Եուվենթուսի ձախող արդիւնքներէն ետք, մարզիչ Թիակօ Մոթթա ըստ երեւոյթին պիտի փոխարինուի, եւ արդէն իսկ Իկոր Թիւտոր զինք փոխարինող թիւ 1 թեկնածուն է, մինչեւ տարեշրջանի աւարտը:
Ըստ «Կացեթա Տելլօ Սփորթ»-ի, Թիւտոր համաձայն է «Պիանքոների»-ները մարզելու, հակառակ անոր որ Եուվէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարած տակաւին:
Եուվենթուս 7 կոլ ստացաւ եւ ոչ մէկ կոլ կրցաւ նշանակել իր վերջին 2 մրցումներուն` «Սերի Ա.»-ի գծով, Աթալանթայի (0-3) եւ Ֆիորենթինայի (0-4) դէմ: Խումբը 5-րդ դիրքը կը գրաւէ:
36 անգամ Իտալիոյ ախոյեան (մրցանիշ) Եուվենթուսի դիրքը վտանգուած է` յաջորդ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի մասնակցելու առումով:
Անցեալ տարի Մոթթա Պոլոնիան հասցուցած էր «Չեմփիընզ լիկ» եւ այս տարի
մեծ թիւով մարզիկներ ձեռք ձգած էր լաւ խումբ մը ունենալու նպատակով, բայց ըստ բազմաթիւ մարզիկներու, անոնք վստահութիւն չունին մարզիչին նկատմամբ, մանաւանդ «Չեմփիընզ լիկ»-էն եւ Իտալիոյ բաժակի մրցաշարքերէն դուրս մնալէ ետք:
Եուվենթուս Իտալիոյ գերբաժակի կիսաւարտականէն ալ դուրս մնացած էր յունուարին: Թիւտոր մօտ 10 տարի (1998-էն 2007) խաղցած է Եուվենթոսի հետ եւ նախապէս մարզած է Ուտինեզէն, Վերոնան եւ Լացիօ Ռոման: