ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի վաթսուն քոնկրեսականներ կոչ ուղղած են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին կիրարկելու «Ազատութեան» աջակցութեան օրէնքի 907-րդ յօդուածը՝ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին, նշելով Պաքուի կողմէ Արցախի 120․000 բնիկ հայ քրիստոնեայ բնակչութեան ցեղային զտումները, ինքնիշխան հայկական տարածքներու շարունակական բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու անօրինական կալանաւորումն ու բռնութիւնները։
Քոնկրեսականներ Մայք Լոլեր, Ֆրանք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս եւ Կէյպ Ամօ գլխավորած են երկկուսակցական նամակը՝ ուղղուած արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյին։
«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ այս երկկուսակցական կոչը ուղղուած արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյին՝ կիրարկելու 907-րդ յօդուածը եւ դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան՝ Աւելցնելով․ «Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնիկ հայ քրիստոնեաներու ցեղասպանական ցեղային զտումներէն, ինքնիշխան հայկական տարածքներու շարունակական բռնագրաւումէն եւ հայ պատանդներու անօրինական կալանաւորումէն ետք՝ չենք կրնար պահանջել, որ Միացեալ Նահանգներու հարկատուները օժանդակեն այս նաւթով հարուստ եւ փտած օտարերկրեայ բռնապետութեան։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսականներ Լոլերին, Փալոնին, Պիլիրաքիսին եւ Ամոյին, ինչպէս նաեւ անոնց միացած 60 քոնկրեսականներուն՝ իրենց բարոյական յստակ դիրքորոշումին եւ խաղաղասիրական ուժեղ առաջնորդութեան համար»։
Վկայակոչելով Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի 120․000 բնիկ հայ բնակչութեան ցեղային զտումը՝ օրէնսդիրները ընդգծած են. «Իր գործողութիւններուն համար չկանգնելով որեւէ պատասխանատուութեան առջեւ՝ Ազրպէյճան կը շարունակէ խաթարել արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ապահովման ջանքերը շրջանին մէջ՝ Հայաստանի դէմ շարունակական յարձակողապաշտութեամբ»։
Նամակը ստորագրողները կոչ կ՛ուղղեն արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյին չկիրարկելու այն շրջանցման իրաւասութիւնը, որուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու յաջորդական վարչակազմերը շրջանցած են 907-րդ յօդուածը, եւ փոխարէնը պարտադրել օրէնքի լիարժէք կիրարկումը՝ Ազրպէյճանը իր յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով։ 2001 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու բոլոր նախագահները օգտուած են շրջանցման դրոյթէն, մինչեւ 2024 թուականը, երբ նախագահ Պայտըն առաջին անգամ կիրարկեց 907-րդ յօդուածը։
Օրէնսդիրները նշած են. «Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակողապաշտութեան, հայ ռազմագերիներու նկատմամբ իրականացուող բռնութիւններու, հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու՝ իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքի ժխտման խորապատկերին՝ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը ոչ միայն պիտի բնականոնացնէ անոր գործողութիւնները, այլեւ պիտի խրախուսէ Միացեալ Նահանգներու մրցակիցները, որոնք կը ձգտին օգտուիլ Ուաշինկթընի անգործութենէն»։
Այս նամակը կը շարունակէ Քոնկրեսի մէջ ձեւաւորուած նախաձեռնութիւնը՝ կապուած 2023 թուականին Ծերակոյտին մէջ միաձայն ընդունուած «Հայերու պաշտպանութեան օրէնք»-ին հետ, որուն համահեղինակներն էին այն ժամանակուան ծերակուտական, այժմ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն եւ ծերակուտական Կերի Փիթըրզը։ Օրէնքի ընդունումը ընդգծած է Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան ռազմական կապերու վերաբերեալ աճող երկկուսակցական մտահոգութիւնը։
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է համազգային արշաւ՝ աջակցելու այս գործընթացին, որու շրջանակներուն մէջ “ANCA Rapid Responder” համակարգին միջոցով Քոնկրեսին ուղղուած է աւելի քան 50.000 անհատական նամակ։ Վերջին շաբաթներուն “ANCA Rising Leaders” ծրագիրի երիտասարդ գործիչները միացած են Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի եւ շրջանային խումբերուն՝ այցելելով աւելի քան 400 քոնկրեսական գրասենեակ՝ այս նախաձեռնութեան աջակցութիւն ապահովելու համար։