Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռանոս Կը Յստակացնէ…

Մարտ 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 տարեկան յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս կիրակի գիշեր խօսեցաւ ազգային խումբէն հեռանալու մասին:

«Բոլոր անոնք, որոնք ինծի լաւ կը ճանչնան, շատ լաւ գիտեն, որ իմ ազգային խումբիս համար խաղալը մեծագոյն պատիւն է:

Վստահ ըլլալով, որ ազգային խումբի մարզիչին հետ իմ զրոյցս գաղտնի պիտի մնայ, ես իմ կարծիքս կ՛ուզեմ բացայայտել: Ես իրեն յայտնեցի, թէ դարձի մրցումին համար պատրաստ եմ, ինքզինքս լաւ կը զգամ, ապաքինած եմ եւ լիովին պատրաստ խաղալու ու օգնելու խումբին: Շատ զարմացայ, երբ ան յայտնեց ինծի, որ ան դարձի մրցումին համար բնաւ յոյս չէ կապած ինծի: Այս խօսքը ինծի շատ վշտացուց: Ինծի համար դաշտ ներկայանալ եւ օգնելը շատ կարեւոր էր, եւ որովհետեւ նկատի չէր առած զիս, համաձայնեցայ հետը, որ վերադառնամ Քայզըրսլաութըրն, պատրաստուելու յաջորդ մրցումին: Այս միասին որոշեցինք: Կը ցանկամ ընդգծել, որ ինծի համար աւելի լաւ բան չկայ, քան իմ երկրիս` Հայաստանի համար խաղալը, եւ այդ միշտ այդպէս պիտի մնայ», ըսաւ Ռանոս:

Նշնեք, թէ Վրաստան-Հայաստան մրցումէն առաջ, ազգային խումբի մարզիչ Ճոն Վան՛թ Սխիփ յայտնած էր, թէ իբրեւ թէ Ռանոս իրեն հարց ուղղած է, թէ հիմնական կազմէ՞ն է, այլապէս ան այլեւս չի ցանկար մաս կազմել խումբին:

«Իմ ասպարէզիս մէջ գրեթէ նման բան չեմ տեսած, որ որեւէ խաղցող ինծի մօտենայ եւ այդպիսի առաջարկ ընէ, որ եթէ հիմնական կազմին մէջ չէ, ապա ան կը լքէ խումբը:

Ես որոշեցի, որ ան այլեւս ազգային խումբին մաս չկազմէ, որովհետեւ չի կրնար ըլլալ այնպիսի ֆութպոլիստ, որ ինքզինք խումբի շահերէն վեր կը դասէ», յայտարարած էր Ճոն Վան՛թ Սխիփ:

Թէ ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ կամ ով  է իրականութիւնը խօսողը, չենք կրնար գիտնալ:

Նախորդը

Թիակօ Մոթթա Պիտի Փոխարինուի…

Յաջորդը

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դաւթեան Ոսկի Մետալակիր` Թուրքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ-Հուփս

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՄԸՄ Պուրճ  Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի
Մարզական

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լրջօրէն Կը Պատրաստուի

Հոկտեմբեր 20, 2025
Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին
Մարզական

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց Նիւքեսըլի Դէմ «Տերպի»-ին

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?