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ` սփիւռքեան իրականութիւններուն համար:
Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Եսայեան վարժարանին, ուր առիթ ունեցայ այցելել երեքշաբթի, 24 մարտ 2025-ին, ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Յարութիւն վրդ. Տամատեանի: 1895 թուականին հիմնուած այս վարժարանը այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` շնորհիւ անոր ետին ամուր կերպով կանգնած խնամակալ մարմիններուն, բայց նաեւ` տնօրէնուհիին եւ խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներու:
Դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները` շա՜տ… Բայց հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ` սփիւռքեան ո՛ր գաղութի մէջ չկան ազգային մեր կեանքերուն վերաբերող այդ բոլոր դժուարութիւնները… Բայց հայուն կամքը կը յաղթէ այդ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ կը գտնէ ելքը` շարունակելու համար այս նուիրական ծառայութիւնը: Եսայեան վարժարանը մէկ լաւագոյն ապրող օրինակներէն է, ուր հայուն առաքելութիւնը, իմա` նուիրական ծառայութիւնը, կենդանի է: Հայկական Պոլսոյ մէկ ապրող վկայութիւնն է այս վարժարանը` իր աշխուժ տեսլականով:
Տնօրէնուհիին ու ուսոցչական կազմի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումներուս զուգահեռ, շրջագայեցայ դպրոցի տարբեր բաժինները եւ դասարանները: Չեմ գիտեր, թէ պատահականութի՞ւն էր, թէ՞ այլ բան, բայց ներկայ եղայ դասարաններուն մէկուն կրօնի եւ բարոյագիտութեան դասապահին: Շատ քաջալերական էր լսել եւ տեսնել հայ աշակերտներուն տածած լրջութիւնը նիւթին եւ արժեւորումը անոր: Խօսեցանք միասին Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին` ներառելով հայերէն Աստուածաշունչը` իբրեւ հիմք քրիստոնէական մեր հաւատքին, մեր պատմութեան եւ մշակութային արժէքներու գիտակցութեան: Ճիշդ է, որ հայակերտումը շատ կարեւոր է, բայց նոյնքան նաեւ մարդակերտումը` իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ:
Եսայեան վարժարանի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ եւ ուսուցչակազմի անդամներ` Արփէն Չինար, Մարալ Էպէօղլու Սաթար, Նատին Պէրպէրեան եւ Անի Քալայլի, կը շարունակեն մեծ հաւատքով եւ նուիրումով հայակերտումի եւ մարդակերտումի այս նուիրական առաքելութիւնը Պոլսոյ մէջ: Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք անոնց ծառայութիւններուն համար` ըսելով. «Ձեր վարձքը կատար»:
Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի, երբ հայ նոր սերունդը կը կերտենք իբրեւ մարդ ու հայ: Իսկ հայ դպրոցը հայակերտումի եւ մարդակերտումի ամուր հիմքն է, ուր հայուն կեանքը պիտի կարենանք դնել պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ:
Մարտ 2025